Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Օգոստոս 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, ցուցադրեցէք ի՛նչպէս ձեռք առնել խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը՝ «Զբաղած եմ»։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19։
15 վյրկ. «Եհովայի Բարութիւնը Ընդօրինակենք»։a Ներկաներէն խնդրեցէք որ հակիրճ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս ազնիւ արարքներ ճամբան հարթած են վկայութիւն մը տալու։ Ժողովքը գովեցէք իրենց թափած ջանքերուն համար որ հաւատակիցներուն օգնեն։
20 վյրկ. «Ռահվիրայական Ծառայութեան Օրհնութիւնները»։b Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Մէկ կամ երկու ռահվիրաներէ խնդրեցէք որ ռահվիրայութեան միջոցով իրենց ձեռք ձգած օրհնութիւններուն մասին խօսին։ Յիշեցէք թէ ռահվիրայութեամբ հետաքրքրուած ոեւէ անհատ կրնայ քարտուղարէն դիմումնագիր մը առնել։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 57
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Քննարկեցէք՝ «Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Յաջորդ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի թուականը ծանուցանեցէք, եւ բոլորը յորդորեցէք որ ներկայ գտնուին։ Եթէ համաժողովը յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին տեղի պիտի ունենայ, յիշեցէք թէ մկրտուիլ փափաքողները վերակացու տեսուչը տեղեակ պէտք է պահեն։
15 վյրկ. «Թարմացնող Գործ մը»։c Կանխաւ կարգադրեցէք որ երկու կամ երեք հոգի խօսին թէ քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՛նչպէս կը թարմացնէ զիրենք։
18 վյրկ. «Մեր Պաշտամունքի Վայրը Լաւ Վիճակի Մէջ Պահենք»։d (Պարբերութիւն 1-5) Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Երբ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու տեղական կարգադրութիւնները աչքէ անցուցէք։ Խօսեցէք այն հարցերուն մասին, որոնք ուշադրութեան կը կարօտին։ Ժողովքը գովեցէք իրենց թափած ջանքերուն համար որ ճշմարիտ պաշտամունքին համար պատշաճ վայր մը պահպանեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, ծնող մը եւ իր պատանի տղան կամ աղջիկը փորձի նիստ մը կ’ունենան, առ ի պատրաստութիւն պարբերաթերթով վկայելու։ Անոնք թելադրուած իւրաքանչիւր ներկայացում հակիրճօրէն վերաքաղ կ’ընեն, ապա կը ցուցադրեն։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Քարոզելու Համար Համարձակութիւն Ունեցէք։ (Ա. Թես. 2։2) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ շատեր կ’երկչոտին Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու քարոզելու։ Երկար տարիներէ ի վեր գործունեայ եղողներուն պարագան ալ նոյնն է։ Պատմեցէք կարգ մը փորձառութիւններ առնուած՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1999, էջ 25. Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1999, էջ 25. եւ Դիտարան 1 Յուլիս 1996, էջ 31։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ խօսին թէ ի՛նչպէս կրցան համարձակութիւն ունենալ բարի լուրը քարոզելու, երբ վախը պատեց զիրենք։ Եզրափակեցէք ներկաները քաջալերելով որ Եհովայէ զօրութիւն ստանան, իբր աղբիւր ունենալով՝ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1999, էջ 23-24։
Երգեցողութիւն Թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ուշադրութեան յանձնեցէք Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացնելիք գրականութիւնները։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու հոգի շինիչ փորձառութիւններ պատմեն, որ ունեցած են անպաշտօն կերպով վկայելու ատեն՝ նահանգային համաժողովին առթիւ, արձակուրդի մը ընթացքին, կամ այլ առիթներով ամրան ամիսներու ընթացքին։
15 վյրկ. Վերադառնալու Ձեր Խոստումը կը Յարգէ՞ք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1999 թիւին վրայ, էջ 10-11, «Մեր Խոստումները Յարգելու Ուրիշ Կերպեր» ենթագլուխին ներքեւ։ Երբ մեր ծառայութեան մէջ հետաքրքրուած անհատներ կը գտնենք, սովորաբար կարգադրութիւն կ’ընենք որ մեր խօսակցութիւնը ուրիշ անգամ շարունակենք։ Մեր խոստումին համաձայն, հաւատարմօրէն կը վերադառնա՞նք։ Վերաքաղ ըրէք Աստուածաշունչի այն սկզբունքները, որոնք մեզ պէտք է մղեն մեր խոստումը յարգելու։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ արագօրէն վերադառնալով ի՛նչպէս օրհնուեցան։
20 վյրկ. «Մեր Պաշտամունքի Վայրը Լաւ Վիճակի Մէջ Պահենք»։e (Պարբերութիւն 6-12) Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Թագաւորութեան Սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու կարեւորութիւնը շեշտեցէք, աչքառու դարձնելով էջ 5–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։ Ձեր Թագաւորութեան Սրահին վիճակին մասին հակիրճ տեղեկագրութիւն մը պարփակեցէք, եւ յիշեցէք նորոգութիւններ կամ բարեփոխումներ ընելու որեւէ ծրագիր։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։