Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/92 էջ 3
  • ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ռահվիրայական Ծառայութեան Օրհնութիւնները
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Քարտուղարին Եւ Ծառայութեան Տեսուչին Վերյիշեցում
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • ԿՐՆԱ՞Ք ԱՒԵԼԻ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒԵԼՈՒ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 2/92 էջ 3

ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ

1 Աստուծոյ ժողովուրդը ճանչցուած է իր նախանձախնդիր մասնակցութեամբ ծառայութեան։ Թէեւ ոչ բոլորը ունին պարագաներ որոնք թոյլ կու տան իրենց որ ռահվիրայութիւն ընեն, պէտք է մաքառինք ռահվիրայութեան հոգին զարգացնելու, ամբողջ սրտով ընելով ինչ որ կ’ընենք։ Կ’ուրախանանք ու կը քաջալերենք այն շատերը որոնք կարող են ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցիլ։

2 Ռահվիրայ մը ըլլալն ու մնալը մեծ ձեռնարկ մըն է։ Ռահվիրաները կը ստանձնեն քարոզչութեան ու սորվեցնելու գործին մեծ մասը։ Ասիկա չէ կատարուած առանց մեծ ջանքի ու զոհողութեան։ Ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան այս նախանձախնդիր լիաժամ ծառաներուն թիկունք կանգնիլ ու քաջալերել։

3 Ի՛նչ Կարելի Է Ընել. Ռահվիրաները երէցներուն աջակցութեան կարիքը ունին։ Մեծ քաջալերութիւն կը հայթայթուի երբ երէցները կ’աշխատին ռահվիրաներուն հետ։ Շատ մը երէցներ կը փորձեն աշխատիլ իւրաքանչիւր ռահվիրայի հետ ժողովքին մէջ, առնուազն տարին անգամ մը։ Այս կերպով երէցները կարող են գովասանք տալու այն բանին համար զոր ռահվիրաները կ’ընեն եւ անոնց օգնելու որ յաւելեալ յառաջդիմութիւն արձանագրեն։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ ռահվիրաները վերաճշդեն իրենց յայտագիրը այնպէս որ ծառայութեան մէջ ըլլան այն ժամանակ երբ երէցները կրնան մասնակցիլ։ Նաեւ, երէցները պիտի ուզեն վստահ ըլլալ թէ խումբերուն համար բաւարար թաղամասեր մատչելի են։ Յաւելեալ ժողովներ դաշտի ծառայութեան համար կարելի է կարգադրել երեկոները կամ իրիկունները, ռահվիրաներուն յայտագիրներուն դիւրութիւն տալու։ Ասիկա յատկապէս շիտակ պիտի ըլլայ այն ամիսներուն ընթացքին երբ մի քանի օժանդակ ռահվիրաներ կան։—Եսա. 40։11

4 Օգնական ծառաները լաւ վիճակի մէջ են ռահվիրաներուն օգնելու, ծառայութեան մէջ անոնց զօրավիգ կանգնելով եւ ժողովքային կարգադրութիւններուն ժրաջանութեամբ հոգ տանելով։ Ռահվիրայ քոյրերը կը գնահատեն որ եղբայրներ առաջնորդութիւնը կ’առնեն դաշտի ծառայութեան խումբերը կազմակերպելու։ Անոնք որոնք հոգ կը տանին գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն կրնան վստահ ըլլալ թէ բաւարար քանակ մը մատչելի է։ Այսպիսի հարցերու հոգ տանիլը թոյլ կու տայ ռահվիրաներուն որ իրենց ծառայութեան վրայ կեդրոնանան։

5 Ամէն Ոք Կրնայ Օգնել. Հրատարակիչները կրնան օգնել կարգադրութիւններ ընելով որ աւելի յաճախ աշխատին ռահվիրաներուն հետ։ Ռահվիրաները կը վայելեն ուրիշ հրատարակիչներու ընկերակցութիւնն ու աջակցութիւնը։ Թերեւս կրնաք կարգադրել որ աշխատիք ռահվիրաներուն հետ շաբաթը անգամ մը կամ ամիսը երկու անգամ։ Նիւթական բաները կարելի է բաժնեկցիլ ռահվիրաներուն հետ, եւ այս առատաձեռնութիւնը շատ կը գնահատուի ռահվիրաներուն կողմէ։—Փիլպ. 4։14-19

6 Ընտանիքները կրնան շատ բան ընել օժանդակելու իրենց անդամները որոնք ռահվիրայութիւն կ’ընեն։ Յաճախ, տան օրական գործերը կարելի է վերստին կարգադրել, թոյլ տալու համար ընտանիքի մէկ կամ աւելի անդամներու որ ռահվիրայութեան մասնակցին։ Քոյր մը, որ երեք զաւակներ ունի, կ’աշխատի շաբաթը երկու օր։ Անոր տղաքը կ’օգնեն հոգ տանելով գնումին եւ տան շրջակայքին։ Աղջիկը կ’օգնէ մաքրութեան հոգ տանելով ու ճաշ եփելով։ Շրջանաւարտ ըլլալէն ի վեր, ան ալ սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել, գործի օրերը փոխակարգելով իր մօր հետ։ Այսպիսի համագործակցութիւն մը ընտանիքէն ներս, թոյլ կու տայ որ աւելի անհատներ ռահվիրայութիւն ընեն եւ ընտանիքին օրհնութիւններ կը բերէ։

7 Փութաջան ռահվիրաները կը փաստեն թէ իրենք շատ մը կերպերով օրհնութիւն մըն են ժողովքին։ Անոնց նախանձախնդրութիւնն ու օրինակը շատերը կը քաջալերեն որ աւելին ընեն ծառայութեան մէջ։ Վստահաբար, պէտք է ուզենք ընել ինչ որ կրնանք՝ անոնց զօրավիգ կանգնելու։ Այսպիսի միացած ջանքեր բոլորին ուրախութիւն կը բերեն եւ Եհովային՝ փառաբանութիւն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել