Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1995–ի Տարուան Համարը. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։—Կող. 2։2, ՆԱ
Մայիս 1—Քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը։—Սաղմ. 128։3, Դիտ. 8/1/94 1, 3գ
Մայիս 2—Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։—Գործք 16։25, Դիտ. 8/1/94 8, 9
Մայիս 3—Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք։—Յովհ. 13։35, Դիտ. 1/1/94 3գ
Մայիս 4—Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։—Ա. Կորնթ. 10։12, Դիտ. 4/1/94 10, 11ա
Մայիս 5—Տէրը [Եհովան] պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով։—Առ. 3։9, Դիտ. 2/1/94 6, 7ա
Մայիս 6—Հաւատքով [Մովսէս] Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասնզի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։—Եբր. 11։27, Դիտ. 3/1/94 11, 12գ
Մայիս 7—Հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։—Ա. Թագ. 15։22, Դիտ. 4/1/94 3, 4գ
Մայիս 8—Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը [Եհովային] ձեր սրտերուն մէջ։—Եփ. 5։18, 19, Դիտ. 8/1/94 10, 11
Մայիս 9—Քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը։—Սաղմ. 128։3, Դիտ. 8/1/94 20, 21գ
Մայիս 10—Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք։—Հռովմ. 12։13, Դիտ. 12/1/93 16, 17բ
Մայիս 11—Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան։—Ա. Տիմ. 6։10, Դիտ. 7/1/94 4, 5գ
Մայիս 12—Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն հոգին որ Աստուծմէն է. որպէսզի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի։—Ա. Կորնթ. 2։12, Դիտ. 7/1/94 2, 4ա
Մայիս 13—Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։—Գաղ. 5։22, 23, Դիտ. 5/1/94 4ա
Մայիս 14—[Ամբողջ] գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար։—Բ. Տիմ. 3։16, Դիտ. 6/1/94 17, 18դ
Մայիս 15—Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասնզի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։—Մարկ. 10։14, Դիտ. 8/1/94 9, 10գ
Մայիս 16—Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։—Եբր. 12։1, Դիտ. 12/1/93 17, 18գ
Մայիս 17—Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, բարի գործերով վկայուած։—Ա. Տիմ. 5։9, 10, Դիտ. 12/1/93 14, 15բ
Մայիս 18—Իրարու [սորվեցուցէք] ու [խրատեցէք]՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած [Եհովան] օրհնելու։—Կող. 3։16, Դիտ. 8/1/94 11, 13, 14
Մայիս 19—Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։—Յակ. 4։6, Դիտ. 1/1/94 7, 8գ
Մայիս 20—Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր [Եհովա] Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես»։—Ա. Մնաց. 28։20, Դիտ. 3/1/94 18, 19գ
Մայիս 21—Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէսզի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։—Եսայ. 50։4, Դիտ. 2/1/94 16, 18գ
Մայիս 22—Իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը ... պիտի [սայթաքին (ՆԱ)]։—Դան. 11։32, 33, Դիտ. 3/1/94 16, 17ա
Մայիս 23—Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու։—Բ. Տիմ. 3։15, Դիտ. 8/1/94 4, 7, 8գ
Մայիս 24—Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր, վասնզի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։—Սաղմ. 37։1, 2, Դիտ. 4/1/94 6, 7ա
Մայիս 25—Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը [Եհովային] ձեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։—Եփ. 5։18–20, Դիտ. 8/1/94 11, 16
Մայիս 26—Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն, քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։—Ա. Պետր. 2։2, 3, Դիտ. 12/1/93 7, 8ա
Մայիս 27—Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։—Եբր. 5։14, Դիտ. 4/1/94 17, 18գ
Մայիս 28—Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։—Ա. Յովհ. 5։3, Դիտ. 5/1/94 5, 6ա
Մայիս 29—Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասնզի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։—Առ. 3։1, 2, Դիտ. 8/1/94 14, 15գ
Մայիս 30—Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը։—Բ. Կորնթ. 13։5, Դիտ. 12/1/93 10, 11
Մայիս 31—Արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։—Մատթ. 24։42, Դիտ. 8/1/94 1, 3, 4բ