ԿՐՆԱ՞Ք ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
1 Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ անձնազոհ ըլլան ծառայութեան մէջ, եւ անոնց վստահեցուց թէ այս ընթացքին հետեւիլը իրենց երջանկութիւն եւ հոգեւոր շատ օգուտներ պիտի բերէր։ (Մատթ. 10։8բ. Գործք 20։35) Անցեալ Մարտին, 301 անհատներ աւելցած գործունէութեան ուրախութիւններուն ուղղակի փորձառութիւնը ունեցան որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Նաեւ Ապրիլին ունեցանք 287 օժանդակ ռահվիրաներ։ Արդեօք կրնա՞ք բաժին ունենալ այս օրհնութիւններուն մէջ այս տարի արձանագրուելով որպէս օժանդակ ռահվիրայ կա՛մ Մարտ եւ կամ Ապրիլ, կամ թերեւս երկու ամիսներուն ընթացքին։—Սաղմ. 34։8
2 Ձեր Պարագաները Քննել. Մինչ վարը յիշուած փորձառութիւնները նկատի կ’առնէք, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ինքզինքս կը տեսնե՞մ այս օրինակներէն որեւէ մէկուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնամ պէտք եղած կարգադրութիւնները ընել, որոնք ճամբան կը բանան որ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիմ ’։
3 Քոյր մը կարող էր օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ թէեւ հինգ զաւակներ ունէր ու աշխարհային գործով զբաղած էր։ Ան ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ։ Անոր ամուսինն ու զաւակները լաւ կերպով իրեն թիկունք կանգնեցան, եւ որպէս արդիւնք քրոջ լաւ օրինակին, ամուսինը մղուեցաւ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու յաջորդ ամիսը։
4 Ժողովքի մը մէջ բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները ծառայեցին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ամսուան մը ընթացքին։ Անոնց մեծամասնութիւնը աշխարհային գործ ունէր, բայց անոնք մեծապէս զբաղեցան հոգեւոր գործունէութեամբ շաբաթավերջերուն ընթացքին։ Անոնց հայթայթած ընտիր առաջնորդութիւնը քարոզչութեան մէջ եւ դաշտի ծառայութիւնը կազմակերպելուն մէջ, ամբողջ ժողովքին օգտեց։ Ամսուան ընթացքին, 77–ը հրատարակիչներէն 73–ը բաժին բերին ռահվիրայութեան ծառայութեան կերպերէն մէկուն մէջ։
5 15 տարեկան դպրոցական աղջիկ մը գործածեց իր երկու շաբթուան գարնան արձակուրդը՝ օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութեան մասնակցելու եւ կ’ըսէ. «Կրնամ տարբերութիւնը իսկապէս տեսնել, մանաւանդ բարելաւում մը խօսակցելուն մէջ։ Կարող էի աւելի շատ խօսակցութիւններ ունենալ մարդոց հետ դռներու առջեւ»։
6 Անոնք որոնք աշխարհային գործէն քաշուած են, յաճախ հոյակապ պատեհութիւններ ունին Թագաւորութեան շահերը հետապնդելու։ Իր ամուսինին մահէն ետք, 84 տարեկան քոյր մը գրեց. «Բոլոր զաւակներս մեծցած են ու ամուսնացած են եւ ընտանիքներ կազմած են։ Անոնք զիս չանտեսեցին, բայց իրենց այցելութիւնները չյաղթահարեցին կորուստի ու մենակութեան զգացումները։ Ետքը, մեր ժողովքի երէցներէն մէկը թելադրեց որ օժանդակ ռահվիրայութեան փորձեմ մասնակցիլ։ Տատամսեցայ, բայց վերջապէս որոշեցի փորձել այդ բանը։ Ի՜նչ ուրախութիւն։ Զգացի թէ Եհովա թոյլ տուած է որ ապրիմ մինչեւ այս տարիքը, որպէսզի կարենամ օժանդակ ռահվիրայութեան փորձառութիւնը ունենալ։ Անկէ ի վեր շարունակած եմ ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրայ ամէն ամիս»։
7 Եղբայր մը, որ կալուածներ կը ծախէ, տուներ ցուցնելու իր յայտագիրը վերաճշդեց որպէսզի ժամանակ յատկացնէ օժանդակ ռահվիրայութեան։ Ուրիշներ նմանապէս վերաճշդած են իրենց գործերը ճամբայ բանալու համար այսպիսի աւելցած գործունէութեան մը։
8 Ձեր Ծրագիրները Հիմա Ըրէք. Ինչո՞ւ դրական ծրագիրներ հիմա չընել օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցելու՝ Մարտին ու Ապրիլին։ Յաջողելու համար, ուշադրութեամբ ծրագրելու հարկը կայ։ Ասիկա բացայայտ է անոնց փորձառութիւններէն, որոնք կարող էին օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ թէեւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ, լման ժամանակով աշխարհային գործեր, եւ Սուրբ Գրային ուրիշ պարտաւորութիւններ ունէին։ Խօսեցէք ուրիշներու հետ որոնք յաջողութեամբ ռահվիրայութիւն ըրած են, որպէսզի իրենց փորձառութենէն օգտուիք։ Նաեւ, Եհովայի մօտեցէք աղօթքով, խնդրելով իր օգնութիւնը։—Եսա. 40։29-31. Յակ. 1։5
9 Որեւէ կասկած չկայ թէ շատ բան կը վայելեն անոնք որոնք իրենց գործառնութիւնները կարգի կը դնեն, որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։ Եթէ ներկայիս լիաժամ ծառայութեան մէջ չէք, կրնա՞ք վայելել այս առանձնաշնորհումը։ Եթէ ջանք թափէք որ ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնեկցելու ձեր առանձնաշնորհումը ընդլայնէք, Եհովա վստահաբար պիտի տեղացնէ ձեր վրայ առատ օրհնութիւններ։—Մաղ. 3։10