Աստուծոյ մարգարէական Խօսքը ապագայի յոյս կու տայ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքին՝ Սուրբ Աստուածաշունչին շնորհիւ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ապագան կը դիտեն հաւատքով, յոյսով եւ լաւատեսութեամբ։ Եհովա Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան մէջ ապահով զգալով, անոնք ակնկառոյց կը նային վաղուան։ Ինչպէս՝ «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Նահանգային Համաժողովներու բացման դասախօսութիւնը բացատրեց, երկար տարիներէ ի վեր Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի մարգարէութեան եռանդուն աշակերտները եղած են։ Ուստի, Եհովա այս համաժողովներուն ի՞նչ վերապահած էր իր ժողովուրդին համար։ Բոլոր ունկնդիրները Աստուածաշունչը իրենց ձեռքին մէջ ունենալով, անհամբեր էին գիտնալու։ Իւրաքանչիւր օրուան բնաբանը որպէս ենթախորագիր, անջատաբար դրուած էր։
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ. Աստուծոյ Խօսքին Լոյսովը Քալենք
«Աստուծոյ Խօսքը Մեզ Առաջնորդած Է» բնաբանով դասախօսութիւնը բացատրեց որ Եհովայի ծառաները կը նմանին մարդու մը, որ գիշերուան մթութեան մէջ ճամբորդութեան մը կը ձեռնարկէ։ Մինչ արեւը կը ծագի, ան շուքեր կը տեսնէ, բայց երբ արեւը ուղղակի գլխուն վերեւ կը շողայ, ան ամենայն մանրամասնութեամբ կը տեսնէ։ Ինչպէս նախագուշակուած է Առակաց 4։18–ի մէջ, Եհովայի ծառաները կրցած են իրենց ճամբան յստակօրէն տեսնել Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ճշմարտութեան շողշողուն լոյսին տակ։ Անոնք հոգեւոր խաւարի մէջ խարխափելու չեն վիճակուած։
Գլխաւոր դասախօսութիւնը՝ «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքին Ուշադրութիւն Ընծայենք», ունկնդիրներուն վերյիշեցուց որ անոնք որոնք Եհովայի կը նային, կը խնայուին յուսահատութենէ եւ յուսախաբութենէ, որոնց կ’ենթարկուին սուտ մեսիաներու եւ սուտ մարգարէներու հետեւորդները։ Անոնց ճիշդ հակառակը, ճշմարիտ Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարմագրերը ա՛նհաշիւ են։ Յիսուսի հրաշալի այլակերպումը, զոր օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութեան որպէս Թագաւոր իր գահակալութեան մէկ նախաշողն էր։ 1914–ին թագաւորական զօրութիւնը առած ըլլալով, Յիսուս նաեւ Բ. Պետրոս 1։19–ի մէջ (Անթիլիաս) յիշուած «Առաւօտեան Աստղ»ն է։ «Որպէս Մեսիական Առաւօտեան Աստղ, ան ամբողջ հնազանդ մարդկութեան վրայ ծագելիք նոր օր մը, նոր դարաշրջան մը կ’աւետէ», ըսաւ դասախօսը։
Յետմիջօրէի յայտագիրը ներկայացնելով, «Լուսաւորներու Պէս Փայլինք» դասախօսութիւնը՝ Եփեսացիս 5։8–ն ընդլայնեց, ուր Պօղոս առաքեալ մեզ կը խրատէ որ «լոյսի որդիներու պէս քալենք»։ Քրիստոնեաները լուսաւորներ են, ո՛չ միայն Աստուծոյ Խօսքը ուրիշներուն հետ բաժնելով, այլ նաեւ Յիսուսի նման, Աստուածաշունչը կիրարկելով իրենց կեանքին մէջ։
Այսպիսի լուսաւոր մը ըլլալու համար, պէտք է «Աստուծոյ Խօսքը Կարդալէն Հաճոյք Առնենք»։ Այս խորագիրը երեք մասէ բաղկացած յօդուածաշարքով մը ներկայացուեցաւ։ Աբրահամ Լինքըլնը մէջբերելէ ետք, որ Աստուածաշունչը կոչեց «մարդուն տրուած Աստուծոյ լաւագոյն պարգեւը», առաջին դասախօսը հանդիսականներուն հարցուց թէ իրենց ընթերցելու վարժութիւնը ի՛նչ ցոյց կու տայ Եհովայի Խօսքին հանդէպ իրենց ունեցած գնահատութեան խորքին մասին։ Ունկնդիրներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ ուշադրութեամբ կարդան Աստուածաշունչը, սուրբ գրային դրուագները մտապատկերացնելու համար ժամանակ յատկացնեն եւ նոր կէտերը իրենց նախապէս սորվածներուն հետ առնչեն։
Յօդուածաշարքին յաջորդ մասը շեշտեց որ եթէ «հաստատուն կերակուրը» պիտի մարսենք, հարկ է որ ուսումնասիրենք ու ոչ թէ հարեւանցի կարդանք։ (Եբրայեցիս 5։13, 14) Դասախօսը ըսաւ որ ուսումնասիրելը յատկապէս կերտիչ կ’ըլլայ, եթէ Իսրայելացի Եզրաս քահանային նման նախապէս ‘մեր սիրտը պատրաստենք’։ (Եզրասայ 7։10) Բայց ուսումնասիրելը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։ Քանի որ անիկա ուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունի Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վրայ։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը պէտք է թանկարժէք, հաճելի եւ թարմացուցիչ ըլլայ, հակառակ անոր որ մտային կրթութիւն ու ջանք կը պահանջէ։ Իմաստալից ուսումնասիրութեան համար ի՞նչպէս ժամանակ կը գտնենք։ Աւելի նուազ կարեւոր գործունէութիւններէն ‘ժամանակը ծախու առնելով’՝ ըսաւ յօդուածաշարքի վերջին դասախօսը։ (Եփեսացիս 5։16) Այո, ժամանակ գտնելու բանալին, մեր ունեցած ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածելն է։
«Աստուած Յոգնածին Ոյժ կու Տայ» դասախօսութիւնը, անդրադարձաւ որ շատեր յոգնած են այս օրերուն։ Ուստի, քրիստոնէական ծառայութեան համար «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» ունենալու համար, պէտք է Եհովայի ապաւինինք, որ ‘յոգնածին ոյժ կու տայ’։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ. Եսայեայ 40։29) Զօրացնելու սատարող բաներուն մաս կը կազմեն Աստուծոյ Խօսքը, աղօթքը, քրիստոնէական ժողովքը, ծառայութեան կանոնաւոր մասնակցութիւնը, Քրիստոնեայ տեսուչները եւ ուրիշներու հաւատարիմ օրինակը։ «Ժամանակին Նայելով՝ Սորվեցնողներ Եղէք» բնաբանը ընդգծեց որ Քրիստոնեաները պէտք է ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ քարոզիչներ ըլլան ու ծանր աշխատին, «ուսուցանելու արուեստը» մշակելով։—Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ
Առաջին օրուան վերջին դասախօսութիւնը՝ «Աստուծոյ Կամքին Դէմ Կռուողները Պիտի Չյաղթեն», յիշեց վերջերս կարգ մը երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաները վտանգաւոր աղանդ պիտակելու մոլորեցնող ջանքերը։ Բայց մենք չենք վախնար, քանի որ Եսայեայ 54։17–ն կ’ըսէ. «‘Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է’, կ’ըսէ Տէրը»։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ. Մարգարէական Գրքերով Յայտնուած Բաներ
Այդ օրուան սուրբ գրային համարին մասին խօսելէ ետք, հանդիսականները համաժողովին երկրորդ յօդուածաշարքը վայելեցին, որու խորագիրն էր՝ «Եհովան Փառաբանենք Որպէս Լոյս Կրողներ»։ Առաջին դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ որ Քրիստոնեայի մը նպատակն է Եհովան փառաբանել՝ ամէնուրեք քարոզելով։ Յաջորդ բաժինը յիշեց ընդառաջողները Աստուծոյ կազմակերպութեան առաջնորդելու կարիքը։ Ի՞նչ ընելով։ Իւրաքանչիւր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութենէն առաջ կամ վերջ հինգ կամ տասը վայրկեան առնելով, ցոյց տալու համար թէ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը ի՛նչպէս կը գործէ։ Այս յօդուածաշարքին երրորդ դասախօսութիւնը շեշտեց բարի գործերով Աստուած փառաբանելու կարեւորութիւնը։
«Եհովայի Վերյիշեցումները Չափազանցօրէն Սիրենք» բնաբանով դասախօսութիւնը 119–րդ Սաղմոսէն ընտրուած համարներ շօշափեց։ Վստահաբար, վերյիշեցումներու կարիքը ունինք, քանի որ բոլորս ալ մոռնալու հակամէտ ենք։ Ուստի, որքա՛ն կարեւոր է որ սաղմոսերգուին նման սէր ունենանք Եհովայի վերյիշեցումներուն հանդէպ։
Ապա կարգը եկաւ կարեւոր բաժնի մը՝ մկրտութեան դասախօսութեան, որու խորագիրն էր, «Մարգարէական Խօսքին Ուշադրութիւն Ընծայելը Մկրտութեան կ’Առաջնորդէ»։ Մկրտութեան թեկնածուներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ որ իրենք Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն ոչ միայն մկրտուելով, այլ նաեւ՝ իր քայլերուն մօտէն հետեւելով։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այս նոր մկրտուողներուն համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է Յովհաննու 10։16–ի կատարման մասնակցիլ, ուր Յիսուս նախագուշակեց որ «ուրիշ ոչխարներ»ը պիտի հաւաքէր, որպէսզի հոգիով–օծուած իր աշակերտներուն կողքին ծառայեն։
Յետմիջօրէի յայտագրին առաջին դասախօսութիւնը, որու բնաբանն էր՝ «Լսէ թէ Հոգին Ի՛նչ կ’Ըսէ», բացատրեց որ Եհովայի հոգին մեզի կը խօսի Աստուածաշունչին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ Սուրբ Գրքով մարզուած մեր խղճմտանքին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45) Հետեւաբար, Քրիստոնեաները երկնքէն բառացի ձայն մը լսելու պէտք չունին, գիտնալու համար թէ ինչպէս կրնան Աստուած հաճեցնել։ Անոր յաջորդող զրոյցը՝ «Աստուածպաշտութեան Համաձայն Եղող Ուսուցումին Կառչած Մնանք», Քրիստոնեաները յորդորեց որ այս աշխարհի կողմէ տարածուած բարոյալքող գաղափարներ չհետազօտեն։ Արդարեւ, անսանձ հետաքրքրութիւն մը կրնայ հաւատուրացներու եւ Սատանայի ուրիշ գործակալներու կողմէ ցանուած վնասակար տեղեկութիւններու ազդեցութեան ենթարկել։ Որքան նախընտրելի է կանոնաւորաբար կարդալ Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի բոլոր յօդուածները։
«Ողջամիտ Խօսքերու Օրինակին Կառչած Մնանք» խորագրով յաջորդ յօդուածը Սուրբ Գրքի «օրինակ»ին, կամ ճշմարտութեան հիմնական կառոյցին լիովին ընտելանալու կարեւորութիւնը շեշտեց։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Այս օրինակը ըմբռնելը ոչ միայն աստուածպաշտութիւն ունենալու բանալին է, այլ նաեւ՝ բնորոշելու այն ինչ որ ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ չէ։
Երեւակայեցէք որ Եհովա ձեզ նկատէ որպէս ցանկալի։ Ի՜նչ մեծ պատիւ մը։ Անգէի մարգարէութեան վրայ հիմնուած «Ցանկալի Բաները կը Լեցնեն Եհովայի Տունը» դասախօսութիւնը շա՛տ քաջալերական էր, քանի որ անիկա ունկնդիրները կը վստահեցնէր որ ‘մեծ բազմութեան’ իւրաքանչիւր անդամը իրապէս ցանկալի է Եհովայի համար։ (Յայտնութիւն 7։9) Հետեւաբար, Եհովա զանոնք պիտի խնայէ երբ մօտալուտ ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին վերջնականապէս ‘շարժէ’ ազգերը։ (Անգեայ 2։7, 21, 22. Մատթէոս 24։21) Բայց մինչ այդ, Եհովայի ծառաները պէտք է շարունակեն հոգեւորապէս արթուն կենալ, ինչպէս բացատրուեցաւ «Աստուծոյ Խօսքէն Մարգարէական Հատուածներ կը Զգաստացնեն Մեզ որ Արթուն Մնանք» բաժինով։ Դասախօսը մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։42) Ի՞նչպէս կրնանք հոգեւոր արթնութիւն պահել։ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալով, անդադար աղօթելով եւ Եհովայի մեծ օրը ակնկառոյց սպասելով։
Օրուան վերջին դասախօսութեան խորագիրն էր՝ «Մարգարէական Խօսքը Վերջին Ժամանակին Մէջ»։ Անիկա գալիք տարիներուն պիտի յիշուի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դասախօսը նոր գրքի մը լոյս տեսնելը ծանուցանեց. Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան։ «Այս պատկերազարդ 320 էջնոց հրատարակութիւնը Դանիէլի գրքին ամէն մասերը կը շօշափէ», ըսաւ դասախօսը։ Ի՜նչ հաւատք զօրացնող ապացոյց մը թէ Եհովա լոյս կը սփռէ իր մարգարէական Խօսքին վրայ։
ԵՐՐՈՐԴ ՕՐ. Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը Բնաւ Անկատար Չի Մնար
Համաժողովի վերջին օրը սկսաւ «Մարգարէացուած Խօսքեր՝ Որոշուած Ժամանակի Համար» յօդուածաշարքով։ Երեք մասերը քննեցին Ամբակում մարգարէին երեք ծանուցումները Եհովայի դատաստաններու գործադրութեան մասին։ Առաջինը՝ կամակոր Յուդայի, իսկ երկրորդը բռնակալական Բաբելոնի դէմ էր։ Վերջինը՝ որ տակաւին չէ կատարուած, ամբողջ ամբարիշտ մարդոց մօտալուտ կործանումին կը վերաբերի։ Արմագեդոնի մասին խօսելով, յօդուածաշարքի վերջին եղբայրը իր ունկնդիրներուն մէջ աստուածպաշտութեան առողջ վախ մը արթնցուց, երբ ըսաւ. «Իրապէս, ահաւոր բան մը պիտի ըլլայ, երբ Եհովա իր մեծ զօրութեան ամբողջ ոյժը արձակէ»։
«Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք». այս էր համաժողովի յուզիչ սուրբ գրային թատերախաղին խորագիրը։ Սրտին խորը թափանցող այս ներկայացումը հոգեւոր բաներու հանդէպ Յակոբին ու Եսաւին կեցուածքը համեմատեց։ Եսաւ արհամարհեց իր հոգեւոր ժառանգութիւնը, այնպէս որ անիկա Յակոբի տրուեցաւ, որ անոր վրայ կը գուրգուրար։ «Եհովա ի՞նչ [հոգեւոր ժառանգութիւն] տուած է մեզի», հարցուեցաւ հանդիսականներուն։ «Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը. յաւիտենական կեանքի յոյսը. որպէս բարի լուրը ծանուցանողներ զինք ներկայացնելու պատիւը», պատասխանեց դասախօսը։
Յաջորդ բաժնին խորագիրն էր՝ «Մեր Թանկարժէք Ժառանգութիւնը Ի՞նչ կը Նշանակէ Ձեզի Համար»։ Մեր հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ շիտակ կեցուածք ցոյց կու տանք, Եհովայի ծառայութիւնը եւ հոգեւոր առանձնաշնորհումները անձնական կամ նիւթական շահերէն առաջ դասելով։ Այս կերպով մեր կեանքը՝ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան շուրջ կը կերտենք, Ադամի, Եսաւի եւ անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ճիշդ հակառակը։
Հանրային դասախօսութիւնը, «Ամէն Բաները Նոր կ’Ըլլան՝ Ինչպէս Նախագուշակուած Էր», «նոր երկինք»ի ու «նոր երկիր»ի մասին չորս մարգարէութիւններ իրարու հետ կապեց։ (Եսայեայ 65։17-25. 66։22-24. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1, 3-5) Բացայայտօրէն, Եհովայի համար այս մարգարէութիւնները շատ աւելի մեծ կատարում մը ունէին, քան Հ.Դ.Ա. 537–ին իր վերահաստատուած ժողովուրդին վրայ եղած կատարումը։ Այո, ան իր մտքին մէջ ունէր իր թագաւորական կառավարութիւնը («նոր երկինք»ը) եւ երկրային հպատակները («նոր երկիր»ը), որոնք փառաւոր համերկրային դրախտի մը մէջ պիտի բնակէին։
Համաժողովը խայտալի ու խթանող աւարտի մը բերուեցաւ՝ «Մեր Ակնկալութիւնները՝ Մինչ Աստուծոյ Խօսքը Մեզ կ’Ուղղէ» բնաբանով դասախօսութեամբ։ Անիկա բոլորին վերյիշեցուց թէ Թագաւորութեան ծանուցման գործին համար «մնացած ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29, ՆԱ) Այո, Սատանայի ու իր ամբողջ ամբարիշտ դրութեան դէմ Եհովայի դատավճիռի գործադրումին սեմին կը գտնուինք։ Թող որ սաղմոսերգուին զգացումները բաժնենք, որ երգեց. «Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։ Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է»։ (Սաղմոս 33։20) Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար մը կը պարզուի անոնց դիմաց, որոնց ակնկալութիւնները հիմնուած են Աստուծոյ մարգարէական խօսքին վրայ։
[Նկար՝ էջ 7]
Սրտայոյզ թատերախաղ մը Եհովայի ծառաներուն հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ գնահատութիւն արթնցուց
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուծոյ մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայողներէն շատեր մկրտուեցան