ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Փետրուար 3-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։ Աչքառու դարձուցէք պարբերաթերթերու ներկայացումներ՝ հիմնուած ընթացիկ թիւերուն վրայ։ Քաջալերեցէք խումբի վկայութիւնը շաբաթավերջին ընթացքին։
20 վյրկ. «Փետրուար Ամսուան Ձեր Ներկայացումը Պատրաստեցէք»։ (10 վյրկ.) Հարց պատասխանով։ (8 վյրկ.) Լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններ թելադրուած ներկայացումներէն երկու կամ երեք հատի մասին, որոնք մեծապէս յարմար են տեղական թաղամասին։ (2 վյրկ.) Բոլորը քաջալերեցէք որ սորվին եւ գործածեն թելադրուած ներկայացումներէն մէկը կամ աւելի։
15 վյրկ. «Ադամն ու Եւան»։ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 27-9 (25-7, Արբ.)։ (5 վյրկ.) Սկզբնաւորական դասախօսութիւն հիմնուած՝ «Ադամն ու Եւան պարզապէս այլաբանակա՞ն (առասպելակա՞ն) անձեր էին» ենթագլուխին տակ գտնուած տեղեկութիւններուն վրայ։ (6 վյրկ.) Ցուցադրեցէք հրատարակիչ մը կը վերայցելէ անհատ մը, որու ուղղած էր այս հարցումը. «Ադամի մեղքը Աստուծոյ կա՞մքն էր, Աստուծոյ ծրագի՞րն էր»։ (4 վյրկ.) Քաջալերեցէք գործածել Պատճառաբանել գրքի յօդուածներուն՝ «Եթէ Անհատ մը Ըսէ . . . » բաժինը, որպէս խօսակցութեան նիւթեր վերայցելութիւններու ատեն։ Յաւելեալ օրինակներ յիշեցէք։
Երգեցողութիւն 143 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 10-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, մէջը ըլլալով շաբթուան ծառայութեան կարգադրութիւնները։ Քաջալերեցէք յաւելեալ ճիգ ընելը վերայցելելու՝ այս շաբաթ եւ այս ամիս։ Այս Ծառայութեան Ժողովը պիտի բացատրէ ու ցուցադրէ գործնական չորս ներկայացումներ, գործածուելու համար հետաքըրքրուող անհատները վերայցելելու ատեն։
20 վյրկ. «Խօսակցութիւնը Սկսիլ Երբ կը Վերադառնաք»։ (3 վյրկ.) Սկզբնաւորական դասախօսութիւն ծածկելով առաջին ու երկրորդ պարբերութիւններուն կէտերը։ (15 վյրկ.) Լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններ՝ 3-5–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած երեք ներկայացումներուն մասին։ Ինչպէս որ ժամանակը կը ներէ, իւրաքանչիւր ցուցադրութենէն ետք, կարելի է խօսիլ այս ներկայացումներուն գործնական ըլլալուն մասին։ (2 վյրկ.) 6–րդ պարբերութեան գաղափարներուն համաձայն, բոլորը քաջալերեցէք որ թելադրուած ներկայացումներէն առնուազն մէկը պատրաստեն ու գործածեն խօսակցութիւններ սկսելու համար անոնց հետ, որոնք հետաքրքրութիւն ցոյց տուին։
15 վյրկ. «Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայութեան Մասնակցիլ»։ Երէց մը նկատի կ’առնէ յօդուածը մի քանի հրատարակիչներու հետ, որոնք անցեալին ծառայեած են որպէս օժանդակ ռահվիրաներ եւ կը ծրագրեն նորեն մասնակցիլ Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին։ Յօդուածին կէտերը ծածկելու ատեն, հրատարակիչները կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ կ’ուզեն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Անոնք կը պատմեն ձեռք ձգուած օրհնութիւնները եւ կը բացատրեն այն վերաճշդումները զորս պէտք էր ընէին, որպէսզի ժամերու պահանջին գոհացում տային։ Խօսակցութիւնը կը շեշտէ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցելու ուրախութիւնները եւ բոլորը կը քաջալերէ որ նկատի առնեն ծառայութեան այս առանձնաշնորհումը, եթէ իրենց անհատական պարագաները թոյլ կու տան։
Երգեցողութիւն 114 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 17-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, հաշիւի տեղեկագիրը, եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Եղբայրները գովեցէք իրենց նիւթական օժանդակութեան համար Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին այս շաբաթավերջին ընթացքին։
20 վյրկ. «Վստահ Եղէք որ կը Վերայցելէք»։ Հարց պատասխանով եւ ցուցադրութիւններ։ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, ցուցադրեցէք անհատի մը վերայցելելը, որու թերթիկ մը տրուած է։ Խօսակցութիւնը կ’առաջնորդէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան Յաւիտեան Ապրիլ գրքին միջոցաւ։ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, ցուցադրեցէք անհատի մը վերայցելելը որ նախապէս մերժած է գրականութիւններ ստանալը։ Ցուցադրութենէն ետք, հրատարակիչին հարցուցէք թէ ինչո՞ւ որոշեց վերայցելել այս անհատը, որ անցեալ անգամ մերժած էր գրականութիւններ ստանալը։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն 138 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 24-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները շաբթուան համար, եւ Աստուածպետական Լուրերը։
20 վյրկ. «Ռահվիրաներուն Թիկունք Կանգնիլ»։ Հարց պատասխանով եւ տեսակցութիւն։ Շեշտեցէք ամբողջ ժողովքին կողմէ ձեռք ձգուած օրհնութիւնները երբ ռահվիրաներուն կը տրուի պէտք եղած աջակցութիւնը։ Ռահվիրաներու հետ տեսակցութիւն ունեցէք, աչքառու դարձնելով թէ ինչպէ՛ս երէցները եւ ուրիշներ ժողովքին մէջ իրենց օգնութիւն տուին իրենց ռահվիրայութեան ծառայութեան նկատմամբ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն 14 եւ փակման աղօթք։