Ռահվիրայական Ծառայութեան Օրհնութիւնները
1, 2. Ռահվիրայական ծառայութիւնը յատկապէս ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ, եւ ինչո՛ւ։
1 Ռահվիրայ մը ըսաւ. «Գիտեմ որ ուրիշ ոչ մէկ գործունէութիւն կրնար տալ այն գոհունակութիւնը որ վայելած եմ՝ ուրիշներուն հետ ճշմարտութիւնը բաժնելով»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան, քունս անոյշ է եւ սիրտս՝ ուրախութեամբ լեցուն»։ Այս ռահվիրաներուն խօսքը կ’երկրորդեն բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները համտեսած են։—Առ. 10։22
2 Ուրիշներուն օգնելը որ Աստուծոյ Խօսքին փրկարար գիտութիւնը ձեռք ձգեն, իսկական գոհունակութիւն կու տայ։ (Գործք 20։35. Ա. Թես. 2։19, 20) Երկար տարիներ ռահվիրայութիւն ընող մը գրեց. «Կ’ոգեւորուինք եւ մեր հաւատքը կը կերտուի տեսնելով թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը մղէ մարդիկ որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն»։ Այո, մարդոց օգնելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար իրենք զիրենք մատչելի դարձնելով, ռահվիրաները այսպիսի օրհնութիւններ կը վայելեն։
3, 4. Ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս Եհովայի ապաւինիլ կը սորվեցնէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս հոգեւոր աճման կը նպաստէ։
3 Եհովայի Ապաւինիլ. Իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար ամէն օր Աստուծոյ հոգիին ապաւինիլը, ռահվիրաներուն կ’օգնէ որ «հոգիին պտուղը» մշակեն եւ զիրենք կը պաշտպանէ։ (Գաղ. 5։16, 22, 23) Ասկէ զատ, քանի որ յարատեւաբար Աստուծոյ Խօսքին կը դիմեն, ռահվիրաները յաճախ հմտութեամբ Սուրբ Գրութիւնները կը գործածեն ճշմարտութիւնը պաշտպանելու եւ ուրիշները զօրացնելու համար։ (Բ. Տիմ. 2։15) Տասնամեակներէ ի վեր ռահվիրայութիւն ընող եղբայր մը ըսաւ. «Ռահվիրայութիւնը օգնած է ինծի Աստուածաշունչի խոր գիտութիւն մը ձեռք ձգելու, գիտութիւն մը որ գործածած եմ շատերուն օգնելու, որպէսզի Եհովան ու իր նպատակները ճանչնան»։ Ասիկա որքա՜ն վարձահատոյց է։
4 Կանոնաւոր ռահվիրաները Եհովայի պէտք է ապաւինին նաեւ բազմաթիւ այլ կերպերով։ Անոնց հաւատքը կը զօրանայ, երբ կը տեսնեն թէ ան ի՛նչպէս կ’օրհնէ իրենց ջանքերը որ հոգ տանին իրենց նիւթական կարիքներուն։ 55 տարի կանոնաւոր ռահվիրայութիւն ըրած 72 տարեկան եղբայր մը ըսաւ. «Եհովա բնաւ զիս յուսախաբ չէ ըրած»։ Ասկէ զատ, իրենց կեանքը պարզ պահելով, ռահվիրաները կեանքի շատ մը մտահոգութիւններէն իրենք զիրենք կը պաշտպանեն։ Ասիկա ձեզի գրաւիչ կը թուի՞։—Մատթ. 6։22. Եբր. 13։5, 6
5. Ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ Եհովայի աւելի մօտենալու։
5 Եհովայի Մօտենալ. Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը ամենէն թանկագին ստացուածքն է։ (Սաղմ. 63։3) Երբ Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած ծառայութեան լիովին կը մասնակցինք, այդ յարաբերութիւնը աւելի մտերիմ կը դառնայ։ (Յակ. 4։8) 18 տարիէ ի վեր ռահվիրայութիւն ընող եղբայր մը ըսաւ. «Ռահվիրայական ծառայութիւնը թոյլ կու տայ որ ‘ճաշակենք ու տեսնենք թէ Եհովան բարի է’, օրէ օր մեր Ստեղծիչին հետ աւելի զօրաւոր յարաբերութիւն մը կերտելով»։—Սաղմ. 34։8
6. Ռահվիրաները ի՞նչ պէտք է ունենան, եւ ռահվիրաներէն զատ որո՞նք կ’օգտուին։
6 Յարմար պայմաններ ունենալէ զատ, ռահվիրաները պէտք է ունենան զօրաւոր հաւատք, Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ իսկական սէր, եւ զոհողութիւններ ընելու կամեցողութիւն։ (Մատթ. 16։24. 17։19. 22։37-39) Սակայն, ինչպէս ռահվիրաներուն ուրախ դէմքերը ամէնուրեք կը վկայեն, ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները կը գերազանցեն զոհողութիւնները։ (Մաղ. 3։10) Այս օրհնութիւնները միայն ռահվիրաներուն սահմանափակուած չեն, այլ՝ անոնց ընտանիքներն ու ժողովքն ալ մեծապէս կ’օգտուին ռահվիրաներուն ցուցաբերած ընտիր հոգիէն։—Փիլ. 4։23