ՄԵՐ ԲԱՑՈՒՄԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊԵՆՔ
1 Այս ամիս երբ ձեր ներկայացումը կը պատրաստէք, նախ նկատի առէք ձեր շրջանին մէջ մարդոց դիմագրաւած գլխաւոր խնդիրները եւ յետոյ վերջին պարբերաթերթերէն կամ գրքոյկէ մը արտայայտութիւններ ընտրեցէք, որոնք սուրբ գրային գործնական լուծումին կը մատնանշեն։
2 Կարգ մը շրջակայքներու մէջ, մարդիկ կը մտահոգուին աւելցող անգործութեան եւ կեանքի սուղութեան նկատմամբ։ Եթէ հանդիպիք այդ պարագային, կրնաք խնդիրը յատկապէս յիշել ձեր բացումին մէջ։
Կրնաք ըսել.
◼ «Մեր դրացիներուն հետ կը խօսակցէինք թէ ի՛նչ կարելի է ընել ամէն անհատի համար գործ եւ բնակարան ապահովելու։ Կը հաւատա՞ք թէ տրամաբանական է ակնկալել որ մարդկային կառավարութիւնները պիտի իրագործեն ասիկա։ [Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ։] Մէկը կայ որ գիտէ այս խնդիրները ի՛նչպէս լուծել. նկատեցէք անոր սրտապնդիչ խոստումը՝ Եսայեայ 65։21–23–ի մէջ։ [Կարդացէք։] Մեր Ստեղծիչը այս խոստումը արձանագրել տուած է մեզ քաջալերելու, եւ բոլորս ալ անոր կարիքը ունինք այս դժուարին ժամանակներուն մէջ, այդպէս չէ՞»։—Պատճառաբանել էջ 11 (Անգլ.), (էջ 9, Արբ.)։
3 Այն ատեն, կրնաք վերջին պարբերաթերթերէն կամ գրքոյկէ մը տեղեկութիւններ մէջբերել։ Եթէ վերայցելութեան մը ատեն պարբերաթերթ մը կը ներկայացնէք, կրնաք նպատակայարմար կէտ մը ընտրել՝ «Յոյսը Վհատութեան կը Յաղթէ» յօդուածէն, Դիտարան Յուլիս 1 թիւին մէջ (Անգլ.)։ Եթէ «Ահա» գրքոյկը կը ներկայացնէք, ինչո՞ւ ցոյց չտաք թէ ինչպէ՛ս գրքոյկի առջեւի ու ետեւի կողքերուն վրայ լուսաբանուած է որ ամենուն համար գործ ու բնակարան պիտի ըլլան։ Կրնաք գրքոյկը բանալ այնպէս որ տանուտէրը տեսնէ ամբողջ պատկերը։
4 Այն թաղամասերուն մէջ ուր տանուտէրները այլազան հետաքրքրութիւններ ունին, աւելի դիւրաթեք բացում մը օգնական պիտի ըլլայ։ Կրնաք փորձել «Թագաւորութիւն» խորագրին տակ արձանագրուած երկրորդ բացումը, Պատճառաբանել գրքին մէջ։
Կրնաք ըսել.
◼ «Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ Իր կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Կը խորհի՞ք որ եթէ Աստուծոյ կամքը միշտ կատարուի հոս, երկիրը իրապէս դրախտ մը կ’ըլլայ»։ Տանուտէրը պատասխանելէ յետոյ, Յայտնութիւն 21։3–5–ը ներկայացուցէք ու կարդացէք։
Այն ատեն, եթէ Կառավարութիւն գրքոյկը կը ներկայացնէք, կարդացէք ընտրուած մասեր սկզբնաւորական պարբերութենէն, 3–րդ էջին մէջ։ Նկատի առէք այս արտայայտութիւնը. «Թագաւորութեան միջոցաւ, Աստուած շուտով վերջ պիտի դնէ պատերազմներուն, անօթութեան, հիւանդութեան, եւ ոճիրին»։ Տանուտիրոջ հարցուցէք թէ այս խնդիրներէն ո՞ր մէկը կը զգայ թէ ամենալուրջն է։
Եթէ կը ներկայացնէք «Դիտարան» Յուլիս 15–ը (Անգլ.), կրնաք ըսել.
◼ «Շատեր կ’ուզեն հաւատալ թէ այս խոստումը պիտի կատարուի, բայց վստահ չեն թէ Աստուածաշունչը արժանահաւատ ուղեցոյց մըն է։ Վստահ եմ որ այս յօդուածը՝ «Աստուածաշունչը Ինքզինք կը Հակասէ՞», պիտի տեսնէք թէ հաւատք կը զօրացնէ»։
5 Պատանիներն ալ կրնան Թագաւորութեան պատգամը ազդեցիկ կերպով ներկայացնել, նոյնիսկ տարեց անհատներու։
Եսայեայ 65։21–23–ը ներկայացնելու ատեն, պատանի հրատարակիչները կրնան ըսել.
◼ «Գիտեմ որ դուք, որպէս տարեց անհատ մը, կեանքին մէջ շատ աւելի փորձառութիւն ունիք քան ես, բայց այս համարը բոլորս կը սփոփէ»։
6 Վստահ եղէք որեւէ տեղաւորումի մասին ուշադրութեամբ արձանագրութիւն մը ընելու, մէջը ըլլալով տեղաւորուած մասնայատուկ գրքոյկը կամ պարբերաթերթերը։ Այս տեղեկութիւններուն պէտք պիտի ունենաք հետաքըրքրութիւնը մշակելու։