Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
1 Անկեղծօրէն ուրիշներուն հոգ տանելուն մէջ, Եհովա մեծագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալով, ան կը գիտակցի իր մարդկային ստեղծագործութեան կարիքներուն։ (Ա. Պետ. 5։7) Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ իր Հօր յատկութիւնները ցուցաբերեն, որ արեւը կը ծագեցնէ ու անձրեւը կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ։ (Մատթ. 5։45) Ուրիշներուն հանդէպ հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, կրնաք Եհովան ընդօրինակել. պատրաստ ըլլալով որ ձեր հանդիպած ամէն անհատի հետ Թագաւորութեան պատգամը բաժնէք։ Յուլիս ամսուան ընթացքին ծառայութեան մէջ գործածուելիք գրքոյկներուն լման կերպով քաջածանօթ ըլլալով, ի վիճակի պիտի ըլլաք ուրիշներուն հոգեւոր օգնութիւն մատուցանելու։ Հետեւեալ թելադրութիւնները կարգ մը գաղափարներ կը ներկայացնեն թէ ինչպէ՛ս կրնաք առաջին այցելութեան համար պատրաստուիլ եւ ապա հետաքրքրութիւնը հետապնդել ժամանակայարմար վերայցելութիւններ ընելով։
2 Երբ «Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի» գրքոյկը կը ներկայացնես, կրնաս ըսել.
◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ մարդիկ տառապին եթէ իրապէս հոգ կը տանի անոնց։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը ոչ միայն այդ հարցումին գոհացուցիչ պատասխան մը կը հայթայթէ, այլեւ ցոյց կու տայ որ Աստուած խոստացած է ջնջել այն ամբողջ վնասը զոր մարդիկ իրենց անձերուն ու իրենց երկրային բնակավայրին վրայ բերած են»։ Կարդա 27–րդ էջին 23–րդ պարբերութիւնը։ Ցոյց տուր անոր ներքեւ գտնուող պատկերը, եւ 22–րդ պարբերութենէն կարդա Սաղմոս 145։16–ը։ Գրքոյկը ներկայացուր։ Եթէ զանիկա ընդունի, հարցում մը յարուցանէ, որու կարելի է պատասխանել յաջորդ այցելութեան, զոր օրինակ. «Կը փափաքի՞ս գիտնալ թէ Աստուած ինչպէ՛ս մարդկութեան օրհնութիւններ բերելու ու երկիրը դրախտի մը վերածելու իր նպատակը պիտի կատարէ»։ Վստահ եղիր յիշելու որ մեր երկրածաւալ գործը կը հոգածուի յօժարակամ նուիրատուութիւններով։
3 Երբ կը վերադառնաս անոնց որոնց «Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի» գրքոյկը տուիր, կրնաս յաւելեալ խօսակցութիւն մը սկսիլ այս կերպով.
◼ «Երբ անցեալ անգամ այցելեցի, նկատի առինք որ Աստուած իրապէս հոգ կը տանի մեզի եւ թէ իր նպատակն է ջնջել այն ամբողջ վնասը զոր մարդիկ իրենց անձերուն ու իրենց երկրային բնակավայրին վրայ բերած են»։ Բաց գրքոյկին 2 եւ 3–րդ էջերը եւ ցոյց տուր պատկերը ու ըսէ. «Մեր խօսակցութիւնը հարցումով մը վերջացուցինք. Աստուած ինչպէ՞ս մարդկութեան օրհնութիւններ բերելու ու երկիրը դրախտի մը վերածելու իր նպատակը պիտի կատարէ։ Ի՞նչ կը խորհիս»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց 17–րդ էջը եւ կարդա 2–րդ պարբերութիւնը ու Դանիէլ 2։44–ը։ Անկէ ետք, կարդա էջ 18–ի վրայ 12–րդ պարբերութիւնը։ Տանտիրոջ հարցուր եթէ կը փափաքի գրքոյկին 9–րդ մասը հետդ նկատի առնել։ Եթէ կը փափաքի, զանիկա իր հետ ուսումնասիրէ։
4 Հետեւեալը մօտեցում մըն է զոր կրնաս գործածել, «Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք» գրքոյկը ներկայացնելու համար։ Անոր կողքը ցոյց տուր ու ըսէ.
◼ «Այսօր այս գրքոյկը կը ներկայացնենք, որ սիրելիներ կորսնցնող միլիոնաւոր մարդոց մխիթարութիւն եւ յոյս տուած է։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ ի՛նչ յոյս կայ մեռելներուն համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նշէ որ Աստուած խոստացած է յարութիւն տալ»։ Կարդա Յովհաննու 5։28, 29։ Բաց գրքոյկը ու խօսիր այն կէտերուն մասին, որոնք յիշուած են 28–րդ էջի վերջին պարբերութեան մէջ ու 31–րդ էջի առաջին պարբերութեան մէջ։ Ցոյց տուր յարակից պատկերները։ Ներկայացուր գրքոյկը։ Կրնաս վերայցելութեան մը համար ճամբան հարթել, հարցնելով. «Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մահը վերջապէս բոլորովին պիտի բնաջնջուի»։
5 Հոն ուր «Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք» գրքոյկը տեղաւորած ես, կրնաս վերայցելութեան ատեն այս մօտեցումը գործածել.
◼ «Նախապէս երբ խօսակցեցանք, յարութեան հոյակապ յոյսը նկատի առինք։ Այն գրքոյկը որ քեզի ձգեցի, կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ մահը վերջապէս բոլորովին պիտի բնաջնջուի։ Աստուծոյ խոստումները մխիթարական ու սրտապնդիչ չգտա՞ր»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա բաց գրքոյկին 31–րդ էջը, եւ կարդա երկրորդ ու երրորդ պարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Յայտնութիւն 21։1–4։ Աչքառու դարձուր կեանքը անվերջ վայելելու մեր ունեցած հեռանկարը։ Ցուցաբերուած հետաքրքրութենէն եւ այդ ժամանակ եղած պարագաներէն կախեալ ըլլալով, կրնաս Գիտութիւն գրքով սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել կամ յաւելեալ հարցում մը յարուցանել յաջորդ այցելութեան համար ճամբան հարթելու։
6 Երբ «Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը» գրքոյկը կը ներկայացնես, կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Շատ մարդիկ հարց տուած են թէ կեանքին նպատակը ի՛նչ է։ Անոնք իրենք իրենց հարց տուած են. ‘Ինչո՞ւ հոս եմ։ Ո՞ւր կ’երթամ։ Ապագան ինծի ի՞նչ կը վերապահէ’։ Ո՞ւր կը խորհիս որ ասոնց պատասխանները կրնանք գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ Աստուածաշունչին ըսածը։ [Կարդա Սաղմոս 36։9։] Տրամաբանական չէ՞ եզրակացնել որ մարդուն Ստեղծիչը մեծապէս ի վիճակի է բացատրելու թէ մենք ինչո՛ւ հոս ենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած հոյակապ նպատակը»։ Բաց 20 եւ 21–րդ էջերը, կարդա պատկերին խորագիրը ու խօսիր պատկերին մասին. ապա ներկայացուր գրքոյկը։ Եթէ զանիկա ընդունի, հարցուր. «Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մարդոց համար տակաւին Աստուծոյ նպատակն է երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ»։ Բացատրէ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։ Վերադառնալու ժամանակդ որոշէ։
7 Եթէ «Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը» գրքոյկը տեղաւորած ես, երբ վերադառնաս, կրնաս ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Անցեալ այցելութեան, իրապէս հաճոյք առի քեզի հետ խօսակցելով Աստուածաշունչի տեսակէտին մասին, թէ մարդկային կեանքը իրապէս նպատակ մը ունի»։ Էջ 31–ի պատկերը ցոյց տուր ու հարցուր. «Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մարդոց համար տակաւին Աստուծոյ նպատակն է երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ»։ Կարդա էջ 20–ի վրայ 3–րդ պարբերութիւնը։ Էջ 21–ի վրայ, «Տակաւին Աստուծոյ Նպատակն Է» ենթագլուխին ներքեւ կարգ մը կէտեր նկատի առ։ Գրքոյկին ետեւի կողքը ցոյց տուր ու կարդա տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութեան մը առաջարկին մասին։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացուր, ու առաջարկէ ցուցադրել թէ ինչպէ՛ս կը գործածենք զայն որպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակ մը։
8 Մեր ծառայութիւնը պէտք է ցոլացնէ այն անկեղծ հետաքրքրութիւնը զոր ունինք պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնելու որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Հետեւաբար, ծառայութեան ձեր յայտագրին մէջ ժամանակ յատկացուցէք վերայցելելու ամէն անհատ, որու գրքոյկ մը տուիք։ Իսկական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, կրնաք օգնել անոնց որոնք կը հառաչեն ու կ’ողբան սուտ կրօնքին մէջ կատարուած պղծութիւններուն նկատմամբ, որ վերապրումի համար բնորոշուին։ (Եզեկ. 9։4, 6) Նաեւ ուրախ ու գոհունակ պիտի ըլլաք, գիտնալով որ անկեղծօրէն ուրիշներուն հոգ տանելով Եհովան կ’ընդօրինակէք։—Բաղդատել Փիլիպպեցիս 2։20։