Բարեկա՛մ եղիր երբ վտանգի մէջ է բարեկամութիւնդ
Ճիաննին եւ Մորիցիոն շուրջ 50 տարիէ ի վեր բարեկամներ են։ Բայց ժամանակ մը՝ անոնց բարեկամութիւնը վտանգի մէջ էր։ Մորիցիոն կը բացատրէ. «Երբ դժուար պարագայէ մը կ’անցնէի, կարգ մը լուրջ սխալներ ըրի, եւ այս պատճառով իրարմէ հեռացանք»։ Ճիաննին կ’աւելցնէ. «Մորիցիոն Սուրբ Գիրքի ուսուցիչս էր, երբ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել, եւ հոգեւոր դաստիարակս եղաւ։ Ասոր համար, չկրցայ հաւատալ որ ան այդ բանը ըրած էր։ Կարծես թէ աշխարհը փլաւ ու ես տակը մնացի, քանի որ գիտէի որ այլեւս ամէն մէկը իր ճամբան պիտի երթայ։ Միս–մինակ զգացի»։
ԼԱՒ բարեկամները արժէքաւոր են, եւ ջանք պէտք է թափուի որպէսզի բարեկամութիւնը մնայ։ Երբ բարեկամութիւն մը վտանգի մէջ ըլլայ, ի՞նչը կ’օգնէ որ ատիկա փրկուի։ Շատ բաներ կրնանք սորվիլ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած կարգ մը անձերէ, որոնք իսկական բարեկամներ էին՝ բայց յետագային իրենց բարեկամութիւնը վտանգի մէջ եղաւ։
ԵՐԲ ԲԱՐԵԿԱՄԴ ՍԽԱԼ ՄԸ ԸՆԷ
Հովիւ եւ թագաւոր եղող Դաւիթ վստահաբար լաւ բարեկամներ ունէր։ Թերեւս միտքդ կու գայ Յովնաթանը։ Ճի՛շդ է, ան Դաւիթին բարեկամներէն մէկն էր (Ա. Թագ. 18։1)։ Բայց Դաւիթ ուրիշ բարեկամներ ալ ունէր, ինչպէս՝ Նաթան մարգարէն։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ անոնց բարեկամութիւնը ճիշդ երբ սկսաւ, բայց կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ, քանի որ Դաւիթ անգամ մը իր սրտին փափաքը յայտնեց Նաթանին, ճիշդ ինչպէս որ բարեկամի մը կը յայտնես։ Դաւիթ կ’ուզէր տուն մը շինել Եհովային։ Նաթանին կարծիքը վստահաբար արժէքաւոր էր Դաւիթին համար, քանի որ իր բարեկամն էր եւ Եհովային հոգին ունէր (Բ. Թագ. 7։2, 3)։
Բայց բան մը եղաւ որ իրենց բարեկամութիւնը վտանգի մէջ ձգեց։ Դաւիթ շնութիւն ըրաւ Բերսաբէին հետ, եւ ետքը՝ կարգադրեց որ անոր ամուսինը Ուրիան սպաննուի (Բ. Թագ. 11։2-21)։ Դաւիթ երկար տարիներ հաւատարիմ էր Եհովային եւ արդարութեան ետեւէ էր։ Բայց հիմա այս ահռելի մեղքը գործեց։ Ի՞նչ եղեր էր այդ լաւ թագաւորին։ Ան իր ըրածին լրջութիւնը չէ՞ր տեսներ։ Արդեօք ան իր խելքով կը կարծէ՞ր որ Աստուծմէ կրնար պահել իր ըրածը։
Լաւ, Նաթան ի՞նչ պիտի ընէր։ Արդեօք ան պիտի ձգէ՞ր որ ուրիշ մէկը այս հարցին մասին խօսի թագաւորին հետ։ Իրականութեան մէջ, կային մարդիկ որոնք գիտէին թէ Դաւիթ ինչպէ՛ս կարգադրած էր Ուրիային սպանութիւնը։ Նաթան պէտք ունէ՞ր հարցին մէջ մտնելու եւ իրենց երկարատեւ բարեկամութիւնը վտանգի տակ դնելու։ Եթէ ան խօսէր, նոյնիսկ իր կեանքը պիտի վտանգէր, քանի որ Դաւիթ արդէն իսկ անմեղ Ուրիան մահուան դատապարտած էր։
Բայց Նաթան Աստուծոյ ներկայացուցիչն էր։ Ան գիտէր թէ եթէ լուռ մնար՝ Դաւիթին հետ իր փոխյարաբերութիւնը նոյնը պիտի չմնար եւ իր խիղճը պիտի տանջէր։ Իր բարեկամը Դաւիթ ըրած էր բան մը որ Եհովան կ’ատէ։ Ան անպայման օգնութեան պէտք ունէր, որպէսզի Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէր։ Ան իսկական բարեկամի մը պէտք ունէր։ Նաթան այդպիսի բարեկամ մըն էր։ Ան այս նիւթը բանալու համար գործածեց օրինակ մը, որ Դաւիթին սրտին պիտի դպչէր, քանի որ անցեալին հովիւ էր։ Նաթան Աստուծոյ պատգամը այնպէս մը տուաւ, որ Դաւիթին օգնեց իր մեծ սխալները ըմբռնելու եւ զինք մղեց փոփոխութիւններ ընելու (Բ. Թագ. 12։1-14)։
Ի՞նչ կ’ընես եթէ ունենաս բարեկամ մը, որ մեծ սխալ մը կ’ընէ կամ լուրջ մեղք մը կը գործէ։ Թերեւս մտածես որ եթէ իր սխալը երեսին ըսես՝ բարեկամութեանդ վնաս կը հասցնես։ Կամ, թերեւս զգաս թէ եթէ իր ըրած մեղքը պատմես երէցներուն, որոնք կրնան իրեն հոգեւորապէս օգնել, իրեն դաւաճանած կ’ըլլաս։ Լաւ, ի՞նչ կ’ընես։
Սկիզբը նշուած Ճիաննին կը յիշէ. «Անդրադարձայ որ բան մը փոխուած էր։ Մորիցիոն առաջուան պէս սիրտը չէր բանար ինծի։ Որոշեցի հարցին շուրջ խօսիլ, հակառակ որ ասիկա ինծի համար շատ դժուար էր։ Մտածեցի. ‘Ինչ որ պիտի ըսեմ իրեն՝ արդէն գիտէ։ Ան թերեւս լաւ կերպով չհակազդէ’։ Բայց երբ միտքս բերի բոլոր այն բաները որ միասին սերտած էինք, զօրութիւնը գտայ իրեն հետ խօսելու։ Ժամանակին, Մորիցիոն անձամբ հետս կը խօսէր երբ ե՛ս օգնութեան պէտք ունենայի։ Չէի ուզեր իր բարեկամութիւնը կորսնցնել. կ’ուզէի օգնել, քանի որ ան ինծի համար կարեւոր էր»։
Մորիցիոն կ’աւելցնէ. «Ճիաննին անկեղծ էր եւ ըսածներն ալ ճիշդ էին։ Գիտէի թէ ո՛չ ինքը եւ ոչ ալ Եհովան յանցանք մը ունէին ըրած սխալիս հետեւանքներուն համար։ Ասոր համար, խրատը ընդունեցի եւ ժամանակի ընթացքին հոգեւորապէս լաւացայ»։
ԵՐԲ ԲԱՐԵԿԱՄԴ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՅ
Դաւիթ ուրիշ բարեկամներ ալ ունէր, որոնք իր կողքին կեցան դժուար ժամանակներուն։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը Քուսիին համար կ’ըսէ թէ «Դաւիթին բարեկամ»ն էր (Բ. Թագ. 16։16. Ա. Մն. 27։33)։ Ան թերեւս պալատական մըն էր եւ թագաւորին սրտակիցը, որ ատեններ թագաւորին գաղտնի հրամանները կը գործադրէր։
Երբ Դաւիթին տղան Աբիսողոմ փորձեց իր հօրը տեղը թագաւոր ըլլալ, բազմաթիւ իսրայէլացիներ անոր կողմը դիրք բռնեցին, բայց Քուսին՝ ո՛չ։ Երբ Դաւիթ կը փախչէր, Քուսին իրեն քով գնաց։ Դաւիթ շա՜տ վիրաւորուած կը զգար, քանի որ իր տղան եւ ուրիշ վստահելի անձեր իրեն դաւաճանած էին։ Քուսին հաւատարիմ մնաց եւ իր կեանքը վտանգեց, որպէսզի Դաւիթին դէմ եղող ծրագիրը ձախողեցնէ։ Ան ասիկա առ ի պարտականութիւն չըրաւ. հապա փաստեց որ իսկական բարեկամ մըն էր (Բ. Թագ. 15։13-17, 32-37. 16։15–17։16)։
Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել թէ ժողովքի անդամներուն միջեւ կայ կապ մը, որ պարզապէս ժողովքային նշանակումներու վրայ հիմնուած չէ։ Անոնք իրենց արարքներով կարծես թէ կ’ըսեն. «Ես բարեկամդ եմ ոչ թէ քանի որ ստիպուած եմ, հապա քանի որ դուն ինծի համար կարեւոր ես»։
Ասիկա պատահեցաւ Ֆէտէրիգօ անունով եղբօր մը հետ։ Ան իր բարեկամին՝ Անթոնիոյին օգնութեամբ կրցաւ գլուխ ելլել դժուար պարագայի մը հետ։ Ֆէտէրիգոն կը պատմէ. «Երբ Անթոնիոն մեր ժողովքը փոխադրուեցաւ, շուտով բարեկամ դարձանք։ Երկուքս ալ օգնական ծառայ էինք եւ կը սիրէինք միասին աշխատիլ։ Շատ չանցած, ան երէց նշանակուեցաւ։ Ան թէ՛ բարեկամս էր եւ թէ հոգեւոր իտէալս»։ Ետքը, Ֆէտէրիգոն սխալ բան մը ըրաւ։ Ան անմիջապէս հոգեւոր օգնութիւն խնդրեց, բայց այլեւս չէր կրնար ռահվիրայ կամ օգնական ծառայ ըլլալ։ Լաւ, Անթոնիոն ի՞նչ ըրաւ։
Երբ Ֆէտէրիգոն դժուարութեան մէջ էր, իր բարեկամը Անթոնիոն իրեն մտիկ ըրաւ եւ զինք քաջալերեց
Ֆէտէրիգոն կը յիշէ. «Անթոնիոն իմ ցաւս իր մորթին վրայ զգաց եւ իր լաւագոյնը ըրաւ որ զգացականօրէն օգնէ ինծի։ Իրեն համար շատ կարեւոր էր որ հոգեւորապէս լաւանայի եւ զիս բնա՛ւ չլքեց։ Ան զիս քաջալերեց որ առաջուան պէս հոգեւորապէս զօրաւոր դառնամ եւ բնա՛ւ չյանձնուիմ»։ Անթոնիոն կը բացատրէ. «Աւելի ժամանակ անցուցի Ֆէտէրիգոյին հետ։ Կ’ուզէի որ ազատ զգայ հետս խօսելու ո՛րեւէ բանի մասին, նոյնիսկ իր ցաւին մասին»։ Ժամանակի ընթացքին Ֆէտէրիգոն հոգեւորապէս զօրացաւ, եւ յետագային դարձեալ նշանակուեցաւ որպէս ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ։ Անթոնիոն կ’ըսէ. «Թէեւ հիմա տարբեր ժողովքներու մէջ կը ծառայենք, բայց որեւէ ժամանակէ աւելի սերտ բարեկամներ ենք»։
ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԶԳԱՅԻ՞Ր
Ի՞նչ կը զգաս եթէ մտերիմ բարեկամդ կռնակ դարձնէ քեզի, երբ ամէնէն շատ պէտք ունիս իրեն։ Ասիկա շատ մեծ ցաւ կը պատճառէ։ Պիտի կարենա՞ս ներել իրեն։ Օր մը օրանց, ձեր բարեկամութիւնը առաջուան պէս զօրաւոր պիտի դառնա՞յ։
Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Յիսուսին հետ, իր երկրային կեանքի վերջին օրերուն մէջ։ Ան բաւական ժամանակ անցուցած էր իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ, եւ անոնց հետ շատ յատուկ կապ մը ունէր։ Յիսուս անոնց բարեկամ կը կոչէր (Յովհ. 15։15)։ Բայց ի՞նչ պատահեցաւ երբ ան ձերբակալուեցաւ։ Առաքեալները փախան։ Գալով Պետրոսին, թէեւ ան բոլորին առջեւ ըսած էր որ բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէր իր Տէրը, բայց այդ նոյն գիշերը զինք ուրացա՛ւ (Մատ. 26։31-33, 56, 69-75)։
Յիսուս գիտէր թէ մէկը պիտի չըլլար իր կողքին իր վերջին փորձութեան մէջ, եւ ան կրնար յուսախաբ ըլլալ ու նոյնիսկ վիրաւորուիլ։ Բայց երբ իր յարութենէն ետք կը խօսէր աշակերտներուն հետ, ո՛չ մէկ նշոյլ կար որ ան յուսախաբ կամ նեղացած էր, կամ նոյնիսկ փուշման էր։ Ան պէտք չզգաց որ աշակերտներուն սխալները մէկ–մէկ իրենց երեսին զարնէ, մէջը ըլլալով ինչ որ իր ձերբակալուած գիշերը ըրին։
Ընդհակառակը, Յիսուս Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն ցուցուց, թէ տակաւին իրենց կը վստահէր։ Ինչպէ՞ս։ Ան անոնց ցուցմունքներ տուաւ, թէ ինչպէս պիտի կատարէին պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր կրթական գործը։ Յիսուսի աչքին, առաքեալները տակաւին իր բարեկամներն էին։ Իր յայտնած սէրը շատ տպաւորեց առաքեալները։ Անոնք իրենց լաւագոյնը պիտի ընէին, որ անգամ մըն ալ սեւերես չհանեն իրենց Տէրը, եւ իսկապէս յաջողեցան անոր տուած գործը կատարել (Գործք 1։8. Կող. 1։23)։
Էլվիրա անունով քոյր մը շատ լաւ կը յիշէ այն ժամանակը, որ իր մտերիմ բարեկամուհիին՝ Ճուլիանային հետ խնդիր մը ունեցաւ։ Էլվիրան կ’ըսէ. «Շատ գէշ զգացի երբ ինծի ըսաւ, որ իմ ըրածս վիրաւորած էր զինք։ Ան վերջին ծայր իրաւունք ունէր բարկանալու։ Բայց ի՞նչը զիս զարմացուց։ Ան ամէնէն շատ մտահոգուած էր ինձմով եւ թէ վարքիս հետեւանքը ինչ պիտի ըլլար։ Շատ կ’արժեւորեմ որ ան չկեդրոնացաւ իրեն հանդէպ ըրած սխալիս վրայ, հապա՝ մտահոգ էր թէ ի՛նչ վնաս կը հասցնեմ իմ անձիս։ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցի որ ունիմ բարեկամուհի մը, որ իմ շահերս՝ իր զգացումներէն առաջ կը դնէ»։
Ուրեմն, լաւ բարեկամ մը ի՞նչ կ’ընէ, երբ իր բարեկամութիւնը վտանգի տակ է։ Ան պատրաստ կ’ըլլայ որ թէ՛ ազնուօրէն եւ թէ բացէ ի բաց խօսի։ Այսպիսի բարեկամ մը կը նմանի Նաթանին եւ Քուսիին, որոնք հաւատարիմ մնացին նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն, եւ կը նմանի Յիսուսին, որ պատրաստ էր ներելու։ Դուն այսպիսի՞ բարեկամ մըն ես։