ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Կանա. Մեր գործը այս երկրին մէջ այլեւս բանադրանքի տակ չէ։ Ասիկա եղբայրներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց. անոնց Թագաւորութեան Սրահները դարձեալ բաց են եւ ներկայ օրէնքին ներքեւ արձանագրուելու դիմումնագիր ներկայացնելը արտօնուեցաւ։
Լիպերիա. Քաղաքային պատերազմին պատճառաւ շատ մը ամիսներ փակ մնալէ ետք, Լիպերիայի մէջ մասնաճիւղը վերստին բացուեցաւ։ Չորս միսիոնարներ ներկայիս վերադարձած են մասնաճիւղին մէջ ծառայելու, եւ եղբայրները ուրախ են որ իրարու հետ ազատօրէն կ’ընկերակցին։