Գրքոյկներով Թագաւորութեան Բարի Լուրը Յայտարարենք
1 Ի՜նչ ուրախութիւն է ճշմարտութիւնը գիտնալ ու անոնց մէջ ըլլալ որոնք նախանձախնդրաբար բարի լուրը կը յայտարարեն։ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ չեղողները Թագաւորութեան բարի լուրը լսելու մեծ կարիքը ունին։ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը պարզութեամբ բացատրուած է հետեւեալ գրքոյկներուն մէջ. Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» եւ Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ։ Անոնք վառ կերպով կը նկարագրեն կեանքը երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ եւ ընթերցողը կ’ուղղեն Աստուծոյ Խօսքին մէջ բացատրուած Թագաւորութեան իրականութիւններուն։ Անշուշտ, հետաքրքրուած անհատի մը գրքոյկ մը ձգելը միմիայն մեր գործին սկիզբն է։ (Ա. Կորն. 9։23) Բոլոր տեղաւորումները շուտով հետապնդենք, Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտով։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք իրագործել Օգոստոս ամսուան ընթացքին։
2 «Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք» գրքոյկը կրնայ շատ հակիրճ մօտեցումով մը ներկայացուիլ։ Մինչ անոր կողքը կը ցուցադրես, կրնաս ըսել.
◼ «Կը փափաքիմ քեզի բան մը ցոյց տալ, որ գեղեցիկ պատգամ մը կը բովանդակէ»։ Բաց Երկրի Վրայ Կեանքը գրքոյկը ու կարդա յառաջաբանին առաջին պարբերութիւնը։ Ապա շարունակէ. «Անիկա նաեւ կը պատասխանէ սա հարցումին [ցոյց տուր թիւ 8 պատկերին խորագիրը]. ‘Մարդը ինչո՞ւ կը մեռնի’։ Հետաքրքրական պիտի գտնես այս գրքոյկին պատկերները ուսումնասիրելը ու անոր համարները կարդալը։ Եթէ կը փափաքիս ասիկա ընել, կրնաս այս օրինակը քովդ պահել»։ Եթէ գրքոյկը ընդունուի, կրնաս աւելցնել. «Ասիկա երկրածաւալ յօժարակամ գործունէութիւն մըն է, որ պզտիկ նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Եթէ կ’ուզես նուիրատուութիւն մը ընել, ուրախ կ’ըլլամ զայն ընդունելով»։
3 Ի՞նչ պիտի ըսես երբ կը վերադառնաս անհատի մը, որու «Երկրի Վրայ Կեանքը» գրքոյկը ձգած էիր։ Կրնաս հետեւեալ մօտեցումը փորձել.
◼ Ցոյց տուր թիւ 49 պատկերը Երկրի Վրայ Կեանքը գրքոյկին մէջ ու հարցուր. «Ասիկա գեղեցիկ պատկեր մը չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ասիկա կը գտնուի այդ գրքոյկին մէջ զոր քեզի ձգեցի անցեալ հանդիպումին։ Կը փափաքիմ քեզի հարցնել յաջորդ էջին վրայ եղած հարցումը»։ Ցոյց տուր թիւ 50 պատկերը ու կարդա հարցումը. «‘Կը փափաքի՞ս յաւիտեան ապրիլ այդ գեղեցիկ դրախտին մէջ’։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Եթէ ասիկա է քու փափաքդ, նկատի առ թէ ի՛նչ պէտք է ընես. ‘Ուրեմն Աստուծոյ ըսածներուն մասին աւելի սորվիր’։ [Կարդա Յովհաննու 17։3։] Ուրախ կ’ըլլամ Աստուածաշունչը հետդ ձրիօրէն ուսումնասիրելով։ Կը փափաքի՞ս այդ մէկը»։ Հաստատ ժամադրութիւն մը ըրէ վերադառնալու համար։
4 Երբ «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» գրքոյկը կը ներկայացնես, կրնաս սկսիլ ցոյց տալով կողքի լման պատկերը ու հարցնելով.
◼ «Ըստ կարծիքիդ, ի՞նչ կը պահանջուի որպէսզի ամբողջ երկիրը ասոր նման ըլլայ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Նկարագրէ պատկերին կարգ մը երեսակները, որոնք յիշուած են էջ 3–ի վրայ։ Ապա ըսէ. «Մարդոց մեծամասնութիւնը կը խորհի որ անկարելի է այսպիսի աշխարհ մը մէջտեղ բերել։ Սակայն Աստուծոյ համար անկարելի չէ որ ասիկա իրագործէ։ [43–րդ պարբերութենէն կարգ մը կէտեր յիշէ. ապա կարդա Եսայեայ 9։6, 7։] Աստուած խոստացած է նոր աշխարհ մը յառաջ բերել, ուր բոլոր ազգերէն մարդիկ հոյակապ դրախտ մը պիտի վայելեն։ Կը փափաքիմ որ այս գրքոյկը կարդաս։ Անիկա ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէ՛ս դուն ու ընտանիքդ կրնաք հիանալի ապագայ մը վայելել, զոր Աստուած պատրաստած է»։
5 Վերայցելութեան ատեն, կրնաս «Ահա» գրքոյկը գործածել բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչի մասին աւելի սորվելու կարիքը կայ։ Կրնաս դարձեալ կողքը ցոյց տալ ու ըսել.
◼ «Երբ այս պատկերը առաջին անգամ քեզի ցոյց տուի, համաձայնեցանք որ այսպիսի հոյակապ աշխարհի մը մէջ կը փափաքինք ապրիլ։ Ասիկա կարելի դարձնելու համար, բան մը կայ զոր բոլորս ալ պէտք է ընենք»։ Բաց «Ահա» գրքոյկին 52–րդ պարբերութիւնը. կարդա պարբերութիւնը եւ Յովհաննու 17։3–ը։ Այս տեղեկութիւնները կապէ 53–րդ պարբերութեան լուսաբանութեան հետ, որ սուրբ գրային պատշաճ կրթութիւնը կը շեշտէ, ապա բացատրէ թէ Եհովայի Վկաները այսպիսի ուղղութիւն մը ձրիօրէն տան մէջ կը մատուցանեն։ Առաջարկէ ուսումնասիրութեան մեր մեթոտը ցոյց տալ, գործածելով Գիտութիւն գիրքը։
6 Երբ կը ներկայացնես «Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ» գրքոյկը, կրնաս հետեւեալը ըսել.
◼ «Շատերէ լսած եմ որ կը փափաքին ապրիլ կառավարութեան մը ներքեւ, որ կրնայ ներկայիս մեր դիմագրաւած մեծ խնդիրները իրապէս լուծել։ [Յիշէ տեղական խնդիրներ, ինչպէս՝ անգործութիւն, աւելցող ոճիրը կամ թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը։] Ասոնք պատճառ կ’ըլլան որ շատ անապահով զգանք ապագային նկատմամբ, թէ՛ մեր անձերուն եւ թէ մեր սիրելիներուն համար։ Կը խորհի՞ս որ կառավարութիւն մը պիտի ըլլայ որ այս խնդիրները պիտի լուծէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թերեւս աղօթած ես Տէրունական Աղօթքը։ Եթէ այո, արդեօք գիտէի՞ր որ իրապէս արդար կառավարութեան մը համար կ’աղօթես»։ Բաց Կառավարութիւն գրքոյկին 3–րդ էջը ու կարդա առաջին երկու պարբերութիւնները։ Գրքոյկը ներկայացուր։
7 Եթէ «Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ» գրքոյկը տեղաւորեցիր, կրնաս վերայցելութեան ատեն խօսակցութիւնը սկսիլ հետեւեալը ըսելով.
◼ «Նախապէս նկատի առինք արդար կառավարութեան մը կարիքը, որ կրնայ մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Այն գրքոյկը որ քեզի ձգեցի, Աստուծոյ Թագաւորութեան կը մատնանշէ որպէս մեր միակ յոյսը։ Կարգ մը մարդիկ հարց կու տան թէ այդ կառավարութիւնը ի՛նչ կրնայ ընել մեր կենսավիճակը բարելաւելու համար։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Քրիստոս արդէն իսկ փաստած է թէ ինք պիտի յաջողի ուր մարդկային առաջնորդներ ձախողած են»։ Բաց Կառավարութիւն գրքոյկին 29–րդ էջը ու կարդա վերջին չորս պարբերութիւնները։ Ապա ըսէ. «Ասիկա հոյակապ ապագայ մը չէ՞։ Կը փափաքի՞ս զայն տեսնել»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Կարդա Յովհաննու 17։3։ Քաջալերէ որ աւելի սորվի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ։
8 Եթէ տարբեր գրքոյկներ կը գործածէք, կրնաք ձեր անձնական ներկայացումները պատրաստել, վերոյիշեալ թելադրուած ներկայացումները որպէս նմոյշ առնելով։ Երբ յարմար է, հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ հետաքրքրուած անհատներ կրնան պզտիկ նուիրատուութիւններ ընել Թագաւորութիւնը քարոզելու երկրածաւալ գործին համար։ Լաւ նախապատրաստուեցէք ու Եհովայի օրհնութիւնը փնտռեցէք մինչ Թագաւորութեան բարի լուրը կը յայտարարէք։