ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԵՑԷՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ
1 Մեր քարոզչութեան գործին նպատակն է Եհովա Աստուած փառաւորել որպէս տիեզերքի Գերիշխան Տէրը։ Մարդոց ցոյց կու տանք թէ ինչպէ՛ս աշխարհի դէպքերը կը փաստեն Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը։ Աստուածաշունչի մարգարէութեամբ, բոլոր մարդոց կը հանգստացնենք այն բարի լուրով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի կործանէ անոնց որոնք իրենց ընկերները կը հարստահարեն եւ թէ երկիրը Դրախտի մը պիտի վերածէ։ Ի՞նչ կրնանք ընել համաձայն ըլլալով այդ յայտարարուած նպատակին հետ, որպէսզի օգնենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։ Մայիս ամսուան ընթացքին, մասնաւոր ջանք պիտի թափենք քաջալերելու բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն կը յայտնեն Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ, որ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդան ու անոր մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայեն։
2 Կրնանք ըսել մէկու մը որ կը դաւանի Քրիստոնեայ ըլլալ.
◼ «Մեր դրացիներուն հարցում մը կ’ուղղենք ու պիտի գնահատենք ձեր մեկնաբանութիւնը անոր շուրջ։ Քանի որ Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ ու Իր կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ, կը խորհի՞ք թէ Աստուծոյ կամքը իրապէս պիտի ըլլայ հոս՝ երկրի վրայ»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ բացէք Եսայեայ 55։10, 11–ը եւ հրաւիրեցէք տանուտէրը որ նկատէ թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։—Պատճառաբանել էջ 12, երկրորդ բացումը՝ «Թագաւորութիւն» խորագիրին տակ (էջ 15, Արբ.)։
3 Եթէ տանուտէրը հետաքրքրութիւն յայտնաբերէ, կրնաք շարունակել՝ ըսելով.
◼ «Մեր քարոզչական գործին նպատակներէն մէկն է Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը ուշադրութեան յանձնել։ Նկատեցէք այս մարգարէութիւնը Մատթէոս 24։7, 8–ին մէջ»։ Յետոյ կրնաք բացատրել թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր ցոյց տուած ենք թէ 1914–ին մարդկութիւնը փորձառութիւնը ունեցաւ այն բանին որ կը կոչուի ‘ցաւերուն սկիզբը’։ Անկէ ետք շեշտեցէք թէ այս արտայայտութիւնը մաս կը կազմէ Յիսուս Քրիստոսի մեծ մարգարէութենէն այն դէպքերուն մասին որոնք պիտի կանխէին մարդկային չար դրութեան վախճանը։
4 Տանուտիրոջ հակազդեցութենէն կամ անոր խօսքերէն պէտք է կարենաք գիտնալ թէ ձեր մատնանշած կէտով ան հետաքրքրուա՞ծ է կամ ոչ։ Եթէ հետաքրքրուած է, այն ատեն կրնաք առաջարկել զինք կրկին այցելել յաւելեալ բացատրութիւն տալու Մատթէոս 24–ի մէջ յիշուած Յիսուսի մարգարէութեան մասին։ Այս պարագային, կրնաք վերայցելել ի մտի ունենալով 1 Մայիս 1992 Դիտարանը (Անգլ.) ներկայացնել։
5 Եթէ կ’ուզէք աւելի երկար խօսակցութիւն մը ունենալ, կարելի է նոյն ներկայացումը ընդլայնել պարփակելով Յայտնութիւն 21։3–5–ը, ինչպէս որ նշուած է Պատճառաբանել գրքին մէջ։
Այս պարագային, Եսայեայ 55։10, 11–ը կարդալէ յետոյ, կրնաք ըսել.
◼ «Սքանչելի մարգարէութիւն մը, որ կապ ունի երկրին նկատմամբ Աստուծոյ կամքին հետ, մօտ օրէն պիտի կատարուի։ Անիկա պիտի ազդէ մեր երկուքին կեանքին։ Մտիկ ըրէք ինչ որ գրուած է Յայտնութիւն 21։3–5–ին մէջ»։ Յետոյ կրնաք կարդալ համարները ու բացատրել այն օրհնութիւնները որոնք պիտի գան Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։
6 Մեր նպատակակէտն է ուրիշներու օգնել որ ճշմարտութիւնը սորվին, այնպէս որ անոնք ալ կարենան Եհովայի գործակից ըլլալ ու բաժին բերել Եհովայի Թագաւորութեան ծանուցման մէջ։ Արդ, երբ հետաքրքրուող անհատներ գտնենք, կ’ուզենք նօթագրել ու շուտով վերայցելել։
7 Մինչ Աստուծոյ Խօսքին օգնութեամբ ուրիշներու հետ ճշմարտութիւնը կը բաժնենք, թող որ Եհովայի առաջնորդութիւնը միշտ փնտռենք մեր գործին նկատմամբ, այնպէս որ կարենանք ոչխարանման անհատները գտնել ու սնուցանել։—Յովհ. 21։15–17