Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Հոկտեմբեր էջ 2-5
  • 1919. Հարիւր տարի առաջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 1919. Հարիւր տարի առաջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴԺՈՒԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ
  • ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԻԼ
  • ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԹԱՓ ՏԱԼ
  • ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԱՊԱԳԱՅ ԱՃՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
  • 1922. Հարիւր տարի առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Անոնք սուտ կրօնքէն ազատագրուեցան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • 1920. Հարիւր տարի առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • 1918. Հարիւր տարի առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Հոկտեմբեր էջ 2-5
Եղբայր Ռատըրֆորտ կը դասախօսէ 1919–ի համաժողովին ընթացքին Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ

Եղբայր Ռատըրֆորտ կը դասախօսէ 1919–ի համաժողովին ընթացքին Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ

1919. Հարիւր տարի առաջ

ԱՒԵԼԻ քան չորս տարի տեւած Մեծ պատերազմը, որ յետագային Համաշխարհային Ա. պատերազմը կոչուեցաւ, 1919–ին արդէն վերջացած էր։ 1918–ի վերջաւորութեան, ազգերը պատերազմելէ դադրեցան, եւ 18 յունուար 1919–ին՝ Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովը սկսաւ։ Խորհրդաժողովի իրագործումներէն մէկն էր՝ Վերսայի դաշնագիրը, որ պաշտօնապէս վերջ դրաւ Դաշնակիցներուն պատերազմին Գերմանիոյ դէմ։ Ատիկա 28 յունիս 1919–ին ստորագրուեցաւ։

Դաշնագիրը նաեւ հաստատեց նոր կազմակերպութիւն մը՝ Ազգերու դաշնակցութիւնը։ Անոր նպատակն էր՝ «միջազգային համագործակցութիւն յառաջ մղել եւ միջազգային խաղաղութիւն ու ապահովութիւն հաստատել»։ Քրիստոնէական աշխարհի շատ մը կրօնքները Ազգերու դաշնակցութեան թիկունք կանգնեցան։ Ամերիկայի Քրիստոսի եկեղեցիներու դաշնակցային խորհուրդը զայն գովաբանեց որպէս «երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնը»։ Ազգերու դաշնակցութիւնը քաջալերելու նպատակով, խորհուրդը պատուիրակներ ղրկեց Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին։ Պատուիրակներէն մէկը ըսաւ, որ խորհրդաժողովը «սկիզբ տուաւ նոր դարաշրջանի մը աշխարհի պատմութեան մէջ»։

Նոր դարաշրջան մը սկսաւ, բայց ոչ թէ այդ խաղաղութեան խորհրդաժողովին միջոցաւ։ 1919–ին, քարոզչութեան գործունէութեան մէջ նոր դարաշրջան մը սկսաւ, երբ Եհովան իր ծառաները զօրացուց, որ աննախընթաց կերպով քարոզեն։ Բայց նա՛խ Աստուածաշունչի Աշակերտները շատ կարեւոր փոփոխութեան մը պէտք ունէին։

ԴԺՈՒԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ

Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ

Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ

Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան վարչականներուն տարեկան ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 4 յունուար 1919–ին։ Այդ ժամանակ, Եհովայի ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն առնող Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, ուրիշ եօթը եղբայրներու հետ միասին, անարդարօրէն բանտարկուած էր Աթլանթայի մէջ, Ճորճիա (ԱՄՆ)։ Պէտք էր որոշուէր՝ բանտարկուած պատասխանատու եղբայրները վերընտրե՛լ թէ փոխարինել։

Իվէնտըր Ժ. Գաուըրտ

Իվէնտըր Ժ. Գաուըրտ

Բանտին մէջ եղբայր Ռատըրֆորտ կը մտահոգուէր կազմակերպութեան ապագայով։ Ան գիտէր, որ կարգ մը եղբայրներ կը զգային, որ լաւագոյն բանն է՝ նոր նախագահ մը ընտրել։ Ասոր գիտակից ըլլալով, ան տարեկան ընտրութեան մասնակցողներուն նամակ մը գրած էր, յանձնարարելով Իվէնտըր Ժ. Գաուըրտը իբրեւ նախագահ։ Ռատըրֆորտ զինք նկարագրեց որպէս «հանդարտ», «իմաստուն» եւ «Տէրոջ նուիրուած» եղբայր մը։ Սակայն, բազմաթիւ եղբայրներ տարբեր լուծում մը նախընտրեցին. ընտրութիւնը վեց ամիս յետաձգել։ Բանտարկուած եղբայրներուն փաստաբանները ատոր համամիտ էին։ Մինչ կը քննարկէին ի՛նչ ընել, ոմանք խռովեցան։

Ռիչըրտ Հ. Պարպըր

Ռիչըրտ Հ. Պարպըր

Ետքը, բան մը պատահեցաւ, որ մթնոլորտը հանդարտեցուց, ինչպէս որ Ռիչըրտ Հ. Պարպըր նշեց։ Ներկայ եղբայրներէն մէկը համարձակօրէն ըսաւ. «Ես փաստաբան չեմ եւ օրէնքէն չեմ հասկնար, բայց հաւատարմութեան օրէնքին մասին բան մը գիտեմ։ Աստուած հաւատարմութիւն կը պահանջէ, եւ իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ցուցնելու լաւագոյն կերպն է՝ ընտրութիւնը կատարել եւ եղբայր Ռատըրֆորտը վերընտրել որպէս նախագահ» (Սաղ. 18։25, ՆԱ)։

Ալեքսանդր Հ. Մէգմիլըն

Ալեքսանդր Հ. Մէգմիլըն

Ռատըրֆորտին հետ բանտարկուած Ա. Հ. Մէգմիլըն յետագային պատմեց, որ ընտրութեան յաջորդ օրը, եղբայր Ռատըրֆորտ իր խցիկին պատը զարկաւ ու ըսաւ. «Ձեռքդ երկնցուր», եւ իրեն հեռագիր մը յանձնեց։ Մէգմիլըն անմիջապէս հասկցաւ հեռագիրին ամփոփ բովանդակութիւնը։ Բոլոր վարչականները վերընտրուած էին եւ Ժոզեֆ Ռատըրֆորտ եւ Ուիլիամ Վան Էմպըրկ մնացած էին որպէս պատասխանատուներ։ Այսպիսով, եղբայր Ռատըրֆորտ պիտի շարունակէր որպէս նախագահ։

ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԻԼ

Մինչ ութ եղբայրները բանտարկուած էին, հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտները մարդոց ներկայացուցին հանրագիր մը, որով կը խնդրէին բանտէն արձակել մեր եղբայրները։ Այս քաջ եղբայրներն ու քոյրերը աւելի քան 700,000 ստորագրութիւններ հաւաքեցին։ Չորեքշաբթի, 26 մարտ 1919–ին, դեռ հանրագիրը կառավարութեան չներկայացուած՝ եղբայր Ռատըրֆորտ եւ միւս պատասխանատու եղբայրները ազատ արձակուեցան։

Զինք դիմաւորողներուն տուած դասախօսութեան մէջ, եղբայր Ռատըրֆորտ ըսաւ. «Ես համոզուած եմ, որ այս փորձառութիւնը բոլորս ունեցանք, պարզապէս որպէսզի աւելի դժուար ժամանակներու համար պատրաստուինք։ . . .Ձեր պայքարը չէր՝ եղբայրները բանտէն հանել. ատիկա երկրորդական հարց էր։ . . .Հապա ձեր պայքարը Ճշմարտութեան մասին վկայելու համար էր, իսկ այդ մէկը ընողները հիանալի կերպով օրհնուած են»։

Մեր եղբայրներու դատին առնչուող պայմանները կը մատնանշեն, թէ Եհովան հարցերը կ’ուղղէր։ 14 մայիս 1919–ին, վերաքննիչ ատեանը վճիռ արձակեց, որուն մէջ նշեց. «Ամբաստանեալներուն դատը անաչառօրէն տեսնուած չէր, ինչ որ անոնց իրաւունքն էր, ուստի տրուած վճիռը չեղեալ կը նկատուի»։ Ատիկա նպաստաւոր վճիռ մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Եղբայրները դատապարտուած էին որպէս լուրջ ոճիրներ գործողներ։ Եթէ այդ դատապարտութիւնները միայն ներուէին կամ մեղմացուէին, եղբայրները քրէական անցեալ մը պիտի ունենային։ Սակայն, որովհետեւ վճիռը չեղեալ յայտարարուեցաւ եւ ո՛չ մէկ ամբաստանութիւն ներկայացուեցաւ, անոնց քրէական արձանագրութիւնը ջնջուեցաւ։ Առ ի արդիւնք, Դատաւոր Ռատըրֆորտ պահպանեց իր օրինական որակումները, ինչ որ թոյլ տուաւ որ շատ անգամ Եհովայի ժողովուրդը պաշտպանէ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանին առջեւ։

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ԹԱՓ ՏԱԼ

«Ձեռքերնիս ծալած պիտի չնստէինք՝ սպասելով որ Տէրը մեզ երկինք տանի», պատմեց եղբայր Մէգմիլըն։ «Անդրադարձանք որ բան մը պէտք էր ընէինք, որպէսզի յստակ դառնար թէ Տէրոջ կամքը իրապէս ի՛նչ էր»։

Բայց կեդրոնատեղիին մէջ անոնք անմիջապէս չկրցան ետ սկսիլ այն գործը, որ տարիներով կ’ընէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մինչ իրենք բանտարկուած էին, հրատարակութիւններ տպագրելու հարկ եղած որոշ սարքեր փճացուած էին։ Ասիկա վհատեցուցիչ էր եւ եղբայրներէն ոմանք հարց տուին, թէ արդեօք քարոզչութեան գործը վերջացա՞ծ էր։

Դեռ կայի՞ն մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած էին Աստուածաշունչի Աշակերտներու քարոզած պատգամով։ Այս հարցումին պատասխանը իմանալու համար, եղբայր Ռատըրֆորտ որոշեց դասախօսութիւն մը տալ։ Ամէն մարդ պիտի հրաւիրուէր։ Եղբայր Մէգմիլըն ըսաւ. «Եթէ մէկը չգար այդ ժողովին, ուրեմն այլեւս ընելիք չունէինք»։

Լրաթերթ մը կը ծանուցանէ եղբայր Ռատըրֆորտի՝ «Տառապեալ մարդկութեան յոյսը» խորագրով դասախօսութիւնը, որ պիտի ներկայացուի Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա, 1919–ին

1919–ին, լրաթերթ մը կը ծանուցանէ Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը՝ «Տառապեալ մարդկութեան յոյսը», որ պիտի ներկայացուի Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա

Կիրակի, 4 մայիս 1919–ին, հակառակ լուրջ հիւանդութեան՝ եղբայր Ռատըրֆորտ ներկայացուց «Տառապեալ մարդկութեան յոյսը» խորագրով դասախօսութիւնը Լոս Անճէլոսի մէջ, Քալիֆորնիա։ Շուրջ 3500 անհատներ ներկայ եղան դասախօսութեան եւ հարիւրաւորներ ալ չկրցան ներս մտնել տեղ չըլլալուն պատճառով։ Յաջորդ օրը, 1500 անհատներ ներկայ եղան։ Եղբայրները ստացան իրենց հարցումին պատասխանը՝ կայի՛ն հետաքրքրուած մարդիկ։

Եղբայրներուն յաջորդ քայլը նպաստեց հիմ դնելու Եհովայի վկաներուն ներկայ քարոզչական գործունէութեան։

ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԱՊԱԳԱՅ ԱՃՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

Դիտարան–ի 1 օգոստոս 1919 թիւը ծանուցանեց, որ սեպտեմբերի սկիզբը համաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ։ Միսուրիէն երիտասարդ Աստուածաշունչի Աշակերտ Քլէրընս Պ. Պիթի նշեց, որ «բոլորը զգացին որ պէ՛տք է ներկայ գտնուին»։ Աւելի քան 6000 եղբայրներ ու քոյրեր ներկայ գտնուեցան այդ համաժողովին,– ակնկալուածէն շա՜տ աւելի։ Այդ առիթը ա՛լ աւելի ուրախալի դարձաւ՝ աւելի քան 200 անհատներու մկրտութեամբ մօտակայ Իրի լիճին մէջ։

«Ոսկեդար»ի առաջին թիւին կողքը, 1 հոկտեմբեր 1919

Ոսկեդար–ի առաջին թիւը՝ 1 հոկտեմբեր 1919

5 սեպտեմբեր 1919–ին, համաժողովի հինգերորդ օրը, «Կոչ՝ աշխատակիցներուն» խորագրով դասախօսութեան մէջ եղբայր Ռատըրֆորտ յայտարարեց նոր պարբերաթերթի մը հրատարակուիլը՝ Ոսկեդարa։ Ատիկա պիտի բովանդակէր «ընթացիկ կարեւոր լուրերը, սուրբգրային անկիւնէն բացատրելով թէ ինչո՛ւ այս մեծ իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան»։

Բոլոր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ համարձակօրէն քարոզեն այս նոր հրատարակութիւնը գործածելով։ Նամակի մը մէջ, ուր կազմակերպչական ուղղութիւններ տրուեցան, գրուած էր. «Թող իւրաքանչիւր [մկրտուած] անհատ միտքը պահէ, որ մեծ առանձնաշնորհում է՝ ծառայել, առիթը օգտագործել եւ բաժին բերել ամբողջ աշխարհին տրուող այս վկայութեան գործին մէջ»։ Շատե՜ր ընդառաջեցին քարոզելու այս կոչին։ Դեկտեմբերին, նախանձախնդիր հրատարակիչները արդէն ձեռք ձգած էին աւելի քան 50,000 բաժանորդագրութիւն։

Եղբայրներ եւ «Ոսկեդար» պարբերաթերթով լեցուած բեռնակառք մը Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք

Եղբայրներ եւ Ոսկեդար պարբերաթերթով լեցուած բեռնակառք մը Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք

1919–ի վերջաւորութեան, Եհովայի ժողովուրդը վերակազմակերպուած եւ ուժովցած էր։ Ասկէ զատ, վերջին օրերուն վերաբերեալ քանի մը կարեւոր մարգարէութիւններ կատարուած էին։ Մաղաքիա 3։1-4–ի մէջ մարգարէացուած Աստուծոյ ժողովուրդին փորձուիլը եւ զտումը ամբողջացած էր։ Եհովայի ժողովուրդը «Մեծ Բաբելոն»ի այլաբանական գերութենէն ազատած էր, եւ Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակած էր (Յայտ. 18։2, 4. Մատ. 24։45)b։ Այժմ, Աստուածաշունչի Աշակերտները պատրաստ էին այն գործին, որ Եհովան կ’ուզէր որ ընէին։

a Ոսկեդար–ը 1937–ին անուանուեցաւ Մխիթարութիւն, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։

b Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 10-12, 21-23. մարտ 2016 թիւը, էջ 29-31։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել