Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 8/1 էջ 3
  • Աստուած իր անունով կը ճանչնա՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած իր անունով կը ճանչնա՞ս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ անունը
    Զարթի՛ր 2017
  • Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ պէտք է գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուծոյ անունը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 8/1 էջ 3

Աստուած իր անունով կը ճանչնա՞ս

Կարեւոր անհատ մը դիմաւորելը եւ իր անունով հետը ուղղակի խօսիլը պատիւ մըն է։ Յաճախ բարձրաստիճան մարդոց հետ տիտղոսներով կը խօսին, ինչպէս՝ «Պարոն Նախագահ», «Նորին Վսեմութիւն» կամ «Նորին Գերազանցութիւն»։ Ուստի եթէ մեծ հեղինակութիւն ունեցող անհատ մը քեզի ըսէր. «Հաճիս զիս իմ անունովս կանչէ», անկասկած ասիկա առանձնաշնորհում պիտի սեպէիր։

ՃՇՄԱՐԻՏ Աստուածը իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ մեզի կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ Թէեւ ան նաեւ բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ «Ստեղծիչ», «Ամենակալ» ու «Գերիշխան Տէր», բայց միշտ իր հաւատարիմ ծառաները պատուած է՝ իրենց թոյլ տալով, որ իր անձնական անունով իրեն հետ ուղղակի խօսին։

Օրինակ՝ Դաւիթ թագաւոր Աստուծոյ աղերսեց՝ ըսելով. «Ո՜վ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան» (Սաղմոս 31։5)։ Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին ատեն, Սողոմոն թագաւոր իր աղօթքը հետեւեալ խօսքերով սկսաւ. «Ո՛վ Տէր [Եհովա]» (Գ. Թագաւորաց 8։22, 23)։ Իսկ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը, Եղիա մարգարէն ուղղակի ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա» (Գ. Թագաւորաց 18։36)։ Բացայայտօրէն, մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը հրաւիրէ, որ իր անունով իրեն հետ խօսինք։

Թէեւ իր անունով Եհովայի հետ ուղղակի խօսիլը կարեւոր է, բայց զինք իր անունով իսկապէս ճանչնալը աւելին կը պարփակէ։ Զինք սիրող եւ իրեն վստահող անհատի մը նկատմամբ Եհովա կը խոստանայ. «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (Սաղմոս 91։14)։ Բացորոշ է թէ Աստուծոյ անունը ճանչնալը ճոխ իմաստ մը պէտք է ընդգրկէ, քանի որ բանալի ազդակ մըն է Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ստանալու համար։ Արդ, ի՞նչ պահանջուած է քեզմէ, որ Եհովան իր անունով ճանչնաս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել