ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած քեզ կը հասկնայ
«Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար» (ՍԱՂՄՈՍ 139։1)։
«Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան» (ՍԱՂՄՈՍ 139։16, ԱԾ)
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Շատեր կը խորհին թէ Աստուծոյ աչքին մարդ արարածը պարզապէս մեղաւոր մըն է,– անմաքուր եւ իր նկատառութեան անարժան։ Քէնտրա, որ ընկճուածութենէ կը տառապէր, յանցաւոր կը զգար, քանի որ չէր կրնար Աստուծոյ պահանջներուն լիովին գոհացում տալ։ Առ ի արդիւնք, ան ըսաւ. «Աղօթելէ դադրեցայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Եհովան թերութիւններէդ անդին կը տեսնէ եւ իսկական ինքնութիւնդ կը հասկնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Ասկէ աւելին, ան «մեր մեղքերուն համեմատ» չի վարուիր մեզի հետ, այլ ողորմութեամբ մեզի կը ներէ, երբ կը զղջանք (Սաղմոս 103։10, 14)։
Նկատի առ Դաւիթը, այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուած իսրայէլացի թագաւորը։ Աստուծոյ աղօթելով, ան ըսաւ. «Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան. բոլոր անդամներս քու գիրքիդ մէջ արձանագրուած էին. . . Հետազօտէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու ճանչցի՛ր իմ սիրտս» (Սաղմոս 139։16, 23, ԱԾ)։ Այո՛, Դաւիթ համոզուած էր որ թէեւ մեղքեր գործեց,– երբեմն լուրջ մեղքեր,– Եհովան կրնար իր զղջացող սիրտը զատորոշել։
Եհովան ոեւէ մարդէ աւելի քեզ կը հասկնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Աստուած գիտէ վարուելակերպիդ պատճառը,– ինչպէ՛ս քեզ կը կաղապարեն ժառանգութիւնը, առած կրթութիւնդ, միջավայրդ եւ անձնաւորութիւնդ։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ այն անձը, որ կը ջանաս ըլլալ, թէեւ սխալներ կ’ընես։
Սակայն, Աստուած «իսկական անձիդ» նկատմամբ իր խոր հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ քեզ մխիթարելու։