Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/03 էջ 1
  • Թարմացնող Գործ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թարմացնող Գործ մը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի թարմացնէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 8/03 էջ 1

Թարմացնող Գործ մը

1 Աստուածաշունչի պատգամը կը թարմացնէ զանոնք որ զայն կ’ընդունին եւ իրենց կեանքին մէջ կը կիրարկեն։ (Սաղմ. 19։7, 8) Անիկա կ’օգնէ անոնց որ սուտ ուսուցումներէն ու վնասակար սովորութիւններէն ձերբազատուին եւ ապագայի համար վստահելի յոյս մը ունենան։ Սակայն օգտուողները միայն բարի լուրը ստացողները չեն։ Աստուածաշունչի թարմացուցիչ ճշմարտութիւնները ուրիշներուն հետ բաժնողներն ալ կը թարմանան։—Առ. 11։25

2 Ծառայութեամբ Կազդուրուած. Յիսուս ըսաւ թէ անոնք որ կ’ընդունին Քրիստոսի աշակերտ մը ըլլալու լուծը, որ կը պարփակէ քարոզելու եւ աշակերտելու գործը, ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնեն’։ (Մատթ. 11։29) Ինքն իսկ ուրիշներուն վկայելով կազդուրուեցաւ։ Քարոզչութիւնը իրեն համար կերակուրի պէս էր։ (Յովհ. 4։34) Երբ 70 աշակերտները քարոզելու ղրկեց, անոնք ուրախացան տեսնելով Եհովայի աջակցութիւնը իրենց ջանքերուն։—Ղուկ. 10։17, ՆԱ

3 Ներկայիս բազմաթիւ Քրիստոնեաներ քարոզչութեան գործին մասնակցելով նոյնպէս կազդուրուին։ Քոյր մը ըսաւ. «Ծառայութիւնը թարմացուցիչ է, քանի որ կեանքիս ուղղութիւն եւ նպատակ կու տայ։ Անձնական խնդիրներն ու ամէնօրեայ ճնշումները շուքի մէջ կը մնան, երբ ծառայութեան կը մասնակցիմ»։ Ուրիշ նախանձախնդիր քարոզիչ մը ըսաւ. «Ծառայութիւնը . . . ամէն օր ինծի կը յիշեցնէ թէ Եհովան իրական է եւ ինծի կու տայ խաղաղութիւն եւ որոշ չափով ներքին ուրախութիւն, որ ուրիշ որեւէ միջոցով կարելի չէ ձեռք ձգել»։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է որ «Աստուծոյ գործակից» ենք։—Ա. Կորն. 3։9

4 Քրիստոսի Լուծը Քաղցր Է. Թէեւ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ‘ջանք ընեն’, սակայն Յիսուս մեր կարողութենէն աւելի չի պահանջեր։ (Ղուկ. 13։24) Արդարեւ ան սիրալիր կերպով մեզ կը հրաւիրէ որ ‘իրեն հետ իր լուծին տակը գանք’։ (Մատթ. 11։29, ՆԱ, ստորանիշ) Դժուար պարագաներու հետ մարտնչողները կրնան վստահ ըլլալ որ իրենց բոլորանուէր ծառայութիւնը, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ է, Աստուծոյ խիստ հաճելի է։—Մար. 14։6-8. Կող. 3։23

5 Որքա՜ն թարմացուցիչ է ծառայել Աստուծոյ մը, որ կը գնահատէ ի՛նչ որ ընենք իր անունին համար։ (Եբր. 6։10) Թող որ միշտ ջանանք մեր լաւագոյնը իրեն տալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել