ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՏԵՆ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼ ԳԻՐՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ
1 ‘‘Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ’’։ Այսպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ։ (Ա. Կորնթ. 3։6) Այս հինգ բառերը կը հայթայթեն պարզ ուրուագիծ մը աշակերտելու առաջին երկու քայլերուն։ Վերայցելելու գործին յաճախ ակնարկուած է որպէս «ջրելու» գործ։ Անիկա անհրաժեշտ կապ մըն է սկզբնական հանդիպումին ու անհատին մկրտուած աշակերտ մը ըլլալուն միջեւ։ Վերայցելելու գործը մեզ կարող կը դարձնէ ‘գիտութիւն տարածելու’, որպէսզի ցուցաբերուած հետաքրքրութեան հունտը սնուցանենք մինչեւ որ արմատ բռնէ ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի։—Առակ. 15։7
2 Ոմանք թերեւս չեն ուզեր վերայցելել ուր որ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուեցաւ, քանի որ անվստահ են թէ ի՛նչ պիտի ըսեն։ Մեր Սուրբ Գրութիւններէն Պատճառաբանել գիրքը փաստած է մեծապէս օգտակար ըլլալ այս ջրելը կատարելու։ Սովորաբար տանուտէրը ընդունելէ առաջ կանոնաւոր կերպով յայտագրուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, պէտք է շարք մը կարճ այցելութիւններ ընել։ Պատճառաբանել գիրքը կը հայթայթէ Սուրբ Գրային բնաբաններու ուրուագիծեր, որոնց մասին կարելի է խօսակցիլ տանուտիրոջ հետ։ Վերայցելութեան համար լաւ կերպով նախապատրաստուեցէք, թերեւս գործածելով հետեւեալ թելադրութիւններէն մէկը կամ աւելին։
3 Եթէ տեղաւորած էք 15 Ապրիլ 1992 Դիտարանէն օրինակ մը՝ աղօթքի նիւթին մասին, երբ կը վերադառնաք կրնաք հետեւեալ հարցումը ուղղել.
◼ «Ի՞նչ բան կրնայ անհատին աղօթքները Աստուծոյ կողմէ անընդունելի դարձնել»։ Տանուտիրոջ թոյլ տալէ յետոյ որ պատասխանէ, ձեր Պատճառաբանել գիրքը հանեցէք ու բացէք 293–րդ (273-րդ, Արբ.) էջը։ Այդ բնաբանին տակ եղող կարգ մը համարներուն մասին իրեն հետ խօսակցեցէք, քաջալերելով զինք որ գիրքէն ուղղակիօրէն կարդայ։ Եթէ զատորոշէք հարազատ հետաքրքրութիւն մը, այն ատեն կրնաք որոշել բաժանորդագրութիւնը ներկայացնել։
4 Ուրիշ վերայցելութեան մը ատեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան ի՛նչ ըլլալուն մասին տանուտիրոջ հարցնելէ յետոյ, ինչպէս որ ակնարկուած է Տէրունական Աղօթքին մէջ, բացէք էջ 226-32 (էջ 360-66, Արբ.)։ Ժամանակին ներած չափով, զարգացուցէք «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Իսկական Կառավարութիւն մըն Է» եւ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ի՞նչ Պիտի Իրագործէ» ենթագլուխներուն ներքեւ գտնուած համարները։ Պարզեցէք տարածուած սխալ կարծիքը թէ Թագաւորութիւնը անհատին սրտին մէջն է։ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է։ Քան թէ բոլոր տեղեկութիւնները ծածկէք մէկ անգամով, կարգ մը հարցումներ ուղղեցէք, ետքը խօսակցելու համար։
5 Ուրիշ առիթով մը, տանուտէրը կարելի է որ առնէ 22 Ապրիլ 1992 Զարթի՛րէն օրինակ մը, որ նկատի կ’առնէ «Կեանքը—Ի՞նչ Է Անոր Նպատակը»։
Կրնաք հարցնել.
◼ «Որեւէ փաստ կա՞յ թէ մարդկային մարմինը շինուած է յաւիտեան ապրելու երկրի վրայ»։ Կամ, «Կը խորհի՞ք թէ մեռելները գիտեն ինչ որ ողջ անհատները կ’ընեն»։ Այս հարցումները կրնան հետաքրքրութիւն արթնցնել տանուտիրոջ մէջ, քանի որ իրեն անհատապէս կ’ազդեն։ Կարգադրութիւններ ըրէք վերադառնալու պատասխաններով, ինչպէս որ կը գտնուին Պատճառաբանել գրքին մէջ՝ էջ 247 եւ 100 (էջ 170-71 եւ 370, Արբ.), յարաբերաբար։
6 Եթէ սկզբնական խօսակցութիւնը կապ ունէր երկրին ապագային հետ, կրնաք հարցնել.
◼ «Աստուած պիտի թոյլատրէ՞ որ մարդիկ երկիրը կործանեն կերպով մը»։ Յետոյ բացէք Պատճառաբանել գրքին 44-5–րդ էջերը (399-401, Արբ.) եւ բացատրեցէք Սուրբ Գրային պատասխանը։ Կամ տանուտէրը կրնայ հարցնել. «Եթէ միլիառաւորներ յարութիւն առնեն, ո՞ւր բոլորն ալ պիտի ապրին»։ Պատասխանը կարելի է գտնել Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 340 (էջ 329, Արբ.)։
7 Փորձեցէք չողողել տանուտէրը ամբողջ ճշմարտութեամբ՝ մէկ անգամով։ Կարք մը հարցումներ ձգեցէք որ յաջորդ այցելութիւններուն պատասխանուին։ Որպէս Աստուծոյ գործակիցներ, կ’ուզենք ցանելն ու ջրելը հմտութեամբ կատարել՝ Պատճառաբանել գիրքը ազդեցիկ կերպով գործածելով։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած պիտի աճեցնէ զանիկա։