Եհովայի առաքինութիւնները հռչակէ
1. Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ Եհովայի առաքինութիւնները հռչակելու։
1 «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է»։ (Ա. Մնաց. 29։11) Եհովայի հանդէպ մեր սէրն ու գնահատութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեզի։ Կը մղուինք ‘հռչակելու անոր առաքինութիւնները, որ մեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’։ (Ա. Պետ. 2։9) Մեր մեծ Աստուծոյ մասին ուրիշներուն խօսելէ չենք կրնար դադրիլ։ Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին Եհովայի առաքինութիւնները յայտարարելու ուշագրաւ պատեհութիւններ պիտի ունենանք։
2. Յիշատակատօնը ծանուցանելու ի՞նչ մասնաւոր արշաւ ծրագրուած է, եւ որո՞նք կրնան մասնակցիլ։
2 Յիշատակատօնը ծանուցանելու մասնաւոր արշաւ. Երկուշաբթի՝ Ապրիլ 2–ին, Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարելով Եհովայի առաքինութիւնները աչքառու պիտի դարձնենք։ Մարտ 17–էն մինչեւ Ապրիլ 2, այս կարեւոր առիթին վերաբերեալ մասնայատուկ հրաւիրագիր մը պիտի բաշխուի համայն աշխարհի մէջ։ Բոլորին քաջալերութիւն կը տրուի որ լիովին մասնակցին։ Ասիկա ընտիր ժամանակ մը պիտի ըլլայ որակեալ նորեկներուն որ սկսին բարի լուրը յայտարարել։ Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտներ կամ զաւակներ ունիս, որոնք կրնան որակեալ ըլլալ, նախաձեռնութիւնը առ երէցներուն հետ խօսելու։
3. Անհատներ Յիշատակատօնին հրաւիրելու համար ի՞նչ կրնանք ըսել։
3 Այս արշաւը համանման պիտի ըլլայ այն արշաւին որ կատարուեցաւ՝ «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովին համար։ Ժողովքներուն բաւարար հրաւիրագիրներ պիտի ուղարկուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հրատարակիչ կարենայ 50 հատ ունենալ, իսկ իւրաքանչիւր ռահվիրայ՝ 150 հատ։ Ներկայացումդ համառօտ պահէ, թերեւս ըսելով. «Ասով քեզ կը հրաւիրեմ կարեւոր տարեկան առիթի մը, ուր ջերմօրէն բարի գալուստ պիտի մաղթուի քեզի։ Մանրամասնութիւնները տրուած են հրաւիրագրին մէջ»։ Անշուշտ, եթէ տանտէրը հարցումներ ուղղէ, ժամանակ տրամադրէ՝ անոնց պատասխանելու։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին էջ 206–ի վրայ սկսող յաւելուածական յօդուածը Տէրունական Ընթրիքին մասին, կրնայ այս ուղղութեամբ օգտակար ըլլալ։ Շաբաթավերջերուն, պիտի ներկայացնենք ընթացիկ պարբերաթերթերը՝ մասնայատուկ հրաւիրագրին հետ մէկտեղ։ Երբ որեւէ հետաքրքրութիւն նկատես, վերայցելութեան համար կարգադրութիւն ըրէ։
4. Յիշատակատօնի մասնայատուկ հրաւիրագիրները ի՞նչպէս պիտի բաշխուին։
4 Ո՛ւր որ կարելի է, իւրաքանչիւր տանտիրոջ անձամբ պէտք է տրուի այս մասնայատուկ հրաւիրագիրը։ Ուստի տունը չեղողներուն վերաբերեալ ցանկ մը պատրաստէ ու ջանա՛ անոնց այցելել։ Եթէ ժողովքը հրաւիրագրէն մեծ քանակ մը տակաւին ունենայ, կրնայ միայն Յիշատակատօնին նախորդող շաբթուան ընթացքին հրաւիրագիր մը ձգել, երբ տունը մէկը չգտնուի։ Վստահ եղիր որ հրաւիրագիր մը նաեւ ներկայացնես վերայցելութիւններուդ, Աստուածաշունչի աշակերտներուդ, ազգականներուդ, գործընկերներուդ, դրացիներուդ եւ այլ ծանօթներու։
5. Ինչո՞ւ հիմակուընէ պէտք է սկսինք օժանդակ ռահվիրայութեան համար ծրագիրներ ընել։
5 Օժանդակ ռահվիրայութիւն. Կրնա՞ս Եհովայի առաքինութիւնները լիովին հռչակել, Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկելով։ Ասիկա իրագործելու համար հարկ պիտի ըլլայ որ առօրեայ յայտագրիդ մէջ կարգ մը ճշդումներ կատարես։ (Եփ. 5։15-17) Կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընելու համար ջանք թափելը, ուրախութիւն եւ Եհովայի օրհնութիւնը պիտի բերէ։ (Առ. 10։22) Յիշատակատօնի շրջանը մօտենալով, ժամանակն է ծրագիրներ ընելու։—Առ. 21։5
6. Անցեալ տարի օժանդակ ռահվիրայութիւն ընող 90 տարեկան քրոջ փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
6 Ինիսուն տարեկան քոյր մը անցեալ տարի օժանդակ ռահվիրայութեան առանձնաշնորհումը վայելեց։ Ան ըսաւ. «Թէեւ պարտիզպանութիւնը շատ կը սիրեմ եւ կ’ուզէի կարգ մը բաներ ցանել, սակայն անդրադարձայ որ նախապատուութիւններս պէտք է փոխէի։ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու փափաքով, որոշեցի օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել Մարտին»։ Իր թափած ջանքին համար օրհնուեցա՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Աւելի կը զգամ թէ ժողովքին մէկ մասն եմ, եւ ասիկա զիս Եհովայի մօտեցուցած է»։ Կրնա՞նք մեր նախապատուութիւնները վերլուծել եւ համանման ճշդումներ ընել ի պահանջել հարկին։
7. Որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելը դժուա՞ր է։
7 Օժանդակ ռահվիրայութեան 50 ժամուան պահանջին գոհացում տալը կրնայ կարծածիդ չափ դժուար չըլլալ։ Ջերմեռանդ աղօթքով նկատի առ առօրեայ գործունէութիւններդ, յայտագիր մը ուրուագծէ, ապա զայն աստուածպետական օրացոյցիդ վրայ նշէ։ Անձնական պարագաներդ լաւ գիտնալով, եթէ առողջութիւնդ տկար է եւ կորով չունիս, թերեւս կրնաս օրուան ընթացքին շուրջ երկու ժամ ծառայութեան յատկացնել։ Իսկ եթէ լիաժամ կ’աշխատիս կամ դպրոցական ես, թերեւս կրնաս օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել՝ երեկոները կամ շաբաթավերջերը ծառայութեան մասնակցելով։
8. Ի՞նչ բան կարելի դարձուց որ ամոլ մը օժանդակ ռահվիրայութիւն ընէ։
8 Շատեր կրցած են ընտանեօք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Նախորդ տարիներուն, ամոլ մը կը վարանէր օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու, խորհելով թէ աննպաստ պարագաներ ունէր։ Անոնք ի՞նչ ըրին։ «Եհովայի աղօթեցինք որ մեզի օգնէ իրագործելու այն ինչ որ երկար ատենէ կը փափաքէինք ընել»։ Յարմար յայտագիր մը ընելով, անոնք կրցան իրենց նպատակակէտին հասնիլ։ Անոնք աւելցուցին. «Սքանչելի էր։ Միասնաբար բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելեցինք։ Կը թելադրենք որ դուք ալ զայն փորձէք։ Եթէ մե՛նք յաջողեցանք, հնարաւոր է որ դուք ալ յաջողիք»։
9. Ձեր յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին ի՞նչ կրնաք ընել, որպէսզի պատրաստուիք յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք մասնայատուկ գործունէութեան։
9 Ինչո՞ւ ձեր յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին ժամանակ չյատկացնէք նկատի առնելու թէ ի՛նչպէս կրնաք ձեր գործունէութիւնը աւելցնել յառաջիկայ ամիսներուն։ Եթէ ընտանեօք չէք կրնար օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, թերեւս ընտանիքէն մէկ հոգի կրնայ՝ ձեր աջակցութեամբ ու համագործակցութեամբ։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, հաւանաբար ձեր ընտանիքը կրնայ նպատակակէտ դնել որ գործունէութեան այս մասնայատուկ ամիսներուն ընթացքին ծառայութեան յաւելեալ ժամեր տրամադրէ։
10. Այս Յիշատակատօնի շրջանին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու մեր փափաքին մասին ինչո՞ւ ուրիշներուն պէտք է խօսինք։
10 Իրարու օգնեցէք. Խանդավառութիւնը փոխանցիկ է։ Օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու փափաքիդ մասին խօսէ։ Ասիկա կրնայ ուրիշները քաջալերել որ դիմումնագիր ներկայացնեն։ Ասկէ զատ, անցեալին ռահվիրայութիւն ընողները կրնան թելադրութիւններ տալ, որոնք քեզի պիտի օգնեն գործերդ կարգի դնելու եւ յայտագիրդ պատրաստելու, որպէսզի նպատակակէտիդ հասնիս։ (Առ. 15։22) Եթէ կրնաս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ, ինչո՞ւ չհրաւիրես հրատարակիչ մը, թերեւս պարագաներուդ նման պարագաներ ունեցող մը, որ այս հաճելի գործունէութեան մէջ քեզի միանայ։
11. Երէցները ի՞նչպէս կրնան յառաջիկայ ամիսներուն օժանդակ ռահվիրայութեան հանդէպ խանդավառութիւն հրահրել։
11 Երէցներէն շատեր հարկ եղած կարգադրութիւնները կ’ընեն՝ ծառայութեան այս մասնայատուկ երեսակին մասնակցելու համար։ (Եբր. 13։7) Ասիկա արդարեւ ժողովքը կը քաջալերէ։ Երէցները նաեւ իրենց խօսակցութեամբ խանդավառութիւն կը հրահրեն։ Քաջալերական խօսք մը կամ գործնական կարգ մը թելադրութիւններ տալը կրնայ բաւարար ըլլալ որ ոմանք մղուին օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու։ Ծառայութեան տեսուչը հաւանաբար դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովներ պիտի կարգադրէ, որպէսզի բոլորն ալ կարենան խմբովին վկայել, նոյնիսկ գործէն կամ դպրոցէն ետք։ Այս կարգադրութիւնները կանոնաւորաբար պէտք է ծանուցանուին։ Ան նաեւ վստահ պիտի ըլլայ որ բոլորն ալ բաւարար թաղամասեր ու հրատարակութիւններ ունին։
12. Եթէ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու կարող չես, ի՞նչ կրնաս ընել։
12 Նոյնիսկ եթէ պարագաներդ չեն ներեր որ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընես, կրնաս մասնակցողները քաջալերել եւ անոնց համար աղօթել։ (Առ. 25։11. Կող. 4։12) Ծառայութեան սովորական յայտագրէդ զատ, թերեւս կրնաս անոնց հետ ծառայել աւելի երկար ժամանակ կամ շաբթուան ընթացքին։
13. Միացեալ Նահանգներու համար ի՞նչ նպատակակէտ դրուած է, եւ զայն իրագործելու համար ձեր ժողովքը ի՞նչ կրնայ ընել։
13 Ապրիլին մեր նպատակակէտն է՝ 160,000 օժանդակ ռահվիրայ ունենալ. Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը Ապրիլ 2000–ին արձանագրած է օժանդակ ռահվիրաներու բարձրագոյն թիւը՝ 153,774։ Հետեւաբար, յառաջիկայ Ապրիլին համար իրատես նպատակակէտ մըն է՝ 160,000 օժանդակ ռահվիրայ։ Կրնանք այս նպատակակէտին հասնիլ եթէ իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ միջին հաշուով ամէն 6 հրատարակիչներէն մէկը օժանդակ ռահվիրայ ըլլայ։ Անշուշտ կարգ մը ժողովքներու մէջ, աւելի մեծ թիւով հրատարակիչներ պիտի կարենան օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը դիւրաւ կրնայ այդ նպատակակէտը իրագործել։ Երեւակայէ թէ ասիկա ժողովքը ո՜րքան պիտի ոգեւորէ եւ թաղամասին մէջ քարոզչութեան վրայ ի՜նչ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։
14. Ապրիլը ինչո՞ւ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մըն է։
14 Ապրիլ ամիսը ինչո՞ւ օժանդակ ռահվիրայութեան հոյակապ ամիս մըն է։ Ամսուան սկիզբը Յիշատակատօնը տօնակատարելով, շատ պատեհութիւններ պիտի ունենանք որ ներկայ եղողներուն վերայցելենք։ Պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք ու ջանանք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը տալ վերայցելութեան ընթացքին եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Հետեւաբար Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու բազմաթիւ պատեհութիւններ պիտի հայթայթէ։ Այս երկրին մէջ այդ ամիս ցերեկուան ժամերը աւելի կ’ըլլան, իսկ օդը՝ սովորաբար նպաստաւոր։ Ասկէ զատ, Ապրիլը հինգ Կիրակիներ եւ աշխարհային արձակուրդ մը ունի, ինչ որ աշխարհիկ գործ ունեցողներուն եւ դպրոցականներուն համար ռահվիրայութեան ձեռնարկելը կը դիւրացնէ։
15. Մինչ Յիշատակատօնի շրջանը կը մօտենայ, ինչո՞ւ ստիպողականութեան զգացում պէտք է ունենանք։
15 Իւրաքանչիւր Յիշատակատօնի շրջան որ կ’անցնի, մեզ իրերու այս դրութեան վախճանին մէկ տարի աւելի կը մօտեցնէ։ Մեր մեծ Աստուծոյն մասին ուրիշներուն խօսելու մնացած ժամանակը կարճցած է։ (Ա. Կորն. 7։29) Երբ այս Յիշատակատօնի շրջանը անցնի, մեր երկնաւոր Հայրը փառաբանելու անոր մատուցած թանկագին պատեհութիւնները առյաւէտ պիտի անհետանան։ Թող հի՛մա պատրաստուինք՝ Մարտին, Ապրիլին ու Մայիսին մեր կարելին ընելու, Եհովայի առաքինութիւնները հռչակելու համար։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Ապրիլին՝ կրնա՞նք ունենալ 160,000 օժանդակ ռահվիրայ
◼ Նախապատուութիւններդ վերլուծէ
◼ Ընտանեօք նկատի առէք ձեր նպատակակէտերը
◼ Ծրագիրներուդ մասին ուրիշներուն խօսէ