Զայն Պիտի Կրկնե՞նք Օժանդակ Ռահվիրաներ Ըլլալու Ուրիշ Կոչ մը
1 Ի՞նչ պիտի կրկնենք։ Յիշատակատօնի առիթով օժանդակ ռահվիրաներ պիտի ըլլա՞նք։ Փետրուար 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց իր խիզախ խորագրով՝ «100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ կ’Ուզուին»։ Վստահ էինք որ այդ կոչը լրջութեամբ նկատի պիտի առնէիք։ Երբ Մարտ 1997–ի ծառայութեան տեղեկագրութիւնները հաւաքուեցան, հրճուեցանք գիտնալով որ 116,335 անհատներ օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցած էին։ Եթէ այդ թիւին վրայ աւելցնենք այդ ամիս տեղեկագրող 70,472 կանոնաւոր ռահվիրաները եւ 181 մասնաւոր ռահվիրաները, կը տեսնենք թէ մօտաւորապէս հրատարակիչներուն 20 առ հարիւրը ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցած էին։ Այս Յիշատակատօնին ալ զայն պիտի կրկնե՞նք։
2 Ջերմօրէն կը գովաբանենք բոլոր անոնք որոնք յաւելեալ ջանք թափեցին, անցեալ գարնան իրենց դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը աւելցնելու համար։ Բացայայտօրէն, բոլորդ ալ Եհովա Աստուծոյ եւ ձեր ընկերին հանդէպ անձնուրաց սէրէ մղուած էիք։ (Ղուկ. 10։27. Բ. Պետ. 1։5-8) Կեանքի զանազան պարագաներ ունեցող հրատարակիչներ իրենց գործերը կարգի դրին որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։ Ժողովքի մը մէջ, 51 հրատարակիչներ նոյն ամսուան ընթացքին ռահվիրաներ եղան, մէջը ըլլալով՝ երէցներուն մեծամասնութիւնը, 15 ամսու աղջնակ ունեցող մայր մը, քոյր մը՝ որ իր գործէն հրաժարելով մասնակի ժամով գործ մը գտաւ որպէսզի կարենայ ռահվիրայութիւն ընել, եւ տարեց քոյր մը՝ որ բնաւ ռահվիրայ չէր եղած։ Շրջանային տեսուչը գրեց. «Սքանչելի ջանք մը կը տարուի քարոզչութեան գործին մէջ։ . . . Ասիկա ոչ միայն թաղամասին վրայ ազդեցութիւն կը գործէ, այլեւ ժողովքները խանդավառութեամբ կ’եռան։ Եղբայրներ իրար մօտէն ծանօթանալով, ինչպէս նաեւ ծառայութեան մէջ իրենց ձեռք ձգած հոյակապ արդիւնքներով կ’ուրախանան»։
3 Անցեալ գարնան պատանիներն ալ պարփակուած էին։ 13 տարեկան չմկրտուած հրատարակիչ մը ակնկառոյց կը սպասէր այն ժամանակուան երբ պիտի կարենար Եհովայի հանդէպ իր նուիրումը խորհրդանշել։ Փետրուարին մկրտուելէն ետք, ան գրեց թէ կը փափաքէր Մարտ ամսուան ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել. «Հիմա որ ոչ մէկ արգելք ունիմ, անմիջապէս իմ դիմումնագիրս ներկայացուցի։ . . . Մեր վայելած բազմաթիւ հոյակապ փորձառութիւնները պիտի չիրականանային, եթէ ռահվիրայ ըլլալու ձեր սիրալիր հրաւէրը չըլլար։ Երախտապարտ եմ Եհովայի որ ինծի առանձնաշնորհումը տուաւ որ այդ 100,000 ռահվիրաներուն մէջ գտնուիմ»։ Ան նպատակակէտ դրած է զայն կրկնել։
4 Թերեւս դուք անցեալ Մարտին օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցող 116,335, Ապրիլին՝ 78,640 եւ Մայիսին՝ 56,905 անհատներուն մէջ էիք։ Այս տարի զայն պիտի կրկնէ՞ք։ Եթէ անցեալ գարնան չկարողացաք ռահվիրայ մը ըլլալ, կրնա՞ք այս տարի ըլլալ։ Կրնա՞նք 1989–ի Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայ եղողներու թիւը գերազանցել, որ էր՝ 120,979։ Անիկա մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու մէջ օժանդակ ռահվիրաներու բարձրագոյն թիւն էր։
5 Կեդրոնանանք Ապրիլ ու Մայիս Ամիսներուն Վրայ. Այս տարի, Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 11 Ապրիլին, այսպէս՝ Ապրիլ ամիսը ծառայութեան յաւելեալ գործունէութիւն ունենալու հոյակապ ամիս մը դարձնելով։ (Բ. Կորն. 5։14, 15) Ամսուան առաջին 11 օրերուն, մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք կարելի եղածին չափ շատ հետաքրքրուած անհատներ հրաւիրելու վրայ, որպէսզի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ Եթէ կը ծրագրէք օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալ, հաճեցէք ժամանակէն բաւական առաջ ձեր դիմումնագիրը ներկայացնել։—Ա. Կորն. 14։40
6 Քանի որ Մայիս ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, դպրոց յաճախող հրատարակիչները կամ աշխարհային լիաժամ գործ մը ունեցողները այդ ամիս դիւրաւ կրնան օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Եթէ հինգ շաբաթավերջերէն իւրաքանչիւրին դաշտի ծառայութեան համար տասը ժամ տրամադրէք, պէտք պիտի ունենաք ամսուան ընթացքին որեւէ ժամանակ միայն տասը յաւելեալ ժամեր ալ յայտագրել, որպէսզի պահանջուած 60 ժամերուն հասնիք։
7 Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու ընթացքին, մեր ներկայացնելիք գրականութիւնը պիտի ըլլայ՝ Դիտարան պարբերաթերթը։ Ասիկա մեզմէ շատերուն պէտք է քաջալերէ որ ռահվիրայութեան դիմեն։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ պարբերաթերթեր ներկայացնելը դիւրին է ու ծառայութեան մէջ զանոնք գործածելը՝ հաճելի։ Անոնք ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ կրնան գործածուիլ, այսինքն՝ տունէ տուն, վաճառատունէ վաճառատուն, ինչպէս նաեւ երբ անպաշտօն կերպով մարդոց կը մօտենանք՝ փողոցը, կառատուներուն եւ պարտէզներուն մէջ։ Մանաւանդ որ Դիտարան–ը Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները կը ջատագովէ։ Ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարումներուն վրայ, ապացուցանելով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ։ Ան նաեւ ընթերցողին կեանքին վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէ, մարդոց իսկական կարիքները հասկացողութեամբ նկատի առնելով։ Եթէ խորհինք մեր կեանքին վրայ այս թանկագին պարբերաթերթին ունեցած ազդեցութեան մասին, պիտի մղուինք կարելի եղածին չափ շատ բաժնել Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու ընթացքին։
8 Պարբերաթերթեր բաշխելու վրայ կեդրոնացած այս գործունէութեան համար պատրաստութիւն տեսնելով, օգտակար պիտի ըլլայ վերաքաղ ընել հետեւեալ յօդուածները. «Դիտարան եւ Զարթի՛ր—Ճշմարտութեան Ժամանակայարմար Պարբերաթերթեր» (Դիտարան 1 Փետրուար 1994), «Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք» (Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Սեպտեմբեր 1995–ի համարը), եւ «Պարբերաթերթի Ձեր Անհատական Ներկայացումները Պատրաստեցէք» (Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հոկտեմբեր 1996–ի համարը)։
9 Ո՛վ Երէցներ Առաջնորդութիւնը Առէք. Անցեալ գարնան ռահվիրայութիւն ընող բազմաթիւ հրատարակիչներուն յարմար կարգադրութիւններ հայթայթելու համար, ժողովքի մը երէցները ամսուան մէջ Շաբաթ օր մը նշանակեցին որպէս ծառայութեան մասնայատուկ օր մը բոլոր ժողովքին համար։ Կարգադրութիւններ եղան որ այդ օրուան ընթացքին մի քանի անգամ, տարբեր ժամերու, դաշտի ծառայութեան ժողովներ տեղի ունենան, որպէսզի ժողովքի բոլոր անդամներուն պատեհութիւն տրուի վկայութեան զանազան երեսակներուն մէջ բաժին բերելու։ Ասոնք կը պարփակէին առեւտրական թաղամասեր աշխատիլ, փողոցը վկայել, տունէ տուն երթալ, վերայցելութիւններ ընել, նամակներ գրել եւ հեռաձայնով վկայել։ Ընդառաջումը յատկանշական էր, օրուան ընթացքին 117 հրատարակիչներ դաշտի ծառայութեան մասնակցեցան։ Անոնց ծառայութեան ժամերուն ընդհանուր գումարը 521 էր, իսկ տեղաւորուած պարբերաթերթերուն, գրքոյկներուն եւ գրքերուն ընդհանուր գումարը՝ 617։ Այդ Շաբաթ օրուան ոգեւորութիւնը շարունակուեցաւ Կիրակի օրն ալ, ներկաներու գրեթէ բարձրագոյն թիւ մը արձանագրելով՝ Հանրային Ժողովին եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթացքին։
10 Ապրիլի ու Մայիսի իւրաքանչիւր Ծառայութեան Ժողովին, ժողովքին պէտք է վերյիշեցուի թէ եկող շաբաթ ե՛րբ եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենան դաշտի ծառայութեան ժողովները, յատկապէս՝ երբ սովորականէն դուրս յաւելեալ կարգադրութիւններ եղած են։ Կը քաջալերենք որ կանոնաւոր ռահվիրաները, ինչպէս նաեւ օժանդակ ռահվիրայ չեղողները թիկունք կանգնին խմբային այս կարգադրութիւններուն, իրենց պարագաներուն համաձայն։
11 Ծառայութեան տեսուչը պէտք է խօսակցի թաղամասերու նշանակումով զբաղող եղբօր հետ, որպէսզի կարգադրութիւններ ընէ հազուադէպ ծառայուած թաղամասերը աշխատելու համար։ Յաւելեալ ուշադրութիւն կրնայ ընծայուիլ նախապէս տունը չեղողներուն այցելելու, փողոցը վկայելու եւ վաճառատունէ վաճառատուն երթալու համար։ Կրնայ շեշտ դրուիլ երեկոյեան վկայութեան վրայ, յատկապէս երբ ցերեկուան ժամերը սկսին երկարիլ Ապրիլի առաջին շաբաթավերջին։ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն համար, պարբերաթերթերու բաւարար քանակ մը պէտք է ապսպրուի, առ ի պատրաստութիւն այս յաւելեալ գործունէութեան։
12 Բազմաթիւ Հրատարակիչներ Կրնան Որակելի Ըլլալ. Օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագրին առաջին նախադասութիւնը կ’ըսէ. «Քանի որ Եհովայի հանդէպ սէր ունիմ եւ կը փափաքիմ ուրիշներու օգնել որ Եհովայի ու իր սիրալիր նպատակներուն մասին սորվին, կ’ուզեմ դաշտի ծառայութեան մասնակցութիւնս աւելցնել, աշխատելով որպէս օժանդակ ռահվիրայ»։ Եհովան սիրելը եւ ուրիշներուն հոգեւոր գետնի վրայ օգնելը մեր նուիրումին համար հիմնական են։ (Ա. Տիմ. 4։8, 10) Օժանդակ ռահվիրայութեան որակելի ըլլալու համար, անհատ մը մկրտուած պէտք է ըլլայ, բարոյական մաքուր կեցուածք մը ունենայ, նաեւ կարող ըլլայ ամսուան ընթացքին 60 ժամ տրամադրել ծառայութեան։ Մինչ բոլորս ալ նկատի կ’առնենք մեր անհատական պարագաները, մեզմէ ոմանք, որոնք նախապէս բնաւ ռահվիրաներ չեն եղած, արդեօք կրնա՞ն Ապրիլին կամ Մայիսին ռահվիրայութեան ձեռնարկել։
13 Ժողովքներուն մէջ, թերեւս շատեր գիտակցին որ իրենք ալ կրնան ռահվիրայ ըլլալ, երբ տեսնեն թէ իրենց նման պարագաներ ունեցող անհատներ ռահվիրայութեան կը ձեռնարկեն։ Դպրոցականներ, տարեցներ, լիաժամ աշխատաւորներ, ի ներառեալ երէցներ եւ օգնական ծառաներ, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, յաջողութեամբ օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրած են։ Լիաժամ աշխատող երկու զաւկի տէր տանտիկին մը, օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրած ամիսը 60 ժամ ծառայեց, 108 պարբերաթերթեր տեղաւորեց եւ սուրբ գրային 3 ուսումնասիրութիւններ սկսաւ։ Ան ի՞նչպէս կրցաւ ընել ասիկա։ Ան իր կէսօրուան դադարը օգտագործեց մօտակայ թաղամասի մը մէջ վկայելու համար, նամակներ գրեց, նաեւ կառատուներու եւ փողոցի վկայութեան մասնակցեցաւ։ Ան նաեւ ամէն շաբաթ իր մէկ օրուան արձակուրդը օգտագործեց, ժողովքին հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելով։ Թէեւ ան սկիզբը խորհեցաւ թէ օժանդակ ռահվիրայութիւնը անհասանելի նպատակակէտ մըն էր, սակայն, ուրիշներուն քաջալերութեամբ ու գործնական յայտագրով արգելքները յաղթահարուեցան։
14 Յիսուս իր աշակերտները հաւաստիացուց. «Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթ. 11։30) Ասիկա քաջալերական յօդուածի մը խորագիրն էր, որ լոյս տեսաւ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1995–ի համարին մէջ։ Հոն կը խօսի շատ ճնշում՝ աշխարհային լիաժամ գործ մը՝ ունեցող քրոջ մը մասին։ Արդեօք ան խորհեցա՞ւ թէ օժանդակ ռահվիրայութիւնը իր կարողութենէն գերիվեր էր։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ան կրցաւ ամէն ամիս օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ զգաց որ ռահվիրայութիւնը իրապէս կ’օգնէ իրեն իր հաւասարակշռութիւնը պահելու։ Իր զբաղած կեանքին մէջ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր իրեն՝ օգնել մարդոց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվին եւ տեսնել որ անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելու համար իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն։—Առ. 10։22
15 Որեւէ անհատական զոհողութիւն եւ վերաճշդում, զոր անհատ մը կը ստիպուի ընել, որպէսզի ռահվիրայ մը ըլլայ, մեծապէս կը վարձատրուի, երբ անոր օրհնութիւնները վայելէ։ Քոյր մը օժանդակ ռահվիրայութեան հետ իր ունեցած փորձառութեան մասին գրեց, ըսելով. «Անիկա օգնեց որ անձնակեդրոն չըլլամ եւ աւելի կեդրոնանամ ուրիշներուն օգնելու վրայ։ . . . Զայն կը յանձնարարեմ անոնց որոնք կրնան ընել»։
16 Անիկա Լաւ Յայտագիր մը կը Պահանջէ. Այս յաւելուածականին վերջին էջին վրայ, վերահրատարակեցինք Փետրուար 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ լոյս տեսած յայտագիրներու նմոյշը։ Թերեւս ասոնցմէ մէկը կը յարմարի ձեր պարագաներուն։ Մինչ զանոնք վերաքաղ կ’ընէք, սովորական ամսուան մը ընթացքին ձեր առօրեայ գործունէութիւնները նկատի առէք։ Տան մէջ ո՞ր պարտականութիւնները կարելի է ընել ռահվիրայութեան սկսելէ առաջ, կամ ժամանակաւորապէս յետաձգել, որպէսզի ետքը ընէք։ Կարելի՞ է որ զբօսանքի կամ ուրիշ հետապնդումներու համար տրամադրուած ժամանակէն մաս մը առնէք։ Փոխանակ պահանջուած 60 ժամերը որպէս ամբողջութիւն մը նկատելու, ձեր յայտագիրը ըրէք որպէս օրական կամ շաբաթական յայտագիր։ Օրական միայն 2 ժամ կամ շաբաթը միայն 15 ժամ պահանջուած է օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու համար։ Նկատի առէք յայտագիրներու նմոյշը եւ ձեռքերնիդ մատիտ մը առնելով տեսէք թէ ի՛նչպէս կրնաք ծառայութեան ձեր անհատական յայտագիրը պատրաստել, որ ձեզի ու ձեր ընտանիքին համար յարմարագոյնն է։
17 Անցեալ գարնան, ծառայութեան հանդէպ ժողովքի մը ցուցաբերած հոյակապ ընդառաջումը եւ յաւելեալ օգնութիւնը, կանոնաւոր ռահվիրայի մը խանդավառութիւնը վերանորոգեց, մղելով որ հետեւեալը գրէ. «Շատ շնորհակալ եմ որ սիրալիր քաջալերութիւն տուիք, որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան թիկունք կանգնելու համար յաւելեալ ջանք թափուի։ . . . Ձեր թելադրած յայտագիրները օգնեցին շատերուն, որոնք բնաւ ռահվիրայութիւն չէին ըրած, տեսնելու թէ իրե՛նք ալ կրնան ռահվիրաներ ըլլալ։ . . . Ո՜րքան ուրախ եմ որ Եհովայի կազմակերպութեան մաս կը կազմեմ ու կը հետեւիմ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային ուրախ եւ սիրալիր առաջնորդութեան»։
18 Առակաց 21։5–ը կը վստահեցնէ մեզ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ Առակաց 16։3–ը մեզ կը քաջալերէ. «Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին»։ Այո՛, եթէ աղօթքով մեր որոշումին մէջ Եհովան պարփակենք եւ յաջողելու համար անոր տուած օգնութեան զօրաւոր կերպով վստահինք, այն ժամանակ կրնանք օժանդակ ռահվիրայութեան մեր ծրագրին նկատմամբ դրական ըլլալ։ Թերեւս մէկ կամ երկու ամիս օժանդակ ռահվիրայութեան մեր յայտագրին յաջողութեամբ ընթանալը տեսնելով, պիտի կարենանք օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագրին վրայ եղած շրջագծին վրայ նշան մը դնել, ուր կ’ըսէ. «Հոս նշան դրէք, եթէ կը փափաքիք յարատեւ ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրայ, մինչեւ ուրիշ նշմար մը»։ Ամէն պարագայի, կրնանք ծրագրել որ Օգոստոսին դարձեալ մասնակցինք օժանդակ ռահվիրայութեան, երբ հինգ շաբաթավերջեր կան։ Օգոստոսը ծառայութեան տարուան վերջին ամիսը ըլլալով, ամէն հրատարակիչ իր լաւագոյնը պիտի ընէ ծառայութեան մէջ։
19 Յիսուս մարգարէացաւ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ»։ (Յովհ. 14։12) Մեր ուրախ առանձնաշնորհումն է որպէս Աստուծոյ գործակիցները ծառայել, մինչ այս մարգարէութիւնը իր մեծ կատարումը կ’ունենայ։ Հիմա՛ է ժամանակը բարի լուրը քարոզելու զօրաւոր թափով, այս գործը կատարելու համար ժամանակը ծախու առնելով։ (Ա. Կորն. 3։9. Կող. 4։5) Կարելի եղածին չափ օժանդակ ռահվիրայութեան յաճախ մասնակցելով, Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր բաժինը հոյակապ կերպով բերած կ’ըլլանք։ Անձկալից կը սպասենք տեսնելու թէ օժանդակ ռահվիրաներուն կողմէ փառաբանութեան այս երգը որքա՛ն մեծ պիտի ըլլայ այս Յիշատակատօնին։ (Սաղմ. 27։6) Անցեալ գարնան արդիւնքներու մասին խորհելով, հարց կու տանք, ‘Զայն պիտի կրկնե՞նք’։ Այո, վստահ ենք որ պիտի կրկնե՛նք։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ մը Ըլլալ
«Ձեր անձնական պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, եթէ մկրտուած էք ու բարոյական լաւ կեցուածք մը ունիք եւ կրնաք դաշտի ծառայութեան մէջ ամիսը 60 ժամ տրամադրել, իսկ կը խորհիք թէ մէկ կամ աւելի ամիսներ կրնաք որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, ժողովքի երէցները ուրախութեամբ նկատի պիտի առնեն ծառայութեան այս առանձնաշնորհումի ձեր դիմումնագիրը»։—Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած, էջ 114։