Մեր Ժամանակը Իմաստուն Կերպով Գործածենք՝ Ռահվիրայութիւն Ընելով
1 ‘Արդէ՛ն ծանրաբեռնուած եմ։ Իմաստուն քայլ մը պիտի ըլլա՞յ որ ասանկ ժամանակ մը ռահվիրայութեան ձեռնարկեմ’։ Քոյր մը այսպէս խորհեցաւ մինչ ան կ’ունկնդրէր շրջանային համաժողովի մը մէջ «Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ժրաջանութեամբ Շարունակենք» բնաբանով ռահվիրայ երէցի մը ներկայացուցած դասախօսութիւնը։ Ներկաներուն մէջ եղող երիտասարդ եղբայր մը հարց տուաւ. «Այս եղբայրը ի՞նչպէս կարող է ռահվիրայութեան ժամանակ յատկացնել։ Ես երէց մը չեմ, բայց կեանքս արդէն իսկ գործունէութիւններով խճողուած է»։
2 Մինչ երէցը կը շարունակէր ռահվիրայութեան օրհնութիւններուն մասին խօսիլ, ան շրջանին մէջ ծառայող քանի մը ռահվիրաներու հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ. անոնք խօսեցան այն վերաճշդումներուն մասին զորս ըրած են որպէսզի ռահվիրաներ ըլլան, եւ թէ ինչպէս Եհովա առատապէս իրենց ջանքերը օրհնած է։ Անոնցմէ մէկը ֆիզիքապէս անկարող էր, միւսը՝ անհաւատ ամուսին մը ունէր, իսկ երրորդը՝ աշխարհային ասպարէզ մը լքած էր, բայց իր հիմնական կարիքները գոհացնելու չափ բաւարար եկամուտ ունէր։ Ներկաներուն մէջ գտնուող եղբայրը եւ քոյրը, երբ լսեցին թէ այս ռահվիրաները ի՛նչպէս յաջողութիւն կը գտնէին Եհովայի օգնութեամբ, անոնք սկսան իրենց մտածելակերպը եւ անհատական պարագաները վերաքննութեան ենթարկել։ Ձեզ ալ կը հրաւիրենք որ նոյնը ընէք, մանաւանդ որ ռահվիրաներէն պահանջուած ժամերը հիմա նուազեցան եւ ասիկա բարի լուրի հրատարակիչներէն շատերուն կարողութեան սահմաններէն ներս է։
3 Գիտենք որ Եհովա է Ստեղծիչը ու Տիեզերքի Գերիշխանը եւ թէ մեր կեանքերը իրեն կը պարտինք։ (Դան. 4։17. Գործք 17։28) Մեզի համար բացայայտ է թէ Եհովա միայն մէ՛կ կազմակերպութիւն կը գործածէ։ Առանձնաշնորհումը ունինք անոր հետ հաւատարմութեամբ ծառայելու, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին թիկունք կանգնելով, որպէսզի վախճանը չեկած Թագաւորութեան վկայութիւնը տայ։ (Մատթ. 24։45. 25։40. Ա. Պետ. 2։9) Քանի որ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն վերջաւորութեան, կը գիտակցինք որ քարոզելու համար սահմանուած ժամանակը երթալով կը նուազի։ (Բ. Տիմ. 3։1) Մինչ այդ, պէտք է նիւթական գետնի վրայ մեր ընտանիքներուն հոգ տանինք։ (Ա. Տիմ. 5։8) Այնպէս կը թուի թէ անհատի մը եկամուտը այլեւս առաջուան պէս իր ապրուստը ճարելու չի բաւեր։ Թերեւս առաջուան առողջութիւնը չունինք։ Իսկ, անկեղծօրէն խօսելով, կ’ուզենք մեր անձին համար ալ քիչ մը ժամանակ եւ նիւթական յատկացնել։ (Ժող. 3։12, 13) Հետեւաբար, թերեւս հարց տանք որ ռահվիրաներ ըլլալու կոչին ընդառաջելը իմաստութի՞ւն է։
4 Իւրաքանչիւրիս պատասխանատուութիւնն է մեր անհատական պարագաները ուշադրութեամբ քննել եւ որոշել թէ ռահվիրայ կրնանք ըլլալ թէ՝ ոչ։ (Հռովմ. 14։12. Գաղ. 6։5) Քաջալերական է տեսնել հետզհետէ աւելցող անհատներուն թիւը, որոնք ռահվիրայութեան կոչին ընդառաջեցին։ Հակառակ այս վերջին օրերու ճնշումներուն եւ խնդիրներուն, 1999–ի Տարեգիրք–ին մէջ հրատարակուած ծառայութեան տեղեկագիրը ցոյց կու տայ որ համայն աշխարհի մէջ Եհովայի ժողովուրդէն շուրջ 700,000 հոգի ժրաջանօրէն կը շարունակեն ռահվիրայական ծառայութիւնը։ Ի՛նչ պարագաներու ներքեւ ալ ծառայեն՝ ըլլայ տնտեսական դժուար պարագաներ, փոխադրամիջոցներու չգոյութիւն, առողջապահական խնդիրներ կամ ուրիշ դժուարութիւններ, այս եղբայրները ու քոյրերը բարիք գործելէն չեն յոգնիր, եւ ասիկա գովաբանութեան արժանի է։ (Գաղ. 6։9) Անոնք ընդունած են զինք փորձելու Եհովայի առաջարկը։ (Մաղ. 3։10) Անոնք կը զգան թէ ռահվիրայութիւնը իրենց սահմանափակ ժամանակը եւ եկամուտը գործածելու շատ իմաստուն կերպ մըն է եւ թէ Եհովա իրապէս զիրենք օրհնած է, քանի որ անոնք ռահվիրայութեան գործը սկսելու եւ անոր մէջ մնալու համար հարկ եղած վերաճշդումները ըրած են։
5 Ռահվիրաները կ’Օրհնուին. Գամերունի մէջ, փոքրիկ աղջիկ մը ունեցող քոյր մը կը բացատրէ. «Իր ծնունդէն ի վեր, աղջիկս միշտ ինծի ընկերակցած է ծառայութեան մէջ։ Նոյնիսկ քալել չսկսած, զինք կռնակս կը շալկէի, կտորով մը ապահով կերպով կապած։ Առտու մը երբ ծառայութեան մէջ էի, ճամբուն եզերքը եղող կրպակի մը առջեւ կեցայ։ Աղջիկս քովէս հեռացաւ, պայուսակիս մէջէն առնելով քանի մը պարբերաթերթեր։ Ան մանր քայլերով քովի կրպակը գնաց։ Թէեւ շատ բան չկրցաւ ըսել, սակայն ան կնոջ մը ուշադրութիւնը գրաւեց եւ անոր պարբերաթերթ մը ներկայացուց։ Կինը պարզապէս ապշեցաւ, տեսնելով այսքան փոքր երախայ մը որ այս գործունէութեան կը մասնակցէր։ Ան շուտով ընդունեց պարբերաթերթը, ինչպէս նաեւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը»։
6 Օժանդակ ռահվիրայութեան շարքերուն միանալու կոչին ընդառաջելով, Զամպիոյ մէջ երէց մը որ ընտանիքի հայր է ու լիաժամ կ’աշխատի, շատ խճողուած յայտագիր մը ունենալով հանդերձ որոշեց օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալ։ Ան ուզեց ժողովքին ու իր ընտանիքին համար օրինակ հանդիսանալ։ Երբեմն, ան իր ինքնաշարժը ճամբուն եզերքը կը շարէր եւ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը խորագրով ձայներիզը կը սփռէր ու անցորդները կը հրաւիրէր որ գային ու մտիկ ընէին բարձրաձայն եղած ընթերցանութիւնը։ Այս կերպով ան կրցաւ Ընտանիք գրքէն 16 օրինակ եւ Գիտութիւն գրքէն 13 օրինակ տեղաւորել, եւ Աստուածաշունչի երկու ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
7 Դրացի երկրին՝ Զիմպապուէի մէջ ալ ռահվիրայութեան գեղեցիկ հոգի մը նկատելի էր։ 1998–ի Ապրիլին, 117 հրատարակիչներ ունեցող ժողովք մը, 70 օժանդակ եւ 9 կանոնաւոր ռահվիրաներ տեղեկագրեց։ 94 հրատարակիչներէ բաղկացած ուրիշ ժողովքի մը մէջ, 58 օժանդակ ռահվիրաներ տեղեկագրեցին։ Իսկ 126 հրատարակիչներէ բաղկացած ուրիշ ժողովք մը, տեղեկագրեց թէ 58 անհատներ որոշած են օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ, 4 կանոնաւոր ռահվիրաներուն կողքին։ Զիմպապուէի մէջ, ծառայութեան անցեալ տարին յատկանշական էր։ Թէեւ հոն ապրող եղբայրները զբաղած էին ընտանեկան հարցերով, ժողովքային գործունէութիւններով եւ մասնաճիւղի շինարարութեամբ, անոնք կեդրոնացան իրենց ժամանակը իմաստուն կերպով ծառայութեան յատկացնելու վրայ։
8 Ռահվիրաները կը գիտակցին որ ռահվիրայութեան գործը սկսիլը եւ անոր մէջ յարատեւելը իրենց անհատական ոյժէն կախեալ չէ։ Անոնք կ’ընդունին որ ասիկա ընելու ի վիճակի են, քանի որ «կախեալ են Աստուծոյ հայթայթած զօրութենէն»։ (Ա. Պետ. 4։11, ՆԱ) Անոնց հաւատքը իրենց կարող կը դարձնէ որ օրը օրին իրենց ծառայութիւնը շարունակեն։ Փոխանակ իրենց անհատական յարմարութիւնը եւ հանգիստը փնտռելու, յաջող ռահվիրաներ կը գիտակցին թէ ժրաջանօրէն շարունակելու համար, թերեւս հարկ ըլլայ «մեծ պայքար» մղելու, բայց ասոր որպէս արդիւնք, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը ստանան։—Ա. Թես. 2։2, Երուսաղէմ
9 Պօղոսի Օրինակը Ընդօրինակուելու Արժանի Է. Աստուածաշունչը կ’արձանագրէ ծառայութեան մէջ Պօղոս առաքեալի իրագործումներուն եւ շատերուն մատուցանած իր հիանալի օգնութեան մասին։ Եթէ կար մէկը որ ծանրաբեռնուած էր, ան ալ Պօղոսն էր։ Ան հալածանքներու եւ ֆիզիքական դժուարութիւններու տոկաց, որպէսզի բարի լուրը քարոզէ եւ ժողովքները զօրացնէ։ Ան նաեւ առողջապահական ծանր խնդիր մը համբերութեամբ կը տանէր։ (Բ. Կորն. 11։21-29. 12։7-10) Ան վճռած էր իր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածել։ Ան կը գիտակցէր որ իր բոլոր գործը Եհովայի օգնութեամբ կ’ընէր։ (Փիլ. 4։13) Իր օգնած անհատներուն մտքէն չէր անցներ որ Եհովայի ծառայութեան տրամադրած Պօղոսի ժամանակը եւ ջանքերը վատնուած էին, կամ թէ կարելի էր զանոնք աւելի օգտակար բանի մը յատկացնել։ Պօղոս իր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածելէն մինչեւ հիմա կ’օգտուինք։ Որքա՜ն կը գնահատենք իր ներշնչեալ խրատը, որ կ’օգնէ մեզի մեր նախապատուութիւնները դասաւորելու եւ ճշմարտութեան կառչելու, այս դժուարին ժամանակներուն մէջ։
10 Ուրիշ որեւէ ժամանակէ աւելի, բարի լուրը քարոզելու համար մնացած «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորն. 7։29. Մատթ. 24։14) Հետեւաբար, յարմար է որ մենք մեզի հարց տանք. «Եթէ վաղը անակնկալօրէն մահանամ, կրնա՞մ այսօր Եհովայի ըսել թէ իմ ժամանակս իմաստուն կերպով գործածեցի»։ (Յակ. 4։14, 15) Ինչո՞ւ հիմա իսկ Եհովայի աղօթքով չխօսիք, իրեն յայտնելով որպէս իր Վկաներէն մէկը ձեր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածել ուզելու ձեր փափաքը։ (Սաղմ. 90։12) Եհովայի աղօթեցէք որ ձեր կեանքը պարզացնելու մէջ ձեզի օգնէ։ Նոյնիսկ եթէ նախապէս այս մասին չէիք մտածած, կրնա՞յ ըլլալ որ հիմա ձեր կեանքին մէջ ռահվիրայութեան տեղ տալու հնարաւորութիւնը կը տեսնէք։
11 Ձեր Պարագաներէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք. Հասկնալի է որ, պարագաներու բերմամբ, բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլալ, չեն կրնար ամիսը 70 ժամ տրամադրել։ Սակայն, հրատարակիչներէն շատեր իրենց պարագաները կը յարմարցնեն որ ծառայութեան համար ամիսը 50 ժամ տրամադրեն որպէս օժանդակ ռահվիրայ, ասիկա ընելով կարելի եղածին չափ յաճախակիօրէն կամ շարունակաբար։ Եթէ ձեր ներկայ պարագաները ձեզ չեն թոյլատրեր որ օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլաք, մի՛ յուսահատիք։ Շարունակեցէք աղօթել որ ձեր պարագաները փոփոխութեան ենթարկուին։ Մինչ այդ, եթէ վերաճշդումներ ընելը անկարելի կը գտնէք, մխիթարուեցէ՛ք՝ գիտնալով որ Եհովա կը հաճի ձեր կարողութեան համաձայն սրտանց մատուցանած ձեր ծառայութեան։ (Մատթ. 13։23) Ան նկատի կ’առնէ որ դուք իր կողմը հաստատ դիրք բռնած էք եւ թէ ծանր կը պայքարիք որ հաւատարիմ հրատարակիչ մը ըլլաք, երբեք թոյլ չտալով որ ամիս մը անցնի, առանց վկայութիւն տալու պատեհութիւնները օգտագործելու։ Թերեւս կրնաք յառաջդիմել, ձեր վկայութեան հմտութիւնները սրելով եւ ջանալով աւելի ատակ բարի լուրի քարոզիչ եւ ուսուցիչ մը դառնալ։—Ա. Տիմ. 4։16
12 Քանի որ Եհովայի «մեծ ու ահեղ օրը» շատ մօտ է, հարկ է որ մնացեալ ժամանակը իմաստուն կերպով գործածենք, եթէ կ’ուզենք մեզի յանձնարարուած գործը ամբողջացնել։ (Յովել. 2։31) Սատանան գիտէ որ իր ժամանակը կարճ է, եւ որեւէ ժամանակէ աւելի իր ձեռքէն եկածը կը փորձէ, որպէսզի մեր կեանքը բարդացնէ եւ իրապէս կարեւոր եղող բաներու վրայ կեդրոնանալը դժուարացնէ։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ. Յայտ. 12։12) Բնա՛ւ թեթեւի մի առնէք ձեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած հետաքրքրութիւնը։ Ձեր կեանքը պարզացնելու ու ծառայութեան մէջ ձեր լաւագոյնը ընելու համար, Եհովա կրնայ օգնել ձեզի։ (Սաղմ. 145։16) Բարեբախտաբար, շատեր իրենց պարագաները վերաքննելէ ետք կը տեսնեն թէ կրնան օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրաներու խումբին միանալ։ Արդարեւ, ռահվիրաները իրենց ժամանակը իմաստուն կերպով գործածելու խոր գոհունակութիւնը կը զգան։ Դուք ալ անոնցմէ մէկը պիտի ըլլա՞ք։