ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին՝ որեւէ 192 էջնոց գիրք որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ։ Եթէ ժողովքը այս գրքերէն քանակ մը չունի, Համաշխարհային Ապահովութիւնը՝ ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ին Իշխանութեան Ներքեւ գիրքը պէտք է ներկայացնել։ Մարտին՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ։ Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւններ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը պէտք է վերաքաղ ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն ունի ժամերու պահանջին գոհացում տալու, պէտք է երէցները կարգադրութիւն ընեն օգնութիւն տալու։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք 1 Հոկտեմբեր 1991 եւ 1 Հոկտեմբեր 1990–ի Ընկերութեան նամակները (S–201)։ Նաեւ, տեսէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածին 12-20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 1992–ին։ Թէեւ դասախօսութիւնը կարելի է որ կանուխ սկսի, եթէ կը հաճիք վերյիշեցէք թէ Յիշատակատօնի հացն ու գինին Պէտք չէ ներկայացուին արեւնամուտէն առաջ։ Տեղական աղբիւրներէն ստուգեցէք թէ ե՛րբ արեւնամուտը տեղի կ’ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Այդ թուականին որեւէ ժողով պէտք չէ վարուի, դաշտի ծառայութեան համար եղած ժողովէն զատ։
◼ 1992–ի հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը Յիշատակատօնէն առաջ պիտի տրուի, Կիրակի օրը՝ 5 Ապրիլ 1992–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Կրօնքին Դերը Աշխարհի Հարցերուն Մէջ»։ Այն ժողովքները որոնք շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, մասնաւոր համաժողովի օր մը, կամ շրջանային համաժողով մը ունին, հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ունենան յաջորդ Կիրակին՝ 12 Ապրիլ 1992–ին։ Այն ժողովքները որոնք Հանրային Ժողովները կ’ունենան շաբթուան միւս օրերուն մէջ, կրնան հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը յայտագրել Ապրիլ 6-11–ի ընթացքին։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, պէտք է հիմա իրենց ծրագիրները ընեն եւ շուտով իրենց դիմումնագիրները յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն պիտի օգնէ որ պէտք եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն։