ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
Ան մեր ‘սրտերը կը լեցնէ’
Աստուած իրապէս մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է, թէ ոչ մարդկութեան կացութեան հանդէպ անտարբեր կը գտնուի։ Այս հարցումին Աստուածաշունչի պատասխանը մեզ կը մխիթարէ։ Աստուած իրապէս մարդկային ընտանիքով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։ Ամէն օր ան թոյլ կու տայ որ բոլոր մարդիկը, նոյնիսկ ապերախտները, իր առատ բարութենէն օգտուին։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի խօսքերը (կարդա՛ Գործք 14։15, 16)։
Լիւստրայի մէջ, իր խօսքը Աստուած չպաշտող մարդոց ուղղելով, Պօղոս ըսաւ. «Անցած դարերուն [Աստուած] թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան։ Սակայն ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։ Պօղոսի ունկնդիրները իր այս խօսքերէն ի՞նչ հասկցան։
Լիւստրայի մարդիկը կրնային դիւրաւ ըմբռնել Պօղոսի խօսքերուն ճշմարտութիւնը։ Անոնք գիւղատնտեսական համայնքի կը պատկանէին եւ արգասաբեր ու ջրարբի շրջանի մէջ կ’ապրէին։ Բայց ինչպէս Պօղոս իրենց յիշեցուց, Աստուած անձրեւին եւ պտղաբեր եղանակներուն Աղբիւրն է։ Այսպէս, ամէն անգամ որ անոնք առատ բերք հնձէին եւ համադամ ուտելիք վայելէին, Աստուծոյ բարութենէն կ’օգտուէին։
Լիւստրայի մարդոց ուղղուած Պօղոսի խօսքերը, Եհովա Աստուծոյ մասին կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն մեզի։
Եհովան մեզի ազատ կամք կու տայ։ Նկատի առ որ Եհովան թոյլ տուաւ բոլոր ոչ–հրեայ ազգերուն, որ «իրենց ճամբաները երթան»։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու համար պատրաստուած աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ այդ արտայայտութիւնը կրնայ նշանակել՝ «իրենց ուզածին պէս երթան» կամ «գործեն այն ինչ որ իրենք կը խորհին թէ լաւագոյն բանն է»։ Եհովան մէկը չի պարտադրեր, որ զինք պաշտէ։ Ան մեզի շնորհած է ազատ կամք,– մեր կենցաղակերպը ընտրելու կարողութիւն (Բ. Օրինաց 30։19)։
Եհովան կ’ուզէ՛ որ զինք ճանչնանք։ Պօղոս բացատրեց, թէ Աստուած «ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց»։ Նախապէս նշուած աշխատասիրութիւնը կ’ըսէ, թէ այս արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «ան մարդոց յստակ կերպով ցոյց տուաւ թէ ինչպիսի՛ Աստուած մըն է»։ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իր «աներեւոյթ յատկանիշներ»ուն կը վկայէ, ներառեալ՝ իր բարութեան, իմաստութեան, զօրութեան եւ սիրոյն (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս)։ Եհովան իր մասին աւելի՛ն յայտնած է Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Յստակ չէ՞ որ ան կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք։
Ամէն օր Աստուած թոյլ կու տայ որ բոլոր մարդիկը, նոյնիսկ ապերախտները, իր առատ բարութենէն օգտուին
Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք։ Պօղոս ըսաւ, թէ Աստուած ‘կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը կը լեցնէ’։ Նոյնիսկ մեղանչողը, որ Եհովան չ’ընդունիր, կրնայ ուտելիքէ պակաս չըլլալ եւ կեանքի մէջ որոշ չափով ուրախութիւն վայելել։ Բայց Աստուած կ’ուզէ որ մենք իսկական եւ մնայուն ուրախութիւնը վայելենք։ Ասիկա կարելի է միայն եթէ իր մասին ճշմարտութիւնը սորվինք եւ զայն մեր կեանքին մէջ կիրարկենք (Սաղմոս 144։15. Մատթէոս 5։3)։
Ամէն օր բոլորս Եհովայի բարութենէն կ’օգտուինք։ Ինչո՞ւ աւելին չսորվիս թէ սիրտդ «կերակուրներով եւ ուրախութիւններով» լեցնող Աստուծոյ հանդէպ ինչպէ՛ս երախտագիտութիւնդ ցուցաբերես։
Յուլիս ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն