ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Աստուծոյ շնորհքը շօշափեցինք շատ մը կերպերով
ՀԱՅՐՍ՝ Արթըր աստուածավախ մարդ էր եւ կ’ուզէր մեթոտական քահանայ ըլլալ։ Բայց ան իր միտքը փոխեց երբ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն կարգ մը հրատարակութիւնները կարդաց եւ սկսաւ անոնց ընկերակցիլ։ Ան մկրտուեցաւ 1914–ին՝ երբ 17 տարեկան էր։ Այդ ժամանակ Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսած էր, եւ հայրս կանչուեցաւ որ զինուորութիւն ընէ, բայց ան մերժեց։ Այս պատճառաւ, ան 10 ամիս բանտարկուեցաւ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի Քինկսթըն բանտին մէջ։ Երբ բանտէն ելաւ, ան սկսաւ լիաժամ ծառայել որպէս հրատարակութիւններ բաշխող (ռահվիրայ)։
1926–ին, Արթըր Կէսթ ամուսնացաւ Հէյզըլ Ուիլքընսընի հետ, որուն մայրը 1908–ին ծանօթացած էր ճշմարտութեան։ Ծնայ 24 ապրիլ 1931–ին։ Ինձմէ մեծ քոյր մը ունէի, իսկ ինձմէ պզտիկ՝ քոյր մը եւ եղբայր մը։ Մեր ընտանեկան կեանքը կեդրոնացած էր Եհովայի պաշտամունքին վրայ։ Հայրս խորապէս կը յարգէր Սուրբ Գիրքը, ինչ որ ձգեց որ Աստուծոյ Խօսքը արժեւորենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Որպէս ընտանիք կանոնաւորաբար կը մասնակցէինք տունէ–տուն ծառայութեան (Գործք 20։20)։
ՀՕՐՍ ՊԷՍ ՉԷԶՈՔ ՄՆԱՑԻ ԵՒ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԻՒՆ ԸՐԻ
1939–ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսաւ, եւ յաջորդ տարին՝ Քանատայի մէջ Եհովայի վկաներուն գործը արգիլումի տակ եկաւ։ Դպրոցականները ստիպուած էին դրօշակին բարեւել եւ ազգային քայլերգը երգել դասարանին մէջ։ Ընդհանրապէս, ուսուցիչները կ’արտօնէին որ մեծ քոյրս՝ Տորոթին ու ես դասարանէն դուրս ելլէինք այդ պահերուն, բայց օր մը՝ ուսուցիչը փորձեց զիս ամօթով հանել, ըսելով որ վախկոտ եմ։ Դպրոցէն ետք, դասընկերներէս ոմանք վրաս յարձակեցան եւ զիս գետին հրեցին։ Բայց ասիկա ձգեց որ ա՛լ աւելի վճռեմ ‘Աստուծոյ հնազանդիլ, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29)։
Յուլիս 1942–ին՝ երբ 11 տարեկան էի, ագարակի մը աւազանին մէջ մկրտուեցայ։ Երբ դպրոցի արձակուրդ կ’առնէինք, արձակուրդի ռահվիրայ կ’ըլլայի (հիմա կը կոչուի օժանդակ ռահվիրայ)։ Տարի մը, երեք եղբայրներու հետ գացի Օնթարիոյի հիւսիսը եւ քարոզեցինք անտառի ծառեր կտրողներու։
1 մայիս 1949–ին, կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։ Ետքը, հրաւիրուեցայ որ Քանատայի մասնաճիւղին մէջ շինարարութեան օգնեմ, եւ 1 դեկտեմբերին՝ այդտեղի Բեթէլի ընտանիքին մէկ անդամը եղայ։ Նշանակուեցայ տպարանին մէջ ծառայելու եւ սորվեցայ հարթ տպագրութեան մեքենան աշխատցնել։ Քանի մը շաբաթ գիշերները աշխատեցայ, տպելով թերթիկ մը՝ Քանատայի մէջ Եհովայի ժողովուրդին ունեցած հալածանքին մասին։
Ետքը, աշխատեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։ Նշանակում ստացայ որ խօսակցիմ այն ռահվիրաներուն հետ, որոնք կ’այցելէին մասնաճիւղը մինչ Քեպէք կ’երթային, ուր շատ հալածանք կար։ Ռահվիրաներէն մէկն էր՝ Մէրի Զազուլա, որ եկած էր Ալպերթա նահանգի Էտմոնթըն քաղաքէն։ Անոր մոլեռանդ ուղղափառ ծնողքը տունէն դուրս դրած էր զինք եւ իր մեծ եղբայրը՝ Ճոն, քանի որ չէին ուզած կեցնել Աստուածաշունչի իրենց ուսումնասիրութիւնը։ Երկուքն ալ մկրտուած էին յունիս 1951–ին, եւ վեց ամիս ետք սկսած էին ռահվիրայութիւն ընել։ Մինչ Մէրիին հետ կը խօսակցէի, իր հոգեւոր կեցուածքով տպաւորուեցայ։ Ես ինծի ըսի. «Կարծես թէ ասիկա է իմ ուզած կինս, բացի եթէ անյարմար բան մը մէջտեղ ելլէ»։ Ինը ամիս ետք՝ 30 յունուար 1954–ին ամուսնացանք։ Մէկ շաբաթ ետք, հրաւէր ստացանք որ մարզուինք շրջանային գործին համար։ Եւ յաջորդ երկու տարիներուն, Օնթարիոյի հիւսիսը գտնուող շրջանի մը մէջ ծառայեցինք։
Մինչ քարոզչութեան գործը կ’աճէր աշխարհի տարածքին, ա՛լ աւելի պէտք կ’ըլլար միսիոնարներու։ Մտածեցինք որ եթէ արդէն կը դիմանանք Քանատայի ցուրտ օդին եւ ամրան նեղացուցիչ մժղուկներուն, ուրեմն ամէ՛ն բանի կրնանք դիմանալ, ինչ ալ ըլլայ նշանակումը եւ ատոր անյարմար պայմանները։ Յուլիս 1956–ին աւարտեցինք Գաղաադի դպրոցին 27–րդ դասարանը, եւ նոյեմբերին արդէն իսկ սկսած էինք ծառայել Պրազիլի մէջ։
ՊՐԱԶԻԼԻ ՄԷՋ ՄԻՍԻՈՆԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երբ Պրազիլի մասնաճիւղը հասանք, սկսանք փորթուգալերէն սորվիլ։ Նախ սորվեցանք հաղորդակցութիւն սկսելու դիւրին ձեւեր։ Նաեւ գոց սորվեցանք պարբերաթերթի ներկայացում մը, որ մէկ վայրկեան կը տեւէր։ Ետքը սկսանք դաշտի ծառայութեան ելլել։ Մեզի ըսուեցաւ որ եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, իրեն կարդանք համար մը որ կը ցուցնէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իշխէ։ Ծառայութեան մէջ մեր առաջին օրը, կին մը ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, ես ալ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը կարդացի իրեն, եւ յետոյ մարեցայ։ Մարմինս դեռ չէր վարժուած տաք եւ խոնաւ օդին։ Ասիկա շարունակեց ինծի խնդիր ըլլալ։
Մեր նշանակումը եղաւ ծառայել Գամփըս տոս Կոյդագէզըս քաղաքին մէջ, ուր հիմա 15 ժողովքներ կան։ Բայց երբ հոն ոտք կոխեցինք, քաղաքին մէջ կար միայն մէկ խումբ եւ միսիոնարական տուն մը, ուր կ’ապրէին չորս քոյրեր. Էսթըր Թրէյսի, Ռամոնա Պաուէր, Լուիզա Շվարց եւ Լորեն Պրուքս (հիմա՝ Ուոլըն)։ Տան մէջ պատասխանատուութիւնս էր՝ լուացք ընել եւ ճաշ եփելու համար տախտակ ապահովել։ Երկուշաբթի իրիկուն մը, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութենէն ետք, անակնկալ հիւր մը ունեցանք։ Կինս տիվանին վրայ երկնցած հանգիստ կ’ընէր, մինչ իրարու հետ կը խօսէինք օրուան ընթացքին մեր ըրածներուն մասին։ Երբ ան գլուխը վերցուց բարձէն, օձ մը ելաւ տակէն եւ բաւական իրարանցում պատճառեց մինչեւ որ մեռցուցի զայն։
Մէկ տարի փորթուգալերէն սորվելէ ետք՝ շրջանային տեսուչ նշանակուեցայ։ Պարզ կեանք մը կ’ապրէինք այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր ելեկտրականութիւն չկար, խսիրի վրայ կը պառկէինք եւ ձիով կամ կառքով կ’երթայինք–կու գայինք։ Անգամ մը, շոգեկառքով գացինք լեռներու մէջ գտնուող հեռաւոր գիւղ մը որպէսզի քարոզենք, եւ հոն սենեակ մը վարձեցինք։ Մասնաճիւղը 800 պարբերաթերթ ղրկեց մեզի, որպէսզի ծառայութեան մէջ գործածենք։ Բազմաթիւ անգամներ գացինք նամակատուն, որպէսզի տուփերով պարբերաթերթերը բերենք։
1962–ին, Պրազիլի մէջ տեղի ունեցաւ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը, եղբայրներուն եւ միսիոնար քոյրերուն համար։ Վեց ամիս նշանակումս էր սորվեցնել դպրոցներուն մէջ՝ մէկը միւսին ետեւէն։ Առանց կնոջս գացի Մանաուս, Պէլէմ, Ֆորթըլեզա, Ռըսիֆի եւ Սալվատոր։ Նահանգային համաժողով մը կազմակերպեցի Մանաուսի հռչակաւոր օփերայի սրահին մէջ։ Տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով՝ գրեթէ չէր մնացած խմելիք մաքուր ջուր, եւ յարմար տեղ մը չունէինք որ եղբայրներն ու քոյրերը ճաշ ուտեն համաժողովին ընթացքին։ Զինուորական պաշտօնեայի մը հետ խօսեցայ եւ մեր խնդիրը բացատրեցի։ Ան ազնուութեամբ կարգադրութիւններ ըրաւ, որ մաքուր ջուր ապահովէ լման համաժողովին ընթացքին։ Ան նաեւ զինուորներ ղրկեց որ երկու վրան լարեն, որպէսզի գործածուին իբրեւ խոհանոց եւ ճաշարան։
Իմ բացակայութեանս, Մէրին ծառայեց փորթուգալեան առեւտրական թաղամասի մը մէջ, ուր մարդիկ միայն դրամով հետաքրքրուած էին։ Չկար մէկը որ հետաքրքրուած էր Սուրբ Գիրքով։ Մէրին յուսախաբ եղաւ եւ կարգ մը բեթէլականներու ըսաւ. «Փորթուգալը վերջին տեղն է որ կ’ուզեմ ապրիլ»։ Շատ չանցած, նամակ մը ստացանք որ մեզ կը հրաւիրէր Փորթուգալի մէջ ծառայելու։ Մէրին օդէն ինկաւ։ Այդ ժամանակ, Փորթուգալի մէջ մեր գործը արգիլումի տակ էր, բայց ընդունեցինք հրաւէրը։
ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ
Օգոստոս 1964–ին հասանք Լիզպոն, Փորթուգալ։ Մեր եղբայրները մեծ հալածանքի տակ էին փորթուգալեան գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ։ Ասոր համար, սկիզբը նախընտրելի էր որ կապ չպահենք տեղացի Վկաներուն հետ։ Մնացինք վարձու սենեակի մը մէջ։ Իսկ երբ մեր այցեգիրը ստացանք, տուն մը վարձեցինք։ Յունուար 1965–ին, վերջապէս կապ պահեցինք մասնաճիւղին հետ։ Որքա՜ն ուրախացանք երբ մեր առաջին ժողովին ներկայ եղանք, հինգ ամիս անցնելէ ետք։
Մեզի պատմուեցաւ որ ոստիկանութիւնը միշտ կը խուզարկէր եղբայրներուն տուները։ Իսկ ժողովները տեղի կ’ունենային անձնական տուներու մէջ, քանի որ Թագաւորութեան սրահները փակ էին։ Հարիւրաւոր Վկաներ ոստիկանատուն կը տարուէին հարցաքննութեան համար։ Հոն, գէշ կերպով կը վարուէին իրենց հետ, որպէսզի ստիպուին պատասխանատու եղբայրներուն անունները տալ։ Այս պատճառով, եղբայրները սովորութիւն դարձուցին որ իրար կանչեն իրենց անունով եւ ոչ թէ՝ մականունով, որպէսզի իրար պաշտպանեն։ Մենք ալ նոյնը ըրինք։
Մեր բուն նպատակակէտն էր՝ հոգեւոր սնունդ հասցնել եղբայրներուն։ Մէրիին նշանակումն էր՝ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան յօդուածներ եւ ուրիշ հրատարակութիւններ տպել յատուկ թուղթի մը վրայ։ Ետքը, այդ թուղթը կը գործածուէր իբրեւ սթենսիլ, որպէսզի եղբայրներուն համար բազմաթիւ օրինակներ արտադրուին։
ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ
Յունիս 1966–ին, շատ կարեւոր դատ մը տեղի ունեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ֆէյժու ժողովքին բոլոր 49 անդամները դատի կանչուեցան այն պատճառաբանութիւնով, որ անոնք անօրէն ժողով մը գումարած էին անձնական տան մը մէջ։ Որպէսզի եղբայրները պատրաստեմ դատավարութեան, ձեւացուցի թէ այն փաստաբանն եմ որ պիտի փաստեմ թէ իրենք յանցաւոր են։ Գիտէինք որ դատը պիտի չշահէինք, բայց անդրադարձանք որ մեծ վկայութիւն պիտի տրուէր։ Մեր փաստաբանը իր խօսքին վերջաւորութեան քաջաբար մէջբերեց առաջին դարու Գամաղիէլին խօսքերը (Գործք 5։33-39)։ Դատին լուրը տարածուեցաւ լրագրութեան միջոցով եւ 49 եղբայրներն ու քոյրերը բանտարկուեցան՝ ամէնէն քիչը 45 օր, իսկ ամէնէն շատը՝ հինգուկէս ամիս։ Շատ ուրախացանք երբ մեր քաջ փաստաբանը սկսաւ Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրել եւ ժողովներու երթալ առաջ որ մեռնի։
Դեկտեմբեր 1966–ին, մասնաճիւղի տեսուչ նշանակուեցայ եւ սկսայ շատ ժամանակ տրամադրել օրինական հարցերու։ Մեր ամէն կարելին ըրինք որ վաւերական պատճառներ հաստատենք, թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաները իրաւունք ունին որ Փորթուգալի մէջ պաշտամունքի ազատութիւն ունենան (Փլպ. 1։7)։ Վերջապէս՝ 18 դեկտեմբեր 1974–ին, օրինաւոր ճանաչում ստացանք։ Եղբայր Նաթան Նոր եւ եղբայր Ֆրետերիք Ֆրանզ գլխաւոր կեդրոնատեղիէն եկան Փորթուգալ, որպէսզի մեզի հետ ուրախանան։ Յիշատակելի ժողով մը ունեցանք Օփորդուի եւ Լիզպոնի մէջ, եւ բոլոր ներկաներուն թիւը 46,870 էր։
Եհովան նաեւ դուռը բացած էր որ բարի լուրը տարածուի շատ մը կղզիներու մէջ, ուր փորթուգալերէն կը խօսուի, ինչպէս՝ Ազորեան Կղզիներ, Գափո Վերտէ, Մատիրա, ու Սան Թոմէ եւ Փրինսիփի։ Այսպիսով, պէտք եղաւ որ աւելի մեծ մասնաճիւղ ունենանք։ 1988–ին, ասիկա իրականացաւ եւ եղբայր Միլթըն Հէնչըլ բացման դասախօսութիւնը տուաւ 23 ապրիլին։ Ներկաներուն թիւը 45,522 էր, մէջը ըլլալով 20 միսիոնարներ որոնք նախապէս Փորթուգալի մէջ ծառայած էին։
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՆՀԱՏՆԵՐԷ ԴԱՍԵՐ ԱՌԻՆՔ
Տարիներու ընթացքին շատ բաներ սորված ենք հաւատարիմ եղբայրներէ։ Օրինակ, երբ եղբայր Թէոտոր Ճէրըսին հետ գօտիի այցելութիւն մը կ’ընէինք, արժէքաւոր դաս մը սորվեցայ։ Մեր այցելած մասնաճիւղը լուրջ խնդիր մը ունէր, եւ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները իրենց ամէն կարելին ըրած էին որ զայն լուծեն։ Եղբայր Ճէրըս զիրենք հանգստացուց, ըսելով. «Հիմա ժամանակն է ձգելու որ սուրբ հոգին աշխատի»։ Նաեւ բնա՛ւ պիտի չմոռնամ եղբայր Ֆրանզին ըսածը, երբ երկար տարիներ առաջ կնոջս հետ կ’այցելէի Պրուքլին։ Մեզմէ ոմանք իրմէ խնդրեցին որ խրատ մը տայ, եւ ան ըսաւ. «Կը յանձնարարեմ ձեզի. Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հետ մնացէք թէ՛ լաւ օրերուն եւ թէ նեղ օրերուն։ Ատիկա միակն է որ կը կատարէ այն գործը որ Յիսուս իր աշակերտներէն խնդրեց. Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել»։
Ասիկա ընելը շատ ուրախացուցած է զիս եւ կինս։ Նաեւ մեր կատարած գօտիի այցելութիւններուն թանկագին յիշատակները ունինք։ Այդ այցելութիւնները առիթ տուին մեզի որ ցուցնենք, թէ որքա՜ն կը գնահատենք ամէն մէկուն հաւատարիմ ծառայութիւնը, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր տարիքը։ Միշտ եղբայրներն ու քոյրերը կը քաջալերէինք որ շարունակեն Եհովային ծառայել։
Ահա երկա՜ր տարիներ անցած են եւ երկուքս ալ 80–ական տարիքի մէջ ենք։ Մէրին շատ մը առողջապահական խնդիրներ ունի (Բ. Կոր. 12։9)։ Մեր ունեցած փորձութիւնները մեր հաւատքը զօրացուցած են, եւ ձգած են որ ա՛լ աւելի վճռենք ուղղամիտ մնալ։ Երբ մեր անցած օրերուն մասին մտածենք, կ’անդրադառնանք որ Եհովային շնորհքը շօշափած ենք շա՜տ կերպերովa։
a Մինչ այս յօդուածը հրատարակուելու կը պատրաստուէր, եղբայր Տուկլաս Կէսթ Եհովային հաւատարիմ մեռաւ՝ 25 հոկտեմբեր 2015–ին։