Յաղթանակ մը՝ դաշնակցային սահմանադրական ատեանին մէջ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ Եհովայի Վկաները պատմական յաղթանակ մը տարին Գարլզրուհըիի Դաշնակցային Սահմանադրական Ատեանին մէջ։ Այս կերպով, անոնք իրենց օրինաւոր ճանաչման կապակցաբար կարեւոր քայլ մը առին։
Եհովայի Վկաները աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր կը քարոզեն Գերմանիոյ մէջ։ Անոնք 20–րդ դարու երկու բռնատիրութիւններու՝ Ազգային Ընկերվարականներու եւ Համայնավարներու ձեռքով իրենց կրած բիրտ հալածանքէն վերապրեցան։ 1990–էն ի վեր, Վկաները ջանացած են օրինաւոր ճանաչում ձեռք ձգել, որպէս հանրային օրէնքին ներքեւ գործող ընկերութիւն մը։ Երկու նպաստաւոր եւ մէկ աննպաստ դատական վճիռներէ ետք, Վկաները Դաշնակցային Սահմանադրական Ատեանին դիմեցին, որ 19 Դեկտեմբեր 2000–ին իր վճիռը արձակեց։
Եհովայի Վկաներուն Ի Նպաստ Միաձայն Վճիռ մը
Ատեանին եօթը դատաւորներն ալ Վկաներուն ի նպաստ դատավճիռ արձակեցին։ Դատաւորները, Դաշնակցային Վարչական Ատեանին կողմէ 1997–ին արձակուած վճիռը յեղաշրջեցին եւ պատուիրեցին այդ ատեանին որ Վկաներուն ներկայացուցած դիմումնագիրը վերստին նկատի առնէ։
Դաշնակցային Սահմանադրական Ատեանը այս պատեհութիւնը օգտագործեց, Պետութեան եւ կրօնական խումբերու միջեւ եղած հիմնական յարաբերութեան մասին դիտողութիւն մը ընելու։ Հիմնականօրէն, կրօնքի մը դիրքը «կ’որոշուի, ո՛չ թէ իր հաւատալիքներով, այլ՝ իր վերաբերմունքով»։
Ատեանը նաեւ դիտել տուաւ թէ երբ Վկաները «քրիստոնէական չէզոքութիւն» կը գործադրեն, անոնք «ժողովրդավարական սկզբունքին վրայ յարձակում չեն գործեր» եւ «չեն փափաքիր ժողովրդավարութիւնը փոխարինել ուրիշ տեսակի կառավարութեամբ մը»։ Հետեւաբար, քաղաքական ընտրութիւններուն չմասնակցիլը, Վկաներուն օրինաւոր ճանաչումի խնդրանքին դէմ որպէս պատճառանք պէտք չէ գործածուի։—Յովհաննու 18։36. Հռովմայեցիս 13։1
Ատեանը տակաւին նշեց թէ հաւատացեալ մը՝ ըլլայ Վկայ կամ ուրիշ հաւատքի պատկանող մը՝ երբեմն կրնայ ինքզինք պարագայի մը մէջ գտնել, երբ Պետութեան եւ իր հաւատքին պահանջները համակարծիք չըլլան։ Եթէ անհատը իր խղճմտանքին հետեւի «օրէնքէն աւելի հաւատքի սկզբունքներուն հնազանդելով», Պետութիւնը ասիկա կրնայ արդարացի եւ կրօնական ազատութեան սահմաններէն ներս նկատել։—Գործք 5։29
Ատեանին վճիռը լրագիրներու վերնագիրները գրաւեց։ Գերմանիոյ մէջ չկար լրագիր մը որ այս դատին մասին տեղեկագրութիւն մը չպարունակէր։ Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի բոլոր գլխաւոր կայանները տեղեկագրութիւններ եւ տեսակցութիւններ սփռեցին։ Գերմանիոյ մէջ նախապէս Եհովայի անունը երբեք այսքան ծանուցման նիւթ դարձած չէր։
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]
AP Photo/Daniel Maurer