Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Աստուածաշունչը ապագան կը նախագուշակէ՞
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մասնայատո՞ւկ են։
Միայն Ամենակալ Աստուածը կրնայ ապագան մանրամասնութեամբ կանխագուշակել (Ամովս 3։7)։ Զոր օրինակ, ան վաղուց նախագուշակեց Մեսիային կամ Քրիստոսին գալուստը։ Մեսիան հաւատարիմ մարդէն՝ Աբրահամէն՝ սերած պիտի ըլլար։ Ան պիտի ըլլար իշխան մը, որ հնազանդ մարդոց կարելի պիտի դարձնէր որ հիւանդութենէ զերծ՝ կատարեալ կեանքի օրհնութիւնը ձեռք ձգեն (Ծննդոց 22։18. Եսայի 53։4, 5)։ Այս Խոստացեալը Բեթլեհէմէն պիտի գար (կարդա՛ Միքիա 5։2)։
Յիսուս Մեսիան էր։ Աւելի քան եօթը դար առաջ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ Մեսիան կոյսէ մը պիտի ծնէր եւ պիտի անարգուէր։ Ան շատերու մեղքերուն համար իր կեանքը պիտի տար եւ հարուստի հետ պիտի թաղուէր (Եսայի 7։14. 53։3, 9, 12)։ Աւելի քան հինգ դար առաջ, Աստուածաշունչը նաեւ յայտարարեց, թէ ան իշու վրայ հեծած Երուսաղէմ պիտի մտնէր եւ 30 կտոր արծաթի համար պիտի մատնուէր։ Իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կատարուեցաւ (կարդա՛ Զաքարիա 9։9. 11։12)։
2. Աստուած թուականներ կը գուշակէ՞։
Աւելի քան հինգ դար առաջ, Աստուածաշունչը Մեսիային յայտնուելու ճշգրիտ տարին մարգարէացաւ։ Մինչեւ իր գալուստը, ժամանակը հաշուըւեցաւ եօթնեակներով, իւրաքանչիւր «եօթնեակ» եօթը տարի ըլլալով։ 69 (7 առաւել 62) եօթնեակներ պիտի ըլլային, 483 տարի ընելով։ Այդ տարիները ե՞րբ սկսան։ Ըստ Աստուածաշունչին, ատոնք սկսան երբ Աստուծոյ ծառան՝ Նէեմիան, Երուսաղէմ հասաւ եւ սկսաւ քաղաքը վերաշինել։ Պարսկական պատմութիւնը կը հաստատէ թէ ատիկա մ.թ.ա. 455–ին տեղի ունեցաւ (Նէեմիա 2։1-5)։ Յիսուս որպէս Մեսիան մկրտուեցաւ 483 տարի ետք՝ մ.թ. 29–ին, ճիշդ ժամանակին (կարդա՛ Դանիէլ 9։25)։
3. Աստուածաշնչական մարգարէութիւնները այժմ կը կատարուի՞ն։
Յիսուս մեր օրերուն նկատմամբ նշանակալից դէպքերու մասին մարգարէացաւ։ Իր մարգարէութիւնը կը նշէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, որ համայն աշխարհի մէջ Աստուած սիրող մարդոց ամոքում պիտի բերէ։ Թագաւորութիւնը ներկայ ամբարիշտ աշխարհին վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Մատթէոս 24։14, 21, 22)։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն ներկայ աշխարհին վերջին օրերը։ Աստուածաշունչը յայտնեց թէ,– յառաջդիմական ժամանակաշրջանի մը մէջ մարդոց ակնկալածին առ ի հակապատկեր,– մարդիկ երկիրը պիտի ապականէին։ Պատերազմներու, սովերու, երկրաշարժներու եւ համաճարակներու պատճառած նեղութիւնները պիտի աւելնային (Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 11։18)։ Բարոյական չափանիշները պիտի ցածնային։ Եւ այս դժուար ժամանակներուն, Յիսուսի հետեւորդները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին բոլոր ազգերուն մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 24։3, 7, 8. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։
4. Մարդկութեան ապագան ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Ամենակալ Աստուածը հաւատարիմ մարդկութեան համար լաւ բաներ վերապահած է։ Յիսուս Քրիստոս՝ Մեսիան, իր ընտրեալներուն հետ, երկնքէն երկրի վրայ պիտի իշխէ։ Անոնք կը կազմեն Թագաւորութեան կառավարութիւնը, որ հազար տարի պիտի իշխէ։ Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն եւ պատեհութիւն պիտի ունենան յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու։ Ասկէ զատ, Թագաւորութիւնը բոլո՛ր մարդիկը պիտի բժշկէ։ Այլեւս հիւանդութիւն եւ մահ պիտի չըլլան (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։10. 20։6, 12. 21։4, 5)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 23-25–րդ եւ 197-201–րդ էջերը։