Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 10/15 էջ 4-8
  • Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնե՞ս կեանքիդ մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնե՞ս կեանքիդ մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՆՈՆՔ ՉՈՒԶԵՑԻՆ ՏԵՍՆԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԵՌՔԸ
  • ԱՆՈՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՁԵՌՔԸ ՏԵՍԱՆ
  • ՓԱՍՏԵՐ՝ ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Կ’ՕԳՆԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ՁԵՌՔԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞Ս ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ
  • Անարդարութեան դիմաց ան տոկաց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ան դիտեց եւ սպասեց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Եղիայի նման հաւատարիմ պիտի ըլլա՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 10/15 էջ 4-8
Մինչ կին մը իր տան մէջ կ’աղօթէ, երկու Վկաներ իր դուռը կը զարնեն

Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնե՞ս կեանքիդ մէջ

«Տէրոջ ձեռքը իր ծառաներէն պիտի ճանչցուի» (ԵՍԱ. 66։14, ԱԾ)։

ԵՐԳԵՐ. 65, 26

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Ինչո՞ւ ոմանք Աստուծոյ ձեռքը կը տեսնեն իրենց կեանքին մէջ, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։

  • Ի՞նչ փաստ ունինք, թէ Եհովան ներկայիս մեզմով հետաքրքրուած է։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի աւելի յստակ տեսնենք Աստուծոյ ձեռքը մեր կեանքին մէջ։

1, 2. Ոմանք Աստուծոյ մասին ի՞նչ կը խորհին։

ՇԱՏԵՐ կը կարծեն, թէ իրենց ըրածին եւ Աստուծոյ ըրածին միջեւ շատ կապ չկայ։ Ոմանք կը խորհին որ Աստուած չէ հետաքրքրուած թէ մարդոց ի՛նչ կը պատահի։ Նոյեմբեր 2013–ին, Հայիան հզօր փոթորկահովը Ֆիլիփիններու կեդրոնական շրջանները աւերներ պատճառելէ ետք, մեծ քաղաքի մը քաղաքապետը ըսաւ. «Աստուած ուրիշ տեղ մը ըլլալու էր»։

2 Ուրիշներ կը խորհին որ Աստուած իրենց ըրածը չի կրնար տեսնել (Եսա. 26։10, 11. Գ. Յովհ. 11)։ Անոնք Պօղոս առաքեալին նկարագրած անհատներուն կը նմանին, որոնք «չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել»։ Այսպիսի մարդիկ «լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով» (Հռով. 1։28, 29)։

3. ա) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։ բ) Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ «ձեռք»ը յաճախ ինչի՞ կ’ակնարկէ։

3 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Վերը նշուած անհատներուն հակառակը, մենք գիտենք թէ Եհովան մեր ամէն ըրածը կը տեսնէ։ Բայց արդեօք նաեւ կը գիտակցի՞նք, թէ ան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կը տեսնե՞նք իր օգնական ձեռքը մեր կեանքին մէջ։ Աւելին, պարփակուա՞ծ ենք այն անձերուն մէջ, որոնց համար Յիսուս ըսաւ որ «պիտի տեսնեն Աստուած» (Մատ. 5։8)։ Ասոր իմաստը հասկնալու համար, նախ Աստուածաշունչէն նկատի առնենք կարգ մը մարդիկ, որոնք Աստուծոյ ձեռքը տեսան, իսկ ուրիշներ՝ որոնք չտեսան։ Ետքը, պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հաւատքի աչքերով յստակօրէն տեսնել Եհովայի ձեռքը մեր կեանքին մէջ։ Մինչ այս կէտերը նկատի կ’առնենք, միտքդ պահէ թէ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ «ձեռք»ը յաճախ կ’ակնարկէ այն ուժին, որ կը գործածէ իր ծառաներուն օգնելու եւ իր թշնամիներուն յաղթելու համար (կարդա՛ Բ. Օրինաց 26։8)։

ԱՆՈՆՔ ՉՈՒԶԵՑԻՆ ՏԵՍՆԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԵՌՔԸ

4. Իսրայէլին թշնամիները ինչո՞ւ չտեսան Աստուծոյ ձեռքը։

4 Անցեալին, շատ մը ժողովուրդներ կրնային տեսնել եւ լսել թէ Աստուած ինչպէ՛ս իսրայէլին օգնեց։ Եհովան հրաշքներ ըրաւ, որպէսզի իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն ազատագրէ եւ Աւետեաց երկրին մէջ թագաւորներու յաղթէ (Յես. 9։3, 9, 10)։ Այս բաները տեսնելով եւ լսելով հանդերձ, Յորդանանի արեւմտեան կողմի գրեթէ բոլոր թագաւորները «միաբանութեամբ հաւաքուեցան որպէս զի Յեսուին ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին» (Յես. 9։1, 2)։ Նոյնիսկ երբ այդ թագաւորները սկսան պատերազմիլ, տակաւին կրնային Աստուծոյ ձեռքը տեսնել։ Եհովային հզօր ուժով «արեւը կայնեցաւ եւ լուսինը իր տեղը մնաց, մինչեւ որ ժողովուրդը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ» (Յես. 10։13)։ Բայց «[թշնամիներուն] սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ» (Յես. 11։20)։ Իսրայէլին թշնամիները պարտուեցան, քանի որ չուզեցին ընդունիլ որ Աստուած իսրայէլին համար կը պատերազմէր։

5. Աքաաբ չար թագաւորը ի՞նչը չուզեց ընդունիլ։

5 Ուրիշ օրինակ մըն է Աքաաբ չար թագաւորը, որ քանի մը առիթներով կրնար Եհովային ձեռքը տեսնել։ Եղիան իրեն ըսաւ. «Ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս» (Գ. Թագ. 17։1)։ Յստակօրէն այս խօսքը Եհովային կողմէն էր, բայց Աքաաբ չուզեց ասիկա ընդունիլ։ Յետագային, Աքաաբ տեսաւ թէ ինչպէ՛ս երկնքէն կրակ իջաւ, երբ Եղիան Աստուծոյ աղօթեց։ Յետոյ, Եղիան Աքաաբին հասկցուց որ Եհովան երաշտին վերջ պիտի դնէր, ըսելով. «Իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս» (Գ. Թագ. 18։22-45)։ Աքաաբ բոլոր այս բաները տեսաւ, բայց տակաւին չուզեց ընդունիլ թէ ատոնք Եհովային զօրութիւնը կը ցուցնէին։ Այս եւ նախորդ օրինակներէն կարեւոր դաս մը կը սորվինք. երբ Եհովային ձեռքը կը գործէ, պէտք է նկատենք զայն։

ԱՆՈՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՁԵՌՔԸ ՏԵՍԱՆ

6, 7. Գաբաւոնացիները եւ Ռախաբը ի՞նչ բան ընդունեցին։

6 Գաբաւոնացիները իրենց շուրջը եղող ազգերէն շատ տարբեր էին։ Անոնք տեսան Աստուծոյ ձեռքը։ Փոխանակ իսրայէլացիներուն դէմ կռուելու, իսրայէլի հետ խաղաղութիւն ըրին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք ըսին. «Եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք» (Յես. 9։3, 9, 10)։ Անոնք իմաստուն գտնուեցան եւ ընդունեցին թէ ճշմարիտ Աստուածը իսրայէլացիներուն կռնակ կեցած էր։

7 Ռախաբն ալ Աստուծոյ ձեռքը տեսաւ։ Լսելէ ետք թէ Եհովան ինչպէ՛ս Իր ժողովուրդը ազատած էր, ան երկու իսրայէլացի լրտեսներուն ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ»։ Թէեւ այս դիրքը բռնելը վտանգաւոր էր, սակայն ան ցոյց տուաւ թէ կը հաւատար որ Եհովան կրնայ զինք եւ իր ընտանիքը ազատել (Յես. 2։9-13. 4։23, 24)։

8. Կարգ մը իսրայէլացիներ ինչպէ՞ս տեսան Աստուծոյ ձեռքը։

8 Իսրայէլի Աքաաբ չար թագաւորին հակառակը, կարգ մը իսրայէլացիներ, որոնք տեսան երկնքէն կրակ իջնելը, անդրադարձան որ Աստուած էր ատիկա ընողը, ըսելով. «Եհովան է Աստուած» (Գ. Թագ. 18։39)։ Իրենց համար յստակ էր որ Աստուծոյ ուժը տեսած էին։

9. Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան կամ իր ձեռքը տեսնել։

9 Մեր նկատի առած թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ օրինակները մեզի կ’օգնեն որ հասկնանք, թէ ի՛նչ ըսել է Աստուած կամ իր ձեռքը տեսնել։ Մինչ իրեն եւ իր յատկութիւններուն աւելի կը ծանօթանանք, մեր ‘սրտերուն աչքերով’ կը տեսնենք իր ձեռքը (Եփ. 1։18)։ Վստահաբար կ’ուզենք նմանիլ այն հաւատարիմ մարդոց, ըլլան անցեալ կամ ներկայ ժամանակէն, որոնք յստակօրէն տեսած են թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին օգնած է։ Սակայն, իսկապէս փաստ ունի՞նք որ Աստուած այսօր ալ մարդոց կ’օգնէ։

ՓԱՍՏԵՐ՝ ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Կ’ՕԳՆԷ

10. Ի՞նչ փաստ ունինք որ Եհովան ներկայիս մարդոց կ’օգնէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Շատ պատճառներ ունինք հաւատալու, թէ Եհովան կը շարունակէ մարդոց օգնել։ Շատ անգամներ լսած ենք փորձառութիւններ, թէ ինչպէ՛ս անհատներ աղօթած են հոգեւոր օգնութիւն ստանալու համար, եւ ետքը զայն ստացած են (Սաղ. 53։2)։ Օրինակ՝ մինչ Ալան անունով եղբայր մը ֆիլիփինեան պզտիկ կղզիի մը մէջ տունէ–տուն կը քարոզէր, հանդիպեցաւ կնոջ մը որ սկսաւ լալ։ Ալան կ’ըսէ. «Տակաւին նոյն օրը՝ առտուն, Եհովային աղօթեց որ Վկաները զինք գտնեն։ Երբ ան պատանուհի էր, Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էր, բայց երբ ամուսնացաւ եւ այդ կղզին փոխադրուեցաւ, անոնց հետ իր կապը կտրուեցաւ։ Աստուած այնքա՛ն արագ պատասխանեց իր աղօթքին, որ յայտնապէս զգացուեցաւ»։ Մէկ տարի չանցած, ան իր կեանքը Եհովային նուիրեց։

1) Մարդ մը կը մերժէ ծխախոտ առնել. 2) Քրիստոնեայ քոյր մը օտար երկրի մը մէջ ծառայութեան ելած է. 3) Քրիստոնեայ եղբայր մը դատարանին մէջ

Ապացոյցներ կը տեսնե՞ս, թէ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդին կ’օգնէ (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

11, 12. ա) Եհովան իր ծառաներուն ի՞նչ կերպերով կ’օգնէ։ բ) Բացատրէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս քրոջ մը օգնեց։

11 Աստուծոյ ծառաներէն շատեր տեսած են իր օգնական ձեռքը, երբ մոլութիւններ կեցուցած են, ինչպէս՝ ծխել, թմրեցուցիչ գործածել կամ պոռնկագրութիւն դիտել։ Ոմանք կ’ըսեն որ կրկին անգամ փորձեցին իրե՛նց ուժով դադրեցնել, բայց չկրցան։ Սակայն երբ Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցին, ան «անսահման զօրութիւնը» տուաւ եւ անոնք ի վերջոյ իրենց տկարութեան յաղթեցին (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ. Սաղ. 37։23, 24)։

12 Եհովան իր ծառաներէն շատերուն օգնած է անձնական դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ Օրինակ՝ Էյմի անունով քոյր մը դժուարութիւններ ունեցաւ, երբ նշանակուեցաւ որ երթայ Խաղաղական ովկիանոսի պզտիկ կղզի մը եւ հոն օգնէ Թագաւորութեան սրահի մը եւ միսիոնարական տունի մը շինարարութեան մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Պզտիկ պանդոկի մը մէջ կը մնայինք եւ ամէն օր անձրեւի ջուրերով լեցուած փողոցներու մէջ քալելով աշխատավայր կ’երթայինք»։ Ան նաեւ պէտք էր տեղական սովորութիւններուն վարժուէր, եւ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը յաճախ կը կտրուէին։ Էյմին կ’աւելցնէ. «Ասիկա չի բաւեր, մեզի հետ աշխատող քոյրերէն մէկուն վրայ պոռթկացի եւ զգացի որ ձախող անձ մըն եմ։ Պանդոկ վերադարձայ եւ մութ սենեակիս մէջ սիրտս Եհովային բացի եւ օգնութիւն խնդրեցի»։ Երբ ելեկտրականութիւնը եկաւ, Էյմին Դիտարան պարբերաթերթի թիւ մը վերցուց, որ կը պարունակէր Գաղաադի շրջանաւարտութեան յայտագրին մասին յօդուած մը, որ կը քննարկէր բոլոր իր դժուարութիւնները. նոր մշակոյթ, տնատենչութիւն, նոր մարդոց հետ գործ ունենալ։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ այդ գիշեր Եհովան ինծի հետ կը խօսէր։ Ատիկա զիս մղեց որ նշանակումս շարունակեմ» (Սաղ. 44։25, 26. Եսա. 41։10, 13)։

13. Ի՞նչ փաստ ունինք թէ Եհովան օգնած է իր ժողովուրդին, որ քարոզելու իրենց իրաւունքը պաշտպանեն։

13 Եհովան նաեւ իր ժողովուրդին օգնած է, որ «բարի լուրը պաշտպան[են] եւ օրինապէս հաստատ[են]» (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Կարգ մը կառավարութիւններ փորձած են քարոզչութիւնը բոլորովին կեցնել։ Բայց երբ ետեւ նայինք, կը տեսնենք որ Եհովայի վկաները ամէնէն քիչը 268 դատ շահած են բարձրագոյն ատեաններու մէջ։ Անոնցմէ 24–ը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ շահուած են 2000–էն ի վեր։ Յստակ է որ ո՛չ մէկը կրնայ Աստուծոյ ձեռքը կեցնել (Եսա. 54։17. կարդա՛ Եսայի 59։1)։

14. Աստուծոյ ձեռքը ինչպէ՞ս կը տեսնենք քարոզչութեան գործին եւ մեր վայելած միութեան մէջ։

14 Միայն Աստուծոյ ուժով կրնայ բարի լուրը աշխարհին չորս կողմը քարոզուիլ (Մատ. 24։14. Գործք 1։8)։ Ատոր վրայ աւելցուր՝ Եհովայի ժողովուրդին միջազգային եղբայրութիւնը, որ աշխարհին մէջ յատուկ է։ Նոյնիսկ Եհովան չպաշտող մարդիկ կը խոստովանին. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է» (Ա. Կոր. 14։25)։ Ուստի շատ փաստեր ունինք, որ Աստուած իր ժողովուրդին հետն է (կարդա՛ Եսայի 66։14)։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անձամբ քո՛ւ մասիդ։ Եհովայի ձեռքը յստակօրէն կը տեսնե՞ս կեանքիդ մէջ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՁԵՌՔԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞Ս ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ

15. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ ատեններ թերեւս Եհովայի ձեռքը չտեսնենք մեր կեանքին մէջ։

15 Ատեններ կրնայ ըլլալ որ Աստուծոյ ձեռքը չտեսնենք մեր կեանքին մէջ։ Ինչո՞ւ։ Երբ շատ դժուարութիւններ ունենանք, թերեւս մոռնանք թէ Եհովան շատ անգամներ օգնած է մեզի։ Ասիկա նոյնիսկ Եղիայի հետ պատահեցաւ։ Երբ Յեզաբէլ թագուհին ուզեց զինք սպաննել, վայրկեան մը ան մոռցաւ թէ Աստուած ինչպէ՛ս իրեն օգնած էր եւ «սրտանց մեռնիլ ուզեց» (Գ. Թագ. 19։1-4)։ Ան ուրկէ՞ պիտի ստանար օգնութիւն եւ քաջութիւն։ Ան պէտք էր Եհովային դիմէր (Գ. Թագ. 19։14-18)։

16. Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի Յոբին պէս Աստուած տեսնենք։

16 Յոբ այնքա՛ն տարուած էր իր մտահոգութիւններով որ չկրցաւ հարցերուն նայիլ Եհովային աչքերով (Յոբ 42։3-6)։ Մենք ալ թերեւս Յոբին պէս պէտք է աւելի ջանք թափենք որ Աստուած տեսնենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Պէտք է խոկանք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ մեր խնդիրներուն մասին։ Եւ մինչ կ’անդրադառնանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, ան աւելի իրական պիտի ըլլայ մեզի համար եւ մենք ալ պիտի կարենանք ըսել. «Քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ»։

Երկու քրիստոնեայ քոյրեր ճամբան կնոջ մը կը քարոզեն

Եհովան քեզ կը գործածէ՞ որպէսզի ուրիշներուն օգնես որ զինք տեսնեն (տե՛ս պարբերութիւն 17, 18)

17, 18. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ձեռքը տեսնել։ բ) Փորձառութիւն մը պատմէ, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովան մեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ ներկայիս։

17 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ձեռքը տեսնել։ Նկատի առ հինգ օրինակ։ Առաջին, թերեւս կը զգաս թէ Եհովան քեզի օգնեց ճշմարտութիւնը գտնելու։ Երկրորդ, թերեւս կը յիշես օր մը որ ժողովի գացիր, դասախօսութիւն մը լսեցիր եւ ըսիր. «Ես ճիշդ ասոր պէտք ունէի»։ Երրորդ, կրնայ ըլլալ որ տեսած ես թէ ինչպէ՛ս Եհովան աղօթքիդ պատասխանեց։ Չորրորդ, թերեւս ուզեցիր Եհովային աւելի ծառայել եւ տեսար թէ ինչպէ՛ս քեզի օգնեց որ նպատակակէտիդ հասնիս։ Հինգերորդ, թերեւս հոգեւոր պատճառներով գործդ ձգեցիր, եւ ետքը տեսար թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր խօսքին տէրը ելաւ. «Բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5)։ Հոգեւորապէս արթուն ըլլալով կրնանք դիւրութեամբ տեսնել Եհովային ձեռքը մեր կեանքին մէջ։

18 Քենիայէն քոյր մը՝ Սառա կը պատմէ. «Աղօթեցի անձի մը մասին, որուն հետ կ’ուսումնասիրէի եւ կը զգայի թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան շատ արժէք չէր տար։ Եհովային հարցուցի եթէ պէտք է կեցնեմ ուսումնասիրութիւնը։ Հազիւ որ ‘Ամէն’ ըսի, հեռաձայնս զարկաւ։ Աշակերտուհիս էր։ Կը հարցնէր թէ արդեօք կրնա՞յ ինծի հետ ժողովի երթալ։ Երկինքէն ինկայ»։ Եթէ արթուն ըլլաս, դուն ալ կրնաս տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ։ Ռոնա անունով քոյր մը, որ Ասիայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Որպէսզի կարենաս Եհովային առաջնորդութիւնը տեսնել, փորձառութեան կը կարօտիս։ Բայց մէյ մը որ այդ փորձառութիւնը ունենաս, պիտի հիանաս թէ Եհովան որքա՜ն հետաքրքրուած է մեզմով»։

19. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուած տեսնենք։

19 Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած» (Մատ. 5։8)։ Ինչպէ՞ս կրնանք «սրտով մաքուր» ըլլալ։ Պէտք է ներսէն մաքուր ըլլանք եւ կեցնենք որեւէ սխալ ընթացք որ բռնած ենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։2)։ Մինչ հոգեւորապէս աւելի զօրաւոր կը դառնանք եւ լաւ վարք կ’ունենանք, կրնանք Եհովան տեսնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ հաւատքը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ աւելի յստակօրէն տեսնելու Եհովային ձեռքը մեր կեանքին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել