Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ՝ 4 Յունուարէն մինչեւ 19 Ապրիլ 1999, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով ներկայացուած նիւթերու վրայ հիմնուած։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, անջատ թուղթի մը վրայ ձեր կրցած չափով հարցումներուն պատասխանեցէք։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղի ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն աւարտին տրուած տեղեկութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարան–ի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած բոլոր բաները, Եհովա միշտ բառ առ բառ ընդօրինակել տուած չէ։ (Բ. Տիմ. 3։16) [Դիտ. 1/9/97 էջ 5 § 3]
2. Ընտանեկան համերաշխութիւնը եւ զաւակներու հոգեւոր զարգացումը ամբողջովին կախեալ են ծնողներէն։ (Առ. 22։6) [Ընտանիք էջ 85 § 19]
3. Քանի որ «մեղքը դրանը քով պառկած է»ր, Կայէն լուրջ յանցանք գործելէ չէր կրնար խուսափիլ։ (Ծննդ. 4։7) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/9/94 էջ 23 § 11։]
4. Մինչ պատանին կը մեծնայ, զբօսանքի իր ընտրութեան համար ինքնաբերաբար աւելի ազատութիւն պէտք է շնորհուի անոր։ [Ընտանիք էջ 73 § 20]
5. Մեր Ստեղծիչը հաճեցնելու փափաքը լաւագոյն շարժառիթն է, որ ամէն ժամանակ ճշմարտութիւնը խօսինք։ (Առ. 6։17) [Զարթի՛ր 22/2/97 էջ 19 § 4]
6. Որպէսզի աղօթքի ատեն ‘մեր բերնին խօսքերը ու սրտին խորհուրդը Եհովայի առջեւ ընդունելի ըլլան’, պէտք է ջանանք մեր կրցածին չափ պոռոտախօս ըլլալ։ (Սաղմ. 19։14, ՆԱ) [Դիտ. 1/10/97 էջ 30 § 7-8]
7. Ծննդոց 26։5–ին մէջ յիշուած Եհովայի պատուիրանքները, կանոնները եւ օրէնքները, Օրէնքի ուխտին մէջ եղածներուն կ’ակնարկեն։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/10/92 էջ 8 § 8։]
8. Ղուկաս 8։48–ի համաձայն, երբ Յիսուս ըսաւ «քու հաւատքդ քեզ բժշկեց», ան ըսել կ’ուզէր թէ հիւանդ կինը նախքան որ բժշկուէր, Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն նկատմամբ իր հաւատքը պէտք էր յայտարարէր։ [Դիտ. 1/7/97 (Անգլերէն) էջ 4 § 2-4]
9. Ծննդոց 11։1–ը Աստուածաշունչի այն համարներէն մէկն է, որ ‘երկիր’ բառը կը գործածէ ակնարկելու համար ընդհանուր մարդկութեան, կամ մարդկային ընկերութեան։ [Զարթի՛ր 8/1/97 էջ 27 § 3]
10. Եթէ նոյնիսկ Դինա որեւէ կերպով համաձայնութիւն ցոյց չտուաւ, տակաւին՝ իր կուսութիւնը կորսնցնելու համար ան որոշ չափով պատասխանատու էր։ (Ծննդ. 34։1, 2) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 15/6/85 (Անգլերէն) էջ 31 § 4, կամ՝ Դիտ. 15/5/86 (Արաբերէն) էջ 24 § 1։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ծննդոց 3։1-5–ի մէջ ներկայացուած պատճառաբանութեամբ, Սատանան ի՞նչ կարծել տուաւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/10/95 էջ 5 § 1։]
12. Յայտնութիւն 19։15–ի մէջ, Յիսուսի բերնէն ելած «սրած սուր»ը ի՞նչ կը պատկերացնէ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/9/90 էջ 4 § 4։]
13. Ի՞նչ կը շեշտուի այն իրողութեամբ թէ Մովսէս Նոյի օրուան Ջրհեղեղին առնչութեամբ մասնայատուկ թուականներ կը յիշէ։ [Զարթի՛ր 8/2/97 էջ 26 § 4]
14. Աբրահամ ի՞նչպէս «Տէրոջը անունը կանչեց»։ (Ծննդ. 12։8) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/7/89 (Անգլերէն) էջ 20 § 9։]
15. Ըստ բովանդակութեան, Եհովա ի՞նչ ըսել ուզեց երբ Պօղոսի ըսաւ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի»։ (Բ. Կորն. 12։9) [Դիտ. 1/6/97 (Անգլերէն) էջ 25 § 3]
16. Բացայայտօրէն, ի՞նչ բան մղեց Ղովտի կինը որ ետեւ դառնայ, որու պատճառաւ ան աղի արձան դարձաւ։ (Ծննդ. 19։26) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 15/4/90 (Անգլերէն) էջ 18 § 10։]
17. Քրիստոնեաները ի՞նչ աչքով կը դիտեն գողցուած իրեր գնելը։ (Ել. 22։1. Երեմ. 17։11) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 15/6/92 (Անգլերէն) էջ 30 § 3. էջ 31 § 1, 7։]
18. Ըստ Ծննդոց 33։18–ին, Յակոբ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Քանանացիներու ընկերակցութիւնը զինք չէր հետաքրքրեր։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 15/9/95 (Անգլերէն) էջ 21 § 4։]
19. Ծննդոց 37։13–ի մէջ նկարագրուած Յովսէփի արարքները, ի՞նչպէս կը նմանին Յիսուսի ըրած արարքներուն։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/5/87 (Անգլերէն) էջ 12 § 12, կամ՝ Դիտ. 1/11/87 (Արաբերէն) էջ 16 § 12։]
20. Բարկութիւն արտայայտելու հարցին մէջ, Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ տարբերութիւնը ի՞նչ է։ [Զարթի՛ր 8/6/97 էջ 19 § 2-3]
Հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար, պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը հայթայթեցէք.
21. Առանց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ պատճառի ուրիշներուն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մղումներ վերագրելը, զանոնք դատելու հաւասար է։ [Դիտ. 15/5/97 (Անգլերէն) էջ 26 § 5]
22. Ծննդոց գրքին վաւերական ըլլալը ցոյց տրուած է անոր ներքին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, ինչպէս նաեւ ներշնչեալ մնացեալ Սուրբ Գրութիւններուն հետ անոր կատարեալ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Բոլոր Գիրքը էջ 14 § 8]
23. Ռոբովամի ու Հեղիի օրինակները, զաւակներու դաստիարակութեան նկատմամբ կրնան ծնողներուն օգնել, որպէսզի հասկնան չափազանց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կամ չափազանց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ըլլալուն հետեւանքները։ [Ընտանիք էջ 80-82 § 9-13]
24. ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ստանալը, բարեպաշտ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մը զարգացնելու մէջ կարեւոր քայլ մըն է։ [Դիտ. 1/11/97 էջ 4 § 5]
25. Յանցագործութիւն մը տեղեկացնելով, քրիստոնէական սկզբունքային սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ եւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ հանդէպ։ [Դիտ. 15/8/97 (Անգլերէն) էջ 30 § 2]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն շիտակ պատասխանը ընտրեցէք.
26. (Խիստ. Թոյլ. Պատշաճ) կրթութիւնը, զաւկին հանդէպ ծնողքին սէրը կ’ապացուցանէ։ (Եբր. 12։6, 11) [Ընտանիք էջ 72 § 18]
27. Ծննդոց 7։6, 11–ը Հ.Դ.Ա. (2970. 2370. 2020)–ին կը մատնանշէ, որպէս «ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը»։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Բոլոր Գիրքը էջ 294–ի վրայ եղող ցանկը։]
28. Յովհաննու 8։32–ի մէջ, Յիսուսի ի մտի ունեցած ազատութիւնը, (հռովմէական լուծէ. նախապաշարումներէ. մեղքէ ու մահէ) ազատագրում էր։ [Դիտ. 1/5/97 էջ 5 § 1]
29. Ծննդոց 22։18–ի վերջնական կատարման մէջ, սերունդը կ’ակնարկէ (Իսահակի. Իսրայելացիներուն. Յիսուսի եւ 144,000–ին)։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/5/98 էջ 23 § 8։]
30. (Մովսիսական Օրէնքին հնազանդութիւնն. Աստուծոյ իրական ըլլալը եւ զինք տհաճեցնելու առողջ վախն. պատժուելու վախն) էր, որ օգնեց Յովսէփի, անբարոյ փորձութիւններու յաջողութեամբ դէմ դնելու։ (Ծննդոց 39։9) [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցում. տես՝ Դիտ. 1/9/83 էջ 7 § 2։]
Հետեւեալ համարները վարը տրուած արտայայտութիւններուն հետ համեմատեցէք.
Առ. 5։3, 4. 15։22. 20։11. Եփ. 5։19. Բ. Տիմ. 3։16
31. Կենսական է որ ծնողներ ստուգեն թէ իրենց զաւակները ամբողջ սրտով կ’ընդունին բարոյական ու մաքուր կեանք մը վարելու կարեւորութիւնը։ [Ընտանիք էջ 67 § 8]
32. Ծնողներու եւ իրենց զաւակներուն միջեւ մտերիմ խօսակցութիւնները կենսական են, հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահելու համար։ [Ընտանիք էջ 65 § 4]
33. Ժողովքային հանդիպումներուն, մեր երգեցողութիւնները բարելաւելու բանալին, պատշաճ սրտի վիճակ մը ունենալն է։ [Դիտ. 1/2/97 (Անգլերէն) էջ 27 § 3]
34. Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ուսուցումներուն մասին հասկացողութիւն ունենալը, յաւիտենական կեանքի համար պահանջ մըն է։ [Դիտ. 15/8/97 (Անգլերէն) էջ 6 § 5]
35. Անբարոյութեան փորձութենէն խուսափելու համար, պէտք է ընդունինք որ անիկա սխալ է, ինչպէս նաեւ աղիտալի ու դառն հետեւանքներ ունի։ [Ընտանիք էջ 93 § 9]