Ափրիկէի եւ Ամերիկաներուն միջեւ ստրուկներու վաճառքը շահաբեր առեւտուր մըն էր
Ստրկութենէն դէպի ազատութիւն՝ անցեալին եւ ներկայիս
Պլէսինկa հասաւ Եւրոպա։ Անոր խոստացուած էր որ որպէս վարսայարդար պիտի աշխատէր։ Բայց ան տասը օր վրայ վրայի ծեծ ուտելէ ետք իրեն ըսուեցաւ, որ եթէ որպէս պոռնիկ չաշխատի, իր ընտանիքին դէմ ալ բռնութիւն պիտի գործածուէր։ Ան ստիպուեցաւ աշխատիլ։
Գերի առնուած ստրուկներ Եգիպտոսի մէջ
Պլէսինկէն կ’ակնկալուէր որ ամէն գիշեր 200–էն 300 եւրօ շահէր, որպէսզի իր աւելի քան 40,000 եւրօ պարտքը վճարէր իր մատամինb։ Պլէսինկ կը բացատրէ. «Շատ անգամներ մտածեցի փախչիլ, բայց վախցայ որ երկրիս մէջ ընտանիքիս բան մը ընեն։ Իրենց ձեռքը ինկած էի»։ Պլէսինկ միակ անձը չէ որ գերի առնուած է, որ որպէս պոռնիկ աշխատի։ Աշխարհին մէջ իրեն պէս կան շուրջ չորս միլիոն անձեր։
Գրեթէ 4000 տարի առաջ, Յովսէփ անունով պատանիի մը եղբայրները զինք ծախեցին։ Ան ստրուկ եղաւ յայտնի եգիպտացի ընտանիքի մը քով։ Սկիզբը անոր հետ գէշ չվարուեցան Պլէսինկին պէս։ Բայց երբ ան իր տիրոջ կնոջ ուզածը չըրաւ, կինը սուտ խօսելով ըսաւ, որ ան փորձած էր զինք բռնաբարել։ Զայն անարդարօրէն բանտ նետեցին եւ վիզը երկաթի մէջ դրին (Ծննդոց 39։1-20. Սաղմոս 105։17, 18)։
Յովսէփ անցեալին պատկանող ստրուկ մըն էր, իսկ Պլէսինկ՝ 21–րդ դարուն պատկանող ստրուկ մըն է։ Երկուքն ալ դարաւոր սովորութեան մը զոհը գացին՝ ստրկավաճառութիւն։ Ատիկա վաճառք մըն է, որ մարդոց հետ կը վարուի կարծես թէ ապրանք են, եւ իրեն համար միակ կարեւոր բանը՝ դրամ շահիլն է։
ՄԵԾ ԱՌԵՒՏՈՒՐ
Պատերազմը ամէնէն դիւրին ձեւն էր որ ազգերը ստրուկներ հաւաքէին։ Կ’ըսուի որ եգիպտացի Թաթմուս Գ. թագաւորը 90,000 բանտարկեալ բերաւ, Քանանի մէջ մէկ պատերազմէ ետք։ Եգիպտացիները զանոնք որպէս ստրուկներ աշխատցուցին հանքագործութեան մէջ, եւ տաճարներ ու ջրանցքներ շինելու մէջ։
Հռոմէական կայսրութեան մէջ ալ բազմաթիւ ստրուկներ ձեռք կը ձգուէին պատերազմներուն միջոցաւ։ Եւ ատեններ ստրուկներ բերելու համար պատերազմ կ’ընէին։ Կ’ըսուի թէ առաջին դարուն՝ Հռոմ քաղաքին բնակչութեան գրեթէ կէսը ստրուկ էր։ Եգիպտոսի եւ Հռոմի մէջ, բազմաթիւ ստրուկներու հետ շատ գէշ կերպով կը վարուէին։ Օրինակ՝ հռոմէական հանքերուն մէջ աշխատող ստրուկները միջին հաշուով 30 տարի կ’ապրէին։
Ստրկութիւնը ժամանակի ընթացքին չթեթեւցաւ։ 16–րդ դարէն մինչեւ 19–րդ դարը, Ափրիկէի եւ Ամերիկաներուն միջեւ եղող ստրուկներու վաճառքը ամէնէն շահաբեր առեւտուրներէն մէկն էր։ ԵՈՒՆԷՍՔՕ–ի տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «25-30 միլիոն տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ առեւանգուեցան ու ծախուեցան»։ Նաեւ կ’ըսուի թէ հարիւր հազարաւորներ մեռան Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելու ատեն։ Օլաուտա Էքուիանօ, որ վերապրող ստրուկ մըն էր, ըսաւ. «Կիներուն պոռչտուքը եւ մահամերձներուն հեծեծանքը այնքան սարսափելի էր որ չի բացատրուիր»։
Ստրկութիւնը բան մը չէ որ միայն պատմութեան էջերուն մէջ կը կարդանք։ Ըստ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան, շուրջ 21 միլիոն տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ տակաւին կ’աշխատին որպէս ստրուկներ, փախչելու անկարող են, եւ շատ քիչ դրամ կ’առնեն կամ նոյնիսկ բնաւ չեն առներ։ Հիմակուան ստրուկները կ’աշխատին հանքերու, հիւսուածեղէնի գործարաններու, աղիւսի գործարաններու, պոռնկանոցներու եւ անձնական տուներու մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ այս տեսակի ստրկութիւնը երթալէն կ’աւելնայ, հակառակ որ անօրէն է։
Միլիոնաւորներ տակաւին որպէս ստրուկ կ’աշխատին
ԴԷՊԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Գէշ վերաբերմունքը ձգած է որ բազմաթիւ ստրուկներ ազատութեան համար պայքարին։ Ք.Ա. առաջին դարուն, Սպարտակ սուսերամարտիկը եւ շուրջ 100,000 ստրուկներ Հռոմի դէմ ըմբոստացան բայց չյաջողեցան։ 18–րդ դարուն, Քարայիպեան Էսպանիոլա կղզիին ստրուկները իրենց տէրերուն դէմ ելան։ Շաքարի մշակավայրերուն մէջ անոնց տեսած սոսկալի վերաբերմունքը պատճառ դարձաւ, որ 13 տարուան քաղաքացիական պատերազմ տեղի ունենայ, որուն վերջաւորութեան՝ 1804–ին Հայիթիի անկախ պետութիւնը մէջտեղ եկաւ։
Սակայն Եգիպտոսէն իսրայէլացիներուն ելքը անպայման պէտք է նկատուի՝ ամբողջ պատմութեան մէջ ամէնէն յաջող ազատագրումը ստրկութենէն։ Հաւանաբար երեք միլիոն ժողովուրդ (ամբողջ ազգ մը) ազատագրուեցաւ ստրկութենէն Եգիպտոսի մէջ։ Անոնք անկասկած իրենց ազատութեան արժանի էին։ Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ թէ Եգիպտոսի մէջ անոնք բռնութեան տակ կը ծառայէին (Ելից 1։11-14)։ Փարաւոն մը նոյնիսկ հրամայեց որ անոնց մանուկները սպաննուին, որպէսզի չշատնան (Ելից 1։8-22)։
Իսրայէլացիներուն Եգիպտոսէն ազատագրուիլը յատուկ էր, քանի որ Աստուա՛ծ իրենց օգնեց։ Ան Մովսէսին ըսաւ. ‘Անոնց նեղութիւնները գիտեմ եւ զանոնք ազատելու եկայ’ (Ելից 3։7, 8)։ Մինչեւ այսօր, ամէն տարի աշխարհի չորս կողմը հրեաները Պասեքը կը տօնեն, որպէսզի այդ դէպքը յիշատակեն (Ելից 12։14)։
ՍՏՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ
«Մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն. . . չկայ», կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը եւ մեզի կը վստահեցնէ որ Ան չէ փոխուած (Բ. Մնացորդաց 19։7. Մաղաքիա 3։6)։ Աստուած Յիսուսը ղրկեց «գերիներուն ազատութիւն. . . քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու» (Ղուկաս 4։18, 19)։ Ասիկա նշանակե՞ց որ ամէն բառացի ստրուկ իր ազատութիւնը պիտի ստանար։ Ո՛չ։ Յիսուս ղրկուած էր որ մարդիկը ազատէր մեղքի ու մահուան ստրկութենէն։ Ան յետագային ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32)։ Յիսուսին սորվեցուցած ճշմարտութիւնը նոյնիսկ այսօր մարդիկը կ’ազատագրէ շատ մը կերպերով (տե՛ս «Տարբեր տեսակ ստրկութենէ մը ազատագրուիլ» շրջանակը)։
Իրականութեան մէջ, Աստուած իրապէս օգնեց Յովսէփին ու Պլէսինկին, որ իրենց ստրկութենէն ազատին տարբեր կերպերով։ Յովսէփին պատմութիւնը կրնաս գտնել Ծննդոց 39-41–րդ գլուխներուն մէջ։ Իսկ գալով Պլէսինկին, ան ալ զարմանալի կերպով մը ազատեցաւ։
Պլէսինկ եւրոպական երկրէ մը վռնտուելով Սպանիա գնաց։ Հոն, ան ծանօթացաւ Եհովայի վկաներու եւ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Ան միտքը դրաւ որ իր կեանքը շտկէ։ Ան գործ մը գտաւ, եւ իր առաջուան մատամը համոզեց որ ամիսը աւելի քիչ գումար վճարէ, իր պարտքը գոցելու համար։ Օր մը, մատամը Պլէսինկին հեռաձայնեց։ Ան կ’ուզէր անոր պարտքը ջնջել եւ ներում խնդրել։ Լաւ, ի՞նչ պատահած էր։ Ան ալ սկսած էր Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։ Պլէսինկ կ’ըսէ. «Ճշմարտութիւնը զարմանալի կերպերով կ’ազատէ»։
Եհովա Աստուած շատ նեղացաւ երբ տեսաւ որ Եգիպտոսի մէջ իսրայէլացի ստրուկներուն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Ան վստահաբար այսօր ալ նոյնը կը զգայ երբ այդպիսի անարդարութիւն կը տեսնէ։ Ճիշդ է որ պէտք է մարդկային ընկերութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն մտցուի, որպէսզի ամէն տեսակի ստրկութիւն մէջտեղէն վերցուի։ Բայց Աստուած կը խոստանայ որ ա՛յդ փոփոխութիւնը պիտի ընէ։ «Նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։