Ձեր Ծառայութեան Մէջ Զանազան Գրքոյկներ Գործածեցէք
1 Այսօր մարդիկ այլազան նիւթերով հետաքրքրուած են։ Յուլիս ամսուան ընթացքին մինչ կը մասնակցիս դաշտի ծառայութեան, կրնաս հետդ տարբեր գրքոյկներ ունենալ, գործածելով մասնայատուկ գրքոյկ մը որ կրնայ կոչ ընել թաղամասին մէջ եղող մարդոց։ Թերեւս կը փափաքիս այս ներկայացումներէն մէկը փորձել.
2 Երբ կը ներկայացնես «Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ» գրքոյկը, կրնաս հարց տալ.
◼ «Ըստ կարծիքիդ, աշխարհը ի՞նչ վիճակ պիտի ունենար եթէ Աստուած միակ կառավարիչը ըլլար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Երբ կ’աղօթենք Յիսուս Քրիստոսի մեզի սորվեցուցած աղօթքը՝ Տէրունական Աղօթքը կամ Հայր Մերը՝ ճիշդ մեր խնդրածն է որ Աստուած յանձն առնէ երկրի իշխանութիւնը։ [Բաց 3–րդ էջը եւ կարդա առաջին պարբերութիւնը, որ Մատթէոս 6։10–ը կը մէջբերէ։] Եթէ կը փափաքիս ապրիլ այսպիսի աշխարհի մը մէջ, յարմար է որ այս գրքոյկը կարդաս»։ Առաջարկէ իր քով ձգել գրքոյկը։
3 Կարելի է ներկայացնել «Երբ Սիրելի մը կը Մեռնի» գրքոյկը այս կերպով.
◼ «Կը խորհի՞ս որ օր մը պիտի գայ երբ մեզմէ ոչ մէկը սիրելի մը պիտի կորսնցնէ մահով։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գեղեցիկ կերպով գրուած այս գրքոյկը միլիոնաւոր անհատներ մխիթարած է Աստուածաշունչի վստահելի խոստումով որ այսպիսի օր մը պիտի գայ մօտիկ ապագային։ [Բաց 5–րդ էջը եւ կարդա հինգերորդ պարբերութիւնը, ի ներառեալ Ա. Կորնթացիս 15։21, 22–ը։ Յետոյ ցոյց տուր 30–րդ էջի պատկերը։] Հոս գեղարուեստագէտը նկարագրած է այն ուրախութիւնը զոր կրնանք վայելել բարի գալուստ մաղթելով մեր մեռած սիրելիներուն երբ յարուցուին։ Բայց այս ուրախ տեսարանը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ։ Այս գրքոյկը քեզի ցոյց պիտի տայ Աստուածաշունչին պատասխանը այդ հարցումին»։ Եթէ գրքոյկը ընդունուի, կրնաս աւելցնել. «Կը փափաքիմ ուրիշ ատեն վերադառնալ եւ այս նիւթին մասին աւելի խօսակցիլ»։
4 Կրնաս ուշագրաւ դարձնել «‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’» գրքոյկը, գործածելով այս ուղղակի մօտեցումը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար.
◼ «Շատ մը մարդիկ հարցումներ ունին Աստուածաշունչին մասին։ Թերեւս հարց տուած ես թէ հետեւեալ հարցումներէն մէկուն պատասխանը ի՛նչ է։ [Բաց 30–րդ էջը։] Այս վերջին հարցումը շատերուն հետաքրքրութիւնը շարժած է. ‘Ինչպէ՞ս կրնաք պատրաստուիլ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու համար’»։ Եթէ նկատի առնես 57 եւ 58–րդ պարբերութիւնները, էջ 29–30–ի վրայ, եւ կարդաս Յայտնութիւն 21։3, 4–ը, հիմ դրած պիտի ըլլաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Եզրափակէ գրքոյկը յանձնելով եւ վերայցելութիւն մը կարգադրելով, ուր կրնաս միւս հարցումներէն մաս մը նկատի առնել։
5 Թերեւս փափաքիս այս պարզ ներկայացումը փորձել «Աստուածային Անունը Որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ» գրքոյկով.
◼ «Առաջին բաներէն մէկը որ Աստուածաշունչէն սորվեցայ, Աստուծոյ անունն էր։ Գիտե՞ս անիկա ինչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թող որ քեզի ցոյց տամ։ Անիկա հոս է Աստուածաշունչին մէջ, Սաղմոս 83։18–ին մէջ։ [Կարդա։] Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա՝ ինչպէ՛ս կ’երեւի շատ մը տարբեր լեզուներով։ [Ցոյց տուր 8–րդ էջին մէջ գտնուած շրջագիծը։] Եթէ կը փափաքիս աւելի սորվիլ Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին, յարմար է որ այս գրքոյկը կարդաս»։ Գրքոյկը տանտիրոջ յանձնէ։
6 Գործածուելիք այսպիսի ընտիր գրքոյկներու այլազանութիւն մը ունենալով, վստահաբար լաւ զինուած ենք ‘հեզերուն բարի լուր տալու’։—Եսայ. 61։1, ՆԱ։