Բովանդակութիւն
15 Փետրուար 2015
© 2015 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
2015–Ի ԱՊՐԻԼ 6-12
Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը
2015–Ի ԱՊՐԻԼ 13-19
Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը
ԷՋ 10 • ԵՐԳԵՐ. 99, 108
2015–Ի ԱՊՐԻԼ 20-26
Ազգերը պատրաստել «Տէրոջը վարդապետութեան» համար
ԷՋ 19 • ԵՐԳԵՐ. 98, 104
2015–Ի ԱՊՐԻԼ 27–ՄԱՅԻՍ 3
Եհովան կ’առաջնորդէ մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը
ԷՋ 24 • ԵՐԳԵՐ. 103, 66
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ
▪ Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը
▪ Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը
Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ Յիսուսի շաւիղներուն հետեւինք (Ա. Պետ. 2։21)։ Անկատար ըլլալով հանդերձ, կրնա՞նք Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ։ Առաջին յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել իր խոնարհութիւնն ու քնքշութիւնը։ Իսկ երկրորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել իր քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը։
▪ Ազգերը պատրաստել «Տէրոջը վարդապետութեան» համար
▪ Եհովան կ’առաջնորդէ մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը
Առաջին յօդուածը կը բացատրէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսի առաջին դարու աշակերտները կարող դարձուց, որ բարի լուրը ծանուցանեն։ Իսկ երկրորդ յօդուածը կը նշէ կարգ մը նոր զարգացումներ, որոնք կարելի կը դարձնեն որ աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան պատգամը ազնուասիրտ մարդոց հասցնենք։
ԿՈՂՔ։ Պալի կղզիին մէջ, տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, երկու Վկաներ Զարթի՛ր պարբերաթերթը կը ներկայացնեն, մինչ ջերմ հիւրասիրութիւն կը վայելեն
ԻՆՏՈՆԵԶԻԱ
ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ
237,600,000
ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐ
24,521
ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐ
2472
369 մասնաւոր ռահվիրաներ կը ծառայեն 28 կղզիներու մէջ