Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 9/1 էջ 3
  • Բազմաթի՜ւ անմեղ զոհեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բազմաթի՜ւ անմեղ զոհեր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • 2. Տառապանքին պատճառը մա՞րդն է
    Զարթի՛ր 2020
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 9/1 էջ 3
[Նկար՝ էջ 3]

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻՆՔ. ԼՈՒԾՈՒՄ ՄԸ ԿԱ՞Յ

Բազմաթի՜ւ անմեղ զոհեր

Փոքրիկ Նօէլը շա՜տ կը սիրէր գծել։ Օր մը, մինչ ան տան բակին մէջ կը քալէր, անակնկալօրէն ինկաւ լողաւազանին մէջ։ Ան խեղդուեցաւ չորս տարեկան ըլլալէն միայն երկու շաբաթ առաջ։

Շարլոթը, Տանիէլը, Օլիվիան, Ժոզէֆինը եւ ա՛յլ աշակերտներ զոհ գացին այն հրացանաձգութեան, որ 14 դեկտեմբեր 2012–ին տեղի ունեցաւ ԱՄՆ–ի Քոնեքթիքութ նահանգին մէջ։ Այդ օր 26 անհատներ մահացան եւ անոնցմէ 20–ը, վեց կամ եօթը տարեկան էին։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին, նախագահ Օպամա պզտիկներուն անունները նշելով՝ սգաւոր ներկաներուն ըսաւ. «Այս ողբերգութիւնները վերջ պէտք է գտնեն»։

1996–ին, 18 տարեկան Պանոն իր ընտանիքին հետ Իրաքէն Նորվեկիա փոխադրուեցաւ։ Բայց 22 յուլիս 2011–ին, ան եւ 76 ուրիշներ սպաննուեցան ծայրայեղականի մը ձեռքով, որ յոխորտաց. «Կը ցաւիմ որ. . . աւելի անհատներ չկարողացայ սպաննել»։

Աշխարհի չորս կողմէն համանման սրտաճմլիկ պատմութիւններ յաճախ կը տեղեկագրուին։ Պահ մը մտածէ թէ արկածները, ոճիրները, պատերազմները, ահաբեկչութիւնը, բնական աղէտները եւ ա՛յլ ողբերգութիւններ, որքա՜ն ցաւ ու վիշտ կը պատճառեն։ Բազմաթիւ անմեղ կեանքեր կը խլուին եւ շատեր անարդար պայմաններու ներքեւ կը տառապին։

Ոմանք Աստուած կը մեղադրեն, պատճառաբանելով որ ան մարդկութեամբ չի հետաքրքրուիր։ Ուրիշներ կ’եզրակացնեն, թէ Աստուած մեր տառապանքը կը տեսնէ, բայց պարզապէս չ’ուզեր միջամտել։ Իսկ ոմանք ալ կ’ըսեն, թէ այսպիսի ողբերգութիւններ նախասահմանուած են։ Այնպէս կը թուի թէ այս հարցին շուրջ անվերջ կարծիքներ կան։ Ո՞ւր կրնանք վստահելի եւ գոհացուցիչ պատասխաններ գտնել։ Յաջորդ յօդուածներուն մէջ, Աստուածաշունչէն պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ բան տառապանք կը պատճառէ եւ ինչպէ՛ս տառապանքը վերջ պիտի գտնէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել