Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/92 էջ 4
  • Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԷՔ ԵՐԲ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՔ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԷՔ ԵՐԲ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՔ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անձի մը, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ոճիրին նկատմամբ, կրնաք ըսել.
  • Եթէ անձ մը մտահոգութիւն արտայայտեց աշխարհի վիճակին վերջին զարգացումներուն նկատմամբ, կրնաք ըսել.
  • Անձի մը, որ անհանգիստ է ուրիշներու անձնասիրութեան պատճառաւ, կրնաք ըսել.
  • Կամ կրնաք ըսել.
  • ՏՕՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ, ԶԱՏՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ՝ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ՄԱՍԻՆ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • «Նիւթին Անցնինք»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 1/92 էջ 4

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԷՔ ԵՐԲ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՔ

1 Մեր ծառայութեան մէջ ազդեցիկ ըլլալը նախապատրաստութիւն կը պահանջէ, այնպէս որ երբ կը վերայցելենք անոնց որոնք սկիզբը հետաքրքրութիւն ցոյց տուին, կարող պիտի ըլլանք անոնց հետաքրքրութիւնը վերարծարծել ու մեր խօսակցութիւնը շարունակել։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

2 Քանի որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները անկեղծօրէն հետաքրքրուած են ուրիշներով, կրնաք նախ ակնարկել բանի մը զոր գիտցաք տանուտիրոջ մասին՝ նախորդ այցելութեան ատեն։

Անձի մը, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ոճիրին նկատմամբ, կրնաք ըսել.

◼ «Երբ վերջին անգամ խօսակցեցանք, ըսիք թէ նեղութիւն կը զգայիք անօրէնութեան նկատելի յաւելումին պատճառաւ։ Կը խորհի՞ք թէ աւելի ոստիկաններ աշխատցնելը կը լուծէ խնդիրը»։

Եթէ անձ մը մտահոգութիւն արտայայտեց աշխարհի վիճակին վերջին զարգացումներուն նկատմամբ, կրնաք ըսել.

◼ «Երբ վերջին անգամ միասնաբար խօսակցեցանք, հետաքրքրական կէտ մը յիշեցիք՝ աշխարհի մէջ խաղաղութեան պակասին մասին։ Կը խորհի՞ք թէ աշխարհի առաջնորդները համաշխարհային նոր դրութիւն մը պիտի բերեն»։

Անձի մը, որ անհանգիստ է ուրիշներու անձնասիրութեան պատճառաւ, կրնաք ըսել.

◼ «Երբ վերջին անգամ խօսակցեցանք գեղեցիկ կէտ մը յիշեցիք ագահութեան նկատմամբ զոր մարդոց մէջ կը տեսնենք ընդհանուր առմամբ։ Ի՞նչ կը խորհիք թէ Աստուծոյ տեսակէտն է ագահ մարդոց հանդէպ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս է ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ Եփեսացիս 5։5–ի մէջ»։

3 Ուրիշ արտայայտութիւններ, որոնք ազդուօրէն գործածուած են, կը պարփակեն.

◼ «Մեր վերջին խօսակցութիւնը շատ վայելեցի, ուստի այս հակիրճ գաղափարը հետազօտեցի որպէսզի ձեզի ցոյց տամ թէ Եհովան կը գիտակցի անտուն անհատի դժուարին կացութեան։ Նկատեցէք Եսայեայ 65։21-23–ը»։

◼ «Վայելեցի ձեր մեկնաբանութիւնը թէ մարդկութիւնը աւելի լաւ կառավարութեան մը կարիքը ունի»։

◼ «Հետաքրքրական հարցում մը ուղղեցիք թէ բոլոր կրօնքները Աստուծոյ հաճութիւնը ունի՞ն»։

◼ «Իրապէս զիս մղեցիք մտածելու ձեր ըսածին մասին՝ ճակատագիրի նկատմամբ»։

◼ «Կը մտածէի մեր խօսակցութեան մասին, եւ կէտ մը յիշուած է Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գրքին մէջ, որ կը խորհիմ թէ պիտի վայելէք զայն։ [Կրնաք տանուտիրոջ ցոյց տալ ընտրուած կէտեր գրքին մէջ։]»

Այսպիսի բացումներ ցոյց կու տան թէ մեր նախորդ խօսակցութիւնը գնահատած ենք եւ թէ հետաքրքրուած ենք տանուտիրոջ հետ կրկին խօսելով։

4 Վերայցելէ առաջ, մտածեցէք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք։ Ձեր ներկայացումը յարմարցուցէք իւրաքանչիւր անհատի համաձայն։

5 Եթէ մեր այցելած անձը զբաղած է, կրնանք տակաւին ազդեցիկ ըլլալ՝ ըսելով.

◼ «Գիտեմ թէ միայն մի քանի վայրկեան ունիք, բայց ահաւասիկ բան մը որու մասին կրնաք մտածել մինչ ձեր գործը կ’ամբողջացնէք։ [Կարդացէք Մատթէոս 5։3]»։

Կամ կրնաք ըսել.

◼ «Այս երեք համարները գրեցի ձեզի համար։ Քանի որ լաւ ժամանակ մը չէ խօսակցելու, թող որ տամ զանոնք, ու երբ վերադառնամ, կը փափաքիմ հինգ վայրկեան առնել անոնց մասին ձեր հետ խօսակցելու»։

6 Ժխտական Մօտեցումներ՝ Որոնցմէ Խուսափիլ. Այն հարցումները որոնք կարելի է որ ժխտական պատասխան մը պատճառեն կամ տանուտէրը նեղ վիճակի մատնեն, սովորաբար լաւ արդիւնքներ մէջտեղ չեն բերեր։ Ատոնք կը պարփակեն. «Ձեզի տուած նիւթս կարդացի՞ք». «Որեւէ հարցում ունի՞ք». «Զիս կը յիշէ՞ք». «Վերայցելեցի հարցնելու եթէ տակաւին հետաքրքրուած էք խօսակցելով Աստուծոյ նպատակներու մասին այս երկրին նկատմամբ»։

7 Անձկալից պիտի ըլլանք այցելելու այն անհատները, որոնք նախապէս հետաքրքրութիւն յայտնաբերեցին, եթէ առաջուընէ պատրաստուինք անոնց տալու այնպիսի օժանդակութիւն մը որ իրապէս նշանակալից է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել