Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 8/1 էջ 3
  • Մէկը կը լսէ՞ աղօթքները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մէկը կը լսէ՞ աղօթքները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ կը կասկածին
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 8/1 էջ 3

Մէկը կը լսէ՞ աղօթքները

«Աստուծոյ գոյութեան շուրջ կասկածներ ունէի։ Յամենայնդէպս, ատեններ կ’աղօթէի։ Վստահ չէի եթէ մէկը զիս կը լսէր, սակայն կրնամ խոստովանիլ թէ յուսացի որ զիս լսող մէկը ըլլար։ Ուրախ չէի եւ կեանքի մէջ նպատակ չունէի։ Կը վախնայի Աստուծոյ հաւատալու, քանի որ կը կարծէի թէ միայն տկարները Աստուծոյ կը հաւատան» (ՓԱԹՐԻՇԱa, ԻՐԼԱՆՏԱ)։

ԵՐԲԵՔ Փաթրիշայի նման զգացա՞ծ ես։ Կ’աղօթե՞ս, նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ գոյութեան մասին կասկածներ ունիս։ Եթէ այո՛, մինակ չես։ Նկատի առ հետեւեալը։

◼ Փորձագիտանք մը, որուն մասնակցեցան 2200 բրիտանացիներ, յայտնեց թէ միայն 22 տոկոսը կը հաւատայ թէ Աստուած մը կայ, որ աշխարհը ստեղծեց եւ աղօթքները կը լսէ։ Այսուհանդերձ, մասնակցողներուն 55 տոկոսը առնուազն ատեն–ատեն կ’աղօթէ։

◼ Ուրիշ փորձագիտանքի մը մասնակցեցան չորս ցամաքամասերու պատկանող 10,000 մարդիկ։ Այս փորձագիտանքը ցոյց տուաւ թէ իրենք զիրենք անաստուած նկարագրող մասնակցողներուն գրեթէ 30 տոկոսը կ’աղօթէ։

Ինչո՞ւ կը կասկածին

Էլէն, որ անգլիացի է, կ’ըսէ. «Յաճախ կ’ըսէի թէ Աստուծոյ չէի հաւատար, քանի որ կը խորհէի թէ կրօնքը հնարուած էր մարդիկը հակակշռի տակ առնելու եւ դրամ շահելու համար։ Նաեւ, պատճառաբանեցի թէ եթէ Աստուած կար, ա՛յսքան անարդարութիւն պիտի չըլլար։ Բայց եւ այնպէս, ատեններ լուռումունջ կը նստէի ու ‘բանի’ մը կ’աղօթէի։ Նաեւ ես ինծի հարց կու տայի. ‘Ես ինչպէ՞ս գոյացայ’»։

Այսպիսի զգացումներ ունեցող իւրաքանչիւր անհատ, իր անձնական պատճառները ունի կասկածելու թէ արդեօք աղօթքները կը պատասխանուի՛ն։ Բազմաթիւ պարագաներու մէջ, կասկածները կրնան արդիւնքը ըլլալ անպատասխան հարցումներու, ինչպէս՝

◼ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։

◼ Կրօնքը ինչո՞ւ յաճախ վնասներ կը պատճառէ։

◼ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։

Եթէ այս հարցումներուն պատասխանը գիտնաս, աղօթելու նկատմամբ աւելի ինքնավստահ պիտի ըլլա՞ս։

[Ստորանիշ]

a Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել