Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 9/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 9/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Հոկտեմբեր 1—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։—Մատթէոս 24։45–47, Դիտ. 8/1/93 4, 5ա

Հոկտեմբեր 2—Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, ... որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ... մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։—Ա. Կորնթացիս 1։10, Դիտ. 8/1/93 13դ

Հոկտեմբեր 3—Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։—Սաղմոս 51։18, Դիտ. 6/1/93 17, 19, 20գ

Հոկտեմբեր 4—Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։—Բ. Կորնթացիս 11։3, Դիտ. 7/1/93 2բ

Հոկտեմբեր 5—Ձեր միտքը դրդող ոյժով պէտք է նորոգուիք։—Եփեսացիս 4։23, ՆԱ. Դիտ. 6/1/93 11, 13, 14ա

Հոկտեմբեր 6—Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար։—Ժողովողի 8։9, Դիտ. 11/1/93 13, 14

Հոկտեմբեր 7—Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր։—Բ. Պետրոս 1։5–7, Դիտ. 10/1/93 4, 8, 9բ

Հոկտեմբեր 8—Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։—Առակաց 8։34, Դիտ. 11/1/93 20, 21բ

Հոկտեմբեր 9—Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։—Կողոսացիս 4։5, Դիտ. 10/1/93 8, 9ա

Հոկտեմբեր 10—Աստուծոյ սուրբ հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։—Եփեսացիս 4։30, Դիտ. 12/1/92 15, 16գ

Հոկտեմբեր 11—Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց. ... Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ։—Մատթէոս 20։25, 26, Դիտ. 11/1/93 15, 16

Հոկտեմբեր 12—Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։—Մարկոս 9։6, Դիտ. 1/1/93 12, 13

Հոկտեմբեր 13—Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն։—Առակաց 23։26, Դիտ. 1/1/93 10–12գ

Հոկտեմբեր 14—Այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն ...։ Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։—Բ. Պետրոս 1։5–8, Դիտ. 11/1/93 22, 23բ

Հոկտեմբեր 15—Անով [լեզուով] կ’օրհնենք Աստուած [Եհովան] ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք «Աստուծոյ նմանութիւնովը» ստեղծուած են։—Յակոբու 3։9, Դիտ. 10/1/93 13, 14գ

Հոկտեմբեր 16—Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն։—Եփեսացիս 5։3, Դիտ. 11/1/93 19, 20

Հոկտեմբեր 17—Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէսզի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։—Ա. Պետրոս 1։12, Դիտ. 10/1/93 3, 5ա

Հոկտեմբեր 18—Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։—Տիտոս 2։1, Դիտ. 2/1/93 17, 18ա

Հոկտեմբեր 19—Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէսզի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։—Ա. Յովհաննու 1։3, Դիտ. 3/1/93 9, 11բ

Հոկտեմբեր 20—Եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք։—Փիլիպպեցիս 4։8, Դիտ. 10/1/93 9, 10գ

Հոկտեմբեր 21—Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամրարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։—Մաղաքեայ 3։18, Դիտ. 4/1/93 21, 22ա

Հոկտեմբեր 22—Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ։—Մարկոս 9։42, Դիտ. 11/1/93 21, 22

Հոկտեմբեր 23—Երբ անիկա [Պօղոս] արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։—Գործք 24։25, Դիտ. 11/1/93 1–3գ

Հոկտեմբեր 24—Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։—Կողոսացիս 4։6, Դիտ. 10/1/93 9, 10ա

Հոկտեմբեր 25—Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք։—Բ. Պետրոս 1։5, Դիտ. 10/1/93 4, 6, 7գ

Հոկտեմբեր 26—Ո՛վ Տէր [Եհովա], սորվեցուր ինծի քու ճամբադ ...։ Միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ։—Սաղմոս 86։11, Դիտ. 2/1/93 18, 19գ

Հոկտեմբեր 27—Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասնզի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց։—Յովհաննու 5։30, Դիտ. 3/1/93 21, 22դ

Հոկտեմբեր 28—Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33, Դիտ. 11/1/93 2, 6, 7ա

Հոկտեմբեր 29—Քու անունդ սուրբ ըլլայ։ Քու թագաւորութիւնդ գայ։—Մատթէոս 6։9, 10, Դիտ. 10/1/93 22բ

Հոկտեմբեր 30—Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։—Բ. Պետրոս 1։8, Դիտ. 11/1/93 4, 5գ

Հոկտեմբեր 31—Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։—Գաղատացիս 6։10, Դիտ. 10/1/93 16, 17ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել