ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1 Կանոնաւորաբար վերայցելութիւներ կ’ընէ՞ք կամ ընդհանրապէս դժուար կը գտնէք այդ բանը ընելը որովհետեւ չէք գիտեր թէ ինչ պիտի ըսէք։ Վհատելու կարիքը չկայ։ Երեք բաներ ձեզի պիտի օգնեն որպէսզի յաջող ըլլաք. (1) լաւ նախապատրաստութիւնը. (2) Աստուածաշունչի մի քանի պարզ նիւթերու մասին մէկ կամ երկու կէտեր բացատրելու կարողութիւնը. եւ (3) տանուտիրոջ տեսակէտին մտիկ ընելու կամեցողութիւնը։
2 Երբ կը պատրաստուիք վերայցելութիւնը ընելու, նկատի առէք թէ ո՛ր նիւթին մասին յարմար պիտի ըլլայ տանուտիրոջ հետ խօսակցիլ։ Ան աշակե՞րտ մըն է։ Շատ մը աշակերտներ այս ամիս յաւելեալ ժամանակ պիտի ունենան Աստուածաշունչի նիւթեր քննելու մինչ իրենց դասերէն դադար մը կը վայելեն։ Հաւանական է որ գտնէք կարգ մը անհատներ որոնք Թագաւորութեան պատգամին ընդունակ են։ Ձեր նախկին այցելութեան վերջաւորութեան հարցում մը յարուցանեցի՞ք կամ տանուտէրը որոշ նիւթի մը շուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերե՞ց։ Ձեր նոթագրութիւնները վերաքաղ ըրէք եւ Պատճառաբանել գիրքը գործածեցէք այն տեղեկութիւնները գտնելու որոնց պէտք պիտի ունենաք ազդեցիկ վերայցելութիւն մը ընելու։ Երբ վերայցելէք, ջերմ ու բարեկամական եղէք։ Տանուտիրոջ ողջոյն տուէք իր անունը գործածելով։
3 Ձեր վերայցելութիւնը կրնաք հիմնել պարբերաթերթէ մը ձեր ընտրած մէկ կամ երկու պարզ կէտերու վրայ։ Եթէ մտադրած էք թերթիկ մը տեղաւորել այցելութեան ընթացքին, կրնաք թերթիկին ակնարկել կամ պարբերաթերթէ մը կամ գրքոյկէ մը յարմար կէտ մը բացատրել։
4 Եթէ կ’ուզէք տեղաւորել «Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ» թերթիկը, պարզապէս ըսէք.
◼ «Վերջին անգամ երբ ձեզ այցելեցի, խօսեցանք Աստուծոյ խոստումին մասին թէ խաղաղ նոր աշխարհ մը պիտի բերէ։ Ինչպէս որ խօսակցեցանք, աւելի լաւ վիճակներ պիտի ըլլան Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ։ Ի՞նչ կը խորհիք թէ պահանջուած է որպէսզի այդ խաղաղ նոր Աշխարհին մէկ մասը ըլլանք»։ Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ, ապա բաժնեցէք Սաղմոս 37։9, 11, 29–ի գաղափարը։
5 Եթէ կ’ուզէք տեղաւորել «Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար» թերթիկը, հետեւեալ հակիրճ նշմարները կրնան խօսակցութեան մը սկիզբ տալ.
◼ «Երբ վերջին անգամ ձեզ այցելեցի, խօսեցանք Աստուծոյ խոստումներուն մասին երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ։ Այս խոստումներէն մէկը կապ ունի ննջեցեալներու յոյսին հետ։ Նկատի առէք այս թերթիկը որու բնաբանն է՝ Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար։ Երրորդ պարբերութիւնը հետաքրքրական կարգ մը հարցումներ կը յարուցանէ. ‘Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Ո՞ւր են մեռելները։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ անոնք կրնան դարձեալ ապրիլ’։ Յաջորդ ենթագլուխը, որու խորագիրն է՝ ‘Մահը եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մահուան Ատեն’, կը պատասխանէ իւրաքանչիւր հարցումին։ Հետս այս թերթիկէն յաւելեալ օրինակ մը ունիմ։ Նկատի առէք թէ ինչ կ’ըսէ չորրորդ պարբերութեան մէջ»։ Ետքը մինչ տանուտէրը կը հետեւի, պարբերութիւնը կարդացէք, մէջը ըլլալով երկու համարները, եւ տանուտիրոջ տեսակէտը հարցուցէք։ Իրեն ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք եւ ըստ այնմ խօսակցութիւնը շարունակեցէք։
6 Խօսակցութեան ընթացքին տանուտէրը կրնայ մի քանի տեսակէտներ արտայայտել որոնք ճշգրիտ չեն։ Անհրաժեշտ չէ անոր ամէն մէկ խօսքին պատասխանել։ Փոխարէն, նկատի առնուած նիւթին կառչած մնացէք։ Անոր ունեցած ոչ–Սուրբ Գրային որեւէ գաղափար կարելի է սրբագրել ապագայ վերայցելութիւններու ընթացքին։
7 Բոլոր միջոցներով ծրագրեցէք որեւէ հետաքրքրութիւն հետապնդել, պարզ եւ ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով Ապրիլ ամսուան ընթացքին։