Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներուն համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր հետ ունեցէք եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք գրքոյկը։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնանք ներկայացնել, երբ յարմար է։
◼ Երբ չնշանակուած թաղամաս մը աշխատին, հրատարակիչներ կրնան Գիտութիւն գիրքը, կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացնել։ Եթէ տանտէրը այս երկու գրականութիւնները արդէն ունի, ուրիշ որեւէ գրականութիւն կրնաք ներկայացնել։ Ամէն ոք պէտք է այլազան թերթիկներ ունենայ, տունը չգտնուողներու, կամ անոնց համար որոնք գրականութիւն չեն ընդունիր։ Ջանք պէտք է թափուի, հետաքրքրութիւն մը հետապնդելու, մասնաւորաբար այն չնշանակուած թաղամասերու մէջ, որոնք թերեւս մասնաւոր ռահվիրաներու կողմէ կ’աշխատցուին, կամ մօտակայ ժողովքներու համար դիւրամատչելի են։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 1999–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները հետեւեալ լեզուներով՝ Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն, արդէն պիտի ղրկուին գրականութեան առաքումին հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք։ Լանջանշանները պիտի ղրկուին 25–ական ծրարներով, իւրաքանչիւր ժողովքի մեծութեան համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, անոնք պէտք է ապսպրուին Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ ժողովքէն՝ անոնք որոնք կը փափաքին լանջանշանի բլասթիքէ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Ընկերութեան համար անհրաժեշտ է, վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու այժմու հասցէները եւ հեռաձայնի թիւերը ունենալ։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, քարտուղարը՝ Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճենը լեցնելով՝ փութով Ընկերութեան պէտք է ղրկէ։ Ասիկա կը պարփակէ նաեւ շրջանի գոտերու որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Ժողովքի քարտուղարը ռահվիրայութեան հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակութեամբ իր մօտ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայի Պարագայի Փոփոխութիւններ (S-204), Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205), Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b) եւ Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Կասեցման Նշմար (S-206)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրը ղրկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անիկա ամբողջացուած է։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողները իրենց մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չեն յիշեր, մօտաւոր թուական մը պէտք է որոշեն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւն մը պահեն։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (Պզտիկ չափ) —Թիկրինիա
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Ազրպէյճաներէն
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Կուճարաթի, Հինտի
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ 1986-1995 —Գերմաներէն, Հոլանտերէն, Ֆինլանտերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ 1998 —Անգլերէն
Եհովան Ո՞վ Է (Թիւ 23 Թերթիկը) —Գամպոտերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փալաւաներէն
Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ —Եբրայերէն
Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք —Գրիերէն
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք —Ամհարիգերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Գերմաներէն, Թակալոկ, Թայ, Իլոքօ, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Ճափոներէն, Ուգրաներէն, Ուրտույերէն, Պարսկերէն, Չեխերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սէպուանօ
Ի՛նչպէս Կրնաք Բարելաւել Խօսելու եւ Սորվեցնելու Ձեր Կարողութիւնը —Վիեթնամերէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Ալպաներէն, Արեւելահայերէն, Գերմաներէն, Թրքերէն, Խրուաթերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը —Պարսկերէն
◼ 1 Ապրիլ 1999 համարէն սկսեալ, Փունճապի լեզուով Դիտարան–ը կիսամսեայ պիտի ըլլայ։