Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 2/1 էջ 3
  • Ո՞վ էր Մովսէս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ էր Մովսէս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս Մովսէսի նման մարգարէ մըն էր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Մովսէս կը փախչի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Այրող մորենին
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 2/1 էջ 3

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. Ի՛ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ՄՈՎՍԷՍԷՆ

Ո՞վ էր Մովսէս

[Նկար՝ էջ 3]

Մովսէս. երբ այս անունը լսես, միտքդ ո՞վ կու գայ։

  • Այն մանուկը, որուն մայրը զինք Նեղոս գետը կողովի մը մէ՞ջ պահեց։

  • Այն տղան, որ փարաւոնին աղջկան կողմէ Եգիպտոսի ճոխութեան մէ՞ջ մեծցաւ, բայց բնաւ չմոռցաւ իր հրեայ ըլլալը։

  • Ան՝ որ Մադիանի մէջ 40 տարի հովուութի՞ւն ըրաւ։

  • Ան՝ որ այրող մորենիի մը առջեւ Եհովայիa հետ խօսակցութի՞ւն մը ունեցաւ։

  • Ան՝ որ Եգիպտոսի թագաւորին առջեւ կենալով անվախօրէն խնդրեց, որ իսրայէլացիները գերութենէն ազա՞տ արձակուին։

  • Ան՝ որ Աստուծոյ ուղղութեամբ, Եգիպտոսի վրայ Տասը պատուհասնե՞ր յայտարարեց, երբ փարաւոնը ճշմարիտ Աստուծոյ դէմ կ’ըմբոստանար։

  • Ան՝ որ ամբողջ իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դո՞ւրս հանեց։

  • Այն մարդը, որ գործածուեցաւ Կարմիր ծո՞վը ճեղքելու համար։

  • Այն մարդը, որ Աստուծմէ Տասը պատուիրաննե՞ր տուաւ իսրայէլացիներուն։

ՄՈՎՍԷՍ այս բոլոր բաները եւ աւելի՛ն ըրաւ։ Զարմանալի չէ որ այս հաւատարիմ մարդը՝ մեծապէս յարգուած է քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ իսլամներուն կողմէ։

Կասկած չկայ թէ Մովսէս՝ որպէս մարգարէ՝ «մեծ սոսկում» պատճառող կամ ահարկու գործեր գործեց (Բ. Օրինաց 34։10-12)։ Ան թոյլ տուաւ, որ Աստուած զինք ուժեղ կերպով գործածէր։ Սակայն Մովսէս սովորական մարդ մըն էր։ Ինչպէս որ էր Եղիա մարգարէն, որ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին տեսիլքի մը մէջ Մովսէսին քով երեւցաւ, Մովսէս «մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր», այսինքն՝ մեզի պէս զգացումներ ունէր (Յակոբոս 5։17. Մատթէոս 17։1-9)։ Մովսէս ալ մեր դիմագրաւած խնդիրներէն շատերը դիմագրաւեց եւ յաջողապէս յաղթահարեց զանոնք։

Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ ան այս բանը ինչպէ՛ս ըրաւ։ Նկատի առ Մովսէսի ցուցաբերած լաւ յատկութիւններէն երեքը եւ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ իր օրինակէն։

a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել