Եհովայի Բարութիւնը Ընդօրինակենք
1 Սքանչելի արեւնամուտ մը դիտելէ կամ համադամ ճաշ մը ուտելէ ետք, չե՞նք մղուիր Եհովայի՝ ամէն բարութեան Աղբիւրին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու։ Անոր բարութիւնը մեզ կը դրդէ որ ուզենք զինք ընդօրինակել։ (Սաղմ. 119։66, 68. Եփ. 5։1) Ի՞նչպէս կրնանք բարութեան յատկութիւնը ցուցաբերել։
2 Անհաւատներուն Հանդէպ. Եհովայի բարութիւնը ընդօրինակելու կերպերէն մէկն է՝ մեր հաւատակիցները չեղողներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ (Գաղ. 6։10) Գործնական կերպերով բարութիւն ցոյց տալը կրնայ Եհովայի Վկաներուն եւ մեր կրած պատգամին հանդէպ անոնց տեսակէտին վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։
3 Օրինակ, հիւանդանոցի սպասման սենեակին մէջ, երիտասարդ ռահվիրայ եղբայր մը նստաւ տարեց կնոջ մը քով, որ միւս ներկաներէն աւելի հիւանդ կ’երեւար։ Երբ եղբօր կարգը եկաւ, ան թոյլ տուաւ որ տարեց կինը իր տեղ բժշկին քով մտնէ։ Հետագային ան նորէն հանդիպեցաւ կնոջ, այս անգամ շուկային մէջ, եւ կինը զինք տեսնելով շատ ուրախացաւ։ Թէեւ ան նախապէս բարի լուրը չէր ընդունած, բայց ըսաւ թէ այժմ գիտէ որ Եհովայի Վկաները իրապէս կը սիրեն իրենց դրացիները։ Անոր հետ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ։
4 Մեր Եղբայրներուն Հանդէպ. Եհովայի բարութիւնը նաեւ կ’ընդօրինակենք, երբ մեր հաւատակիցներուն կը ջանանք օգնել։ Աղէտներու ժամանակ, առաջին հասնողներէն կ’ըլլանք որ մեր եղբայրներուն օգնենք։ Նոյն այս հոգին ցոյց կու տանք, ժողովներու երթալու համար փոխադրամիջոցի կարիք ունեցողներուն օգնելով, անկարողներուն այցելելով, եւ ժողովքին մէջ մեր լաւ չճանչցած անհատներուն հանդէպ մեր սիրտը լայնօրէն բանալով։—Բ. Կորն. 6։11-13. Եբր. 13։16
5 Եհովա «ներող» ըլլալով ալ բարութիւն կը ցուցաբերէ։ (Սաղմ. 86։5) Զինք ընդօրինակելով, կրնանք ուրիշներուն ներելով բարութեան հանդէպ մեր սէրը ապացուցանել։ (Եփ. 4։32) Ասիկա կ’օգնէ որ հաւատակիցներուն հետ մեր ընկերակցութիւնը ‘բարի ու վայելուչ’ ըլլայ։—Սաղմ. 133։1-3
6 Թող որ Եհովայի առատ բարութիւնը մեզ մղէ որ ցնծութեամբ զինք փառաբանենք, ուրախութեամբ լեցուինք, եւ ջանանք իր բարութիւնը ընդօրինակել ամէն բանի մէջ որ կ’ընենք։—Սաղմ. 145։7. Երեմ. 31։12