Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/92 էջ 4
  • ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԷՔ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԷՔ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առաջին հանդիպումին մասին եղած ձեր նօթագրութիւններէն, կրնաք հարցնել.
  • Ուրիշ հարցում մը.
  • ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՏԵՆ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼ ԳԻՐՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Համարձակութիւն Ունեցէք Վերայցելութիւններ Ընելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 5/92 էջ 4

ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՐԷՔ

1 Վերայցելութիւններ ընելը կարեւոր մաս մըն է մեր ծառայութենէն որպէս ‘‘Աստուծոյ գործակից’’ներ։ (Ա. Կորնթ. 3։6–9) Պէտք չկայ մտահոգ ըլլալու տանուտիրոջ հակազդեցութեան նկատմամբ, քանի որ կ’այցելենք մէկը որ արդէն հետաքրքրութիւն յայտնաբերած է ճշմարտութեան հանդէպ։ Մեր լաւ նախապատրաստութիւնը անձնական անկեղծ հետաքրքրութիւն պիտի ցոլացնէ մեր այցելած անհատին հանդէպ, մինչ կը խօսակցինք Աստուածաշունչի գրաւիչ նիւթի մը մասին։

2 Մասնայատուկ եղէք. փափկանկատ հարցումներ ուղղեցէք։

Առաջին հանդիպումին մասին եղած ձեր նօթագրութիւններէն, կրնաք հարցնել.

◼ «Աւելի մտածեցի՞ք Աստուծոյ խոստումներուն մասին որ արդարութեամբ երկրի վրայ պիտի իշխէ»։

Ուրիշ հարցում մը.

◼ «Արդեօք կը զգա՞ք թէ ձեր աղօթքը որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ աւելի իմաստալից է՝ անցեալ շաբաթ Աստուածաշունչի մեր խօսակցութենէն ի վեր»։

Բարեկամական դէմքի արտայայտութիւնն ու ձայնի աստիճանը կ’ապացուցանեն մեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը երբ այսպիսի հարցումներ ուղղենք։

3 Մի՛ Աճապարէք. Մտիկ Ըրէք Ինչ որ Տանուտէրը կ’Ըսէ. Եթէ մտիկ ընենք ինչ որ տանուտէրը ըսէ եւ պատասխանելէ առաջ լրջօրէն մտածենք, մեր հարազատ հետաքրքրութիւնը իրեն հանդէպ որպէս անհատ մը բացայայտ պիտի ըլլայ։ Անոր ըսածին համաձայն, կրնաք Սուրբ Գրային գաղափար մը ներակայացնել որ կապ ունի ձեր առաջին հանդիպումին հետ։ Նախապատրաստուած եղէք տանուտիրոջ բան մը սորվեցնելու ամէն անգամ որ կ’այցելէք։ Եթէ չակնկալուած նիւթ մը յարուցուի, պատեհութիւնը օգտագործեցէք ձեր Պատճառաբանել գիրքը բանալու որպէսզի պէտք եղած տեղեկութիւնները գտնէք։

4 Եթէ տանուտէրը վերջին օրերու դէպքերով հետաքրքրուած է, կրնաք ըսել.

◼ «Վերջին անգամ, խօսեցանք 1914 տարուան մասին։ Այդ տարին սկսած պատերազմը փոփոխութիւններ մտցուց շատ մը կառավարութիւններու մէջ։ Անկէ ի վեր, շատ մը փոփոխութիւններ կը կատարուին։ Բայց արդեօք այս փոփոխութիւններէն որեւէ մէկը կամ բոլորը մարդոց կարիքներուն գոհացում իրապէս տուի՞ն, կամ կրնա՞ն մնայուն խաղաղութիւնը երաշխաւորել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատեցէք ինչպէ՛ս Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն կառավարութեան մը համար, որ կրնայ իրապէս լուծել ներկայիս մեր դիմագրաւած մեծ խնդիրները։ [Կարդացէք Մատթէոս 6։9, 10]։ Ի՞նչ կը խորհիք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կատարէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի բացատրութիւնը նաեւ շատ հետաքրքրական է»։ Յետոյ Դանիէլ 2։44–ը կարդացէք։ Կրնաք գործածել Յաւիտեան Ապրիլ գրքի 12–րդ եւ 13–րդ էջերու լուսաբանութիւնը, ցոյց տալու թէ ի՛նչ տեսակ վիճակներ կ’ակնկալուին Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ։ Այն ատեն, կրնաք ներկայացնել 1 Մայիս 1992 Դիտարանը (Անգլ.), կեդրոնանալով 1914–ի մասին եղած յօդուածներուն վրայ։

5 Եթէ յարմար կը տեսնէք խօսիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, կրնաք ըսել.

◼ «Երբ ձեզ այցելեցի վերջին անգամ, խօսեցանք այն անհատներուն մասին որոնք իրենց երկիրը ձգած են որպէսզի խոյս տան անարդարութենէն եւ տառապանքէն։ Կը խորհի՞ք թէ Աստուած իրապէս կը հետաքրքրուի մարդոց նեղութիւններով զորս կը պատճառեն իրենց ընկերները»։ Պատասխանին համաձայն, կրնաք անհատին հետ բաժնել Ժողովողի 4։1 կամ Սաղմոս 72։12–14–ը։ Յետոյ կրնաք բանալ «Ահա Ամէն Բաները» գրքոյկի 15–րդ էջը եւ կարդալ կամ ամփոփել հոն գտնուած երեք պարբերութիւնները, իւրաքանչիւր պարբերութեան հարցումները ուղղելով։ Յետոյ կրնաք ներկայացնել 8 Մայիս 1992 Զարթի՛րը, անարդարութեան ու տառապանքին մատնանշելով։

6 Թող որ շարունակենք անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել եւ ի մտի ունենանք Աստուածաշունչի գրաւիչ նիւթեր խօսակցելու համար, այնպէս որ մեր վերայցելութիւնները յաջող ըլլան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել