Ինչպէ՛ս գործածել՝ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը
Այս նոր գրքոյկը պատրաստուած է մեզի օգնելու, որ վերայցելութիւններ ընենք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք
1. «Սիրտդ պահէ՛» խորագրով նահանգային համաժողովին լոյս տեսած ո՞ր գրքոյկը պատրաստուած է մեզի օգնելու, որ վերայցելութիւններ ընենք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք։
1 «Սիրտդ պահէ՛» խորագրով նահանգային համաժողովի ընթացքին, հրճուեցանք ստանալով նոր գրքոյկ մը, որ մեզի կ’օգնէ վերայցելութիւններ ընելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը կը փոխարինէ Աստուած կը պահանջէ գրքոյկին։ Այս երկու գրքոյկները իրարու կը նմանին այն իմաստով որ դասերը կարճ են։ Ասիկա կ’օգնէ որ գրքոյկը դռներու առջեւ գործածենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու համար։ Աստուած կը պահանջէ գրքոյկը կը քննարկէր քրիստոնէական պահանջներ, որոնք ընդունիլը կրնայ դժուար ըլլալ նոր աշակերտի մը համար։ Այս նոր գրքոյկը կը կեդրոնանայ այն ուրախ լուրերուն վրայ, որոնք կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ (Գործք 15։35, ՆԱ)։
2. Ուրախ լուրեր գրքոյկը ինչո՞ւ լոյս տեսաւ։
2 Ինչո՞ւ լոյս տեսաւ։ Աշխարհի տարածքին, եղբայրներ խնդրած են պարզ հրատարակութիւն մը, որ մարդոց ճշմարտութեան պիտի քաշէ եւ առաջնորդէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին, որ մեր գլխաւոր գործիքն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Երբ մարդիկ «գիրք» բառը լսեն՝ կը խուսափին, բայց անոնք յաճախ աւելի յօժար կ’ըլլան Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու գրքոյկի մը միջոցով։ Ասկէ զատ, գրքոյկը աւելի դիւրութեամբ կրնայ թարգմանուիլ բազմաթիւ լեզուներով։
3. Այս գրքոյկը ինչպէ՞ս կը տարբերի ուսումնասիրելիք ուրիշ հրատարակութիւններէն։
3 Ինչպէ՛ս պատրաստուած է։ Մեր ուսումնասիրելիք հրատարակութիւններէն շատերը այնպէս մը գրուած են, որ անհատ մը կարենայ զանոնք կարդալ եւ ճշմարտութիւնը հասկնալ, նոյնիսկ առանց մէկու մը օգնութեան։ Բայց այս հրատարակութիւնը տարբեր է։ Անիկա անհատին պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչը հասկնայ, վարիչի մը օգնութեամբ։ Ուստի երբ գրքոյկը անհատի մը կ’առաջարկենք, լաւագոյն բանն է մէկ կամ երկու պարբերութիւն քննարկել։ Պարբերութիւնները կարճ են, այնպէս որ զանոնք կարելի է նկատի առնել նոյնիսկ դռներու առջեւ կամ աշխատավայրի մը մէջ։ Ճիշդ է որ առաջին դասով սկսիլը լաւ է, սակայն կրնանք գրքոյկին որեւէ մէկ դասով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
4. Գրքոյկը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ուղղակի Աստուածաշունչէն սորվեցնենք։
4 Մեր շատ մը հրատարակութիւններուն մէջ, տպուած հարցումներուն պատասխանները կարելի է գտնել պարբերութիւններուն մէջ։ Սակայն ինչ կը վերաբերի այս հրատարակութեան, պատասխանները գլխաւորաբար կարելի է գտնել Աստուածաշունչին մէջ։ Շատեր կը նախընտրեն Աստուածաշունչէն սորվիլ քան թէ մեր հրատարակութիւններէն։ Հետեւաբար, նշուած համարներէն գրեթէ ոչ մէկը մէջբերուած է։ Զանոնք պէտք է ուղղակիօրէն Աստուածաշունչէն կարդալ։ Ասիկա աշակերտներուն կ’օգնէ գիտակցելու, թէ իրենց սորվածները Աստուծմէ են (Եսա. 54։13)։
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ վարիչը իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան համար լա՛ւ նախապատրաստուի։
5 Գրքոյկը բոլոր համարները չի բացատրեր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ պատրաստուած է աշակերտին քաջալերելու որ հարցումներ ուղղէ, ինչպէս նաեւ վարիչին թոյլ տալու, որ սորվեցնելու իր կարողութիւնը գործածէ։ Հետեւաբար, շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան համար լա՛ւ նախապատրաստուինք։ Ուշադիր եղիր որ միշտ խօսողը դուն չըլլաս։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գրութիւնները բացատրելը հաճոյք է, բայց մենք յաճախ աւելին իրագործած կ’ըլլանք, եթէ աշակերտէն խնդրենք որ ի՛նք բացատրէ թէ որոշ համար մը ի՛նչ կը նշանակէ։ Վարպետութեամբ հարցումներ գործածելով կրնանք աշակերտին օգնել, որ իւրաքանչիւր համարի իմաստը ըմբռնէ (Գործք 17։2)։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք գրքոյկը գործածել՝ ա) անոնց հետ, որոնք կասկածներ ունին Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին, բ) տունէ տուն ծառայութեան ատեն, գ) երբ ուղղակի մօտեցումը կը գործածենք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, դ) երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք։
6 Ինչպէս միւս ուսումնասիրելիք հրատարակութիւնները, այս գրքոյկն ալ կարելի է առաջարկել որեւէ ատեն, ինչ որ ալ ըլլայ ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնը։ Հրատարակիչներէն շատեր հաճոյքով պիտի գործածեն զայն՝ դռներու առջեւ ուղղակի մօտեցումով ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ նահանգային համաժողովին մէջ նշուեցաւ, գրքոյկը գործածելը հետաքրքրուած անհատներուն վերայցելելու ատեն, «կրնայ վերայցելութիւնը ի՛րապէս հաճելի դարձնել» (տե՛ս էջ 5-7–ի շրջանակները)։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք գրքոյկը գործածելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։
7 Ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս վարել։ Կարելի է քննարկութիւնը սկսիլ կարդալով թիւ ունեցող սեւատիպ հարցումները։ Կարդա՛ պարբերութիւնն ու շեղագիր համար(ներ)ը։ Հմտութեամբ հարցումներ ուղղէ տանտիրոջ օգնելու, որ համարներուն նշանակութիւնը հասկնայ։ Ետքը, սեւատիպ հարցումը դարձեալ տանտիրոջ ուղղէ, որպէսզի վստահ ըլլաս որ նիւթը ըմբռնեց. ապա անցիր յաջորդ կէտին։ Առաջին քանի մը այցելութիւններուն համար, թերեւս նախընտրելի ըլլայ միայն մէկ սեւատիպ հարցում նկատի առնել։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս կարելի ըլլայ քննարկութիւնները երկարել այնպէս որ իւրաքանչիւր անգամ մէկ դաս ծածկուի։
8. Համարները բանալու ատեն ի՞նչ պէտք է ըսենք եւ ինչո՞ւ։
8 Այն նշուած համարները, որոնցմէ առաջ «Կարդա՛» գրուած է, ուղղակիօրէն կը պատասխանեն սեւատիպ հարցումներուն։ Համար մը բանալու ատեն, մի՛ ըսեր թէ Պօղոս առաքեալ գրեց կամ՝ նկատեցէք թէ Երեմիան ի՛նչ նախագուշակեց։ Որովհետեւ տանտէրը թերեւս խորհի որ մեր կարդացածը պարզապէս մարդոց խօսքեր են։ Ուստի աւելի լաւ կ’ըլլայ ըսել, թէ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ կամ՝ նկատեցէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ մարգարէացաւ։
9. Բոլո՞ր նշուած համարները պէտք է կարդացուին ուսումնասիրութեան ընթացքին։
9 Բոլո՞ր նշուած համարները պէտք է կարդանք, թէ ոչ միայն «Կարդա՛» բառին յաջորդող համարները։ Ասիկա պարագաներէն կախեալ պիտի ըլլայ։ Չկայ նշուած համար մը որ պարզապէս ցոյց տայ թէ որոշ գաղափար մը ո՛ւր գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, հապա համարները կը պարունակեն տեղեկութիւններ, որոնք կ’արժէ քննարկել։ Կարգ մը պարագաներու ներքեւ, աշակերտին ունեցած կարճ ժամանակը, հետաքրքրութեան պակասն ու կարդալու անատակութիւնը թերեւս թելադրեն, որ միայն «Կարդա՛» համարները բացուին։
10. Ե՞րբ կրնանք ուսումնասիրութեան համար Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին անցնիլ։
10 Ե՛րբ անցնիլ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին։ Քանի մը քննարկութիւններէ ետք, եւ անգամ մը որ սկսանք տանտիրոջ հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, կրնանք կա՛մ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին անցնիլ, կամ ալ Ուրախ լուրեր գրքոյկը շարունակել մինչեւ զայն ամբողջացնելը։ Հրատարակիչներ կրնան իրենց դատողութիւնը գործածել, որոշելու թէ ե՛րբ գրքին անցնին։ Երբ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին անցնինք, անհրաժե՞շտ է որ առաջին գլուխէն սկսինք։ Որոշ օրէնք մը չկայ։ Անհատէ անհատ կը տարբերի։ Սակայն վստահաբար, աշակերտներուն մեծամասնութիւնը պիտի օգտուի՝ միեւնոյն նիւթերը աւելի մանրամասն կերպով վերարծարծելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին մէջ։
11. Ինչո՞ւ լաւ կերպով պէտք է օգտագործենք նոր գրքոյկը։
11 Ուրախ լուրերու կարօտ աշխարհի մը մէջ, մեծ առանձնաշնորհում ունինք հռչակելու լաւագոյն լուրը,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ եւ անիկա շուտով պիտի բերէ նոր աշխարհ մը, ուր արդարութիւնը պիտի բնակի (Մատ. 24։14. Բ. Պետ. 3։13)։ Վստահ ենք, որ այս պատգամը լսողներէն շատեր պիտի համաձայնին այս ներշնչուած խօսքերուն. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ ու Սիօնին կ’ըսէ՝ ‘Քու Աստուածդ կը թագաւորէ’» (Եսա. 52։7)։ Թող որ այս նոր գրքոյկը գործածենք՝ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրերը հասցնելու այն ծարաւներուն, որոնք կը գտնուին մեր թաղամասին մէջ։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Երբ մարդիկ կը կասկածին Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին։
● Կարգ մը շրջաններու մէջ հրատարակիչներ կ’անդրադառնան, թէ «Աստուած» եւ «Աստուածաշունչ» բառերը խօսակցութիւնը կ’ընդհատեն։ Այդ պարագային, առաջին այցելութեան ատեն լաւ կ’ըլլայ որ քննարկենք նիւթեր, որոնք ամէն մարդու կը հետաքրքրեն, ինչպէս՝ լաւ կառավարութեան մը կարիքը, ընտանիքներու համար ո՛ւր գործնական օգնութիւն գտնել եւ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Թերեւս Ուրախ լուրեր գրքոյկը կարենանք ներկայացնել այն ատեն, երբ արդէն քանի մը անգամ խօսակցութիւն ունեցած ենք, նկատի առնելով թէ ուրկէ՛ գիտենք որ Աստուած կայ եւ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ վստահելի է։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Երբ տունէ տուն կը ծառայենք։
● «Ձեզի կ’այցելեմ ցոյց տալու, թէ շատ դիւրութեամբ կրնանք գիտնալ, թէ Աստուած մարդկութեան համար ի՛նչ ապագայ նպատակադրած է։ Ի՞նչ կը խորհիք. . . Աստուած օրին մէկը մեզ պիտի ազատէ՞ տառապանքէն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչին մէջ ուրկէ՛ կրնաք այս հարցումին պատասխանը գտնել։ [Գրքոյկը իրեն տուր եւ կարդա՛ առաջին դասին առաջին պարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Երեմիա 29։11։] Այս տեղեկութիւններէն տրամաբանական կը գտնէ՞ք, թէ Աստուած կ’ուզէ որ աւելի լաւ ապագայ մը ունենանք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Եթէ կ’ուզէք, կրնաք գրքոյկը ձեր քով պահել։ Յաջորդ անգամ, կրնանք նկատի առնել երկրորդ պարբերութիւնը, որպէսզի գիտնանք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը պատասխանէ այս հարցումին. ‘Աստուած մարդկութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ազատէ տառապանքի պատճառներէն’»։ Եթէ առաջին այցելութեան թուի թէ տանտէրը յաւելեալ ժամանակ ունի, թերեւս կարենաս կարդալ ու քննարկել երկրորդ պարբերութիւնն ու անոր երեք համարները։ Վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ՝ նոյն դասին երկրորդ հարցումը քննարկելու համար։
● «Շատեր կը փափաքին աղօթել, մա՛նաւանդ երբ խնդիրներ ունենան։ Երբեմն կ’աղօթէ՞ք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Կը խորհի՞ք որ Աստուած բոլոր աղօթքները կը լսէ, կամ՝ որոշ աղօթքներ զինք չեն հաճեցներ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գրքոյկ մը ունիմ, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս հարցումին շուրջ Աստուածաշունչին պատասխանը գտնել։ [Գրքոյկէն օրինակ մը տուր եւ միասնաբար նկատի առէք 12–րդ դասին առաջին պարբերութիւնն ու «Կարդա՛» համարները։] Հիանալի չէ՞, որ Աստուած յօժար է մեր աղօթքները լսելու։ Բայց որպէսզի աղօթքէն լիովին օգտուինք, հարկ է որ լա՛ւ ճանչնանք Աստուած։ [2–րդ դասը բաց եւ ենթավերնագիրները մատնանշէ։] Եթէ կ’ուզէք, կրնամ այս գրքոյկը ձեր քով ձգել, եւ ուրիշ անգամ կրնանք այս հետաքրքրաշարժ հարցումներուն Աստուածաշունչին պատասխանները կարդալ»։
● «Ընդհանրապէս մարդիկ կը մտահոգուին, թէ այս աշխարհը դէպի ո՛ւր կ’ընթանայ։ Կը խորհի՞ք թէ իրավիճակները երբեւէ պիտի բարելաւուին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր կը զարմանան, երբ կը գիտնան թէ Աստուածաշունչին մէջ կան ուրախ լուրեր, որոնք կրնան յոյս տալ մեզի։ Ահաւասիկ կարգ մը հարցումներ, որոնց Աստուածաշունչը կը պատասխանէ»։ Գրքոյկը իրեն տուր եւ իրմէ խնդրէ որ ետեւի կողքէն ընտրէ հարցում մը, որ զինք ամենաշատը կը հետաքրքրէ։ Ապա ընտրուած դասը բաց եւ ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրէ։ Վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ՝ նոյն դասին յաջորդ հարցումը նկատի առնելու համար։
[Շրջանակ՝ էջ 7]
Ուղղակի մօտեցումը փորձէ։
● «Կ’ուզեմ ձեզի ըսել, թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նոր դասընթացք մը մատչելի է։ Այս գրքոյկը ունի 15 դասեր, որոնք ցոյց կու տան թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛ւր կրնաք կարեւոր հարցումներու պատասխանները գտնել։ [Իրեն ցոյց տուր առջեւի եւ ետեւի կողքը։] Երբեւէ փորձա՞ծ էք Աստուածաշունչը հասկնալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թոյլ տուէք ցոյց տամ, թէ դասերը որչափ դիւրին են։ [Նկատի առ 3–րդ դասին 3–րդ հարցումին առաջին պարբերութիւնը եւ կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4, 5։ Եթէ յարմար է, նկատի առ յաջորդ պարբերութիւնն ու «Կարդա՛» համարները։] Եթէ կ’ուզէք, կրնամ այս գրքոյկը ձեր քով ձգել։ Կը յանձնարարենք որ այս դասընթացքը գոնէ մէկ անգամ փորձէք։ Եթէ փափաքիք, կրնաք շարունակել։ Յաջորդ անգամ կրնանք առաջին դասը նկատի առնել։ Նշմարեցէք թէ ատիկա միայն մէկ էջ է»։
[Շրջանակ՝ էջ 7]
Զայն գործածէ վերայցելութեան ատեն։
● Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած անհատի մը վերայցելես, կրնաս ըսել. «Ուրախ եմ ձեզ դարձեալ տեսնելու։ Ձեզի բերի այս գրքոյկը, որ ցոյց կու տայ Աստուածաշունչին պատասխանները շատ մը հետաքրքրական հարցումներու շուրջ։ [Գրքոյկը իրեն տուր եւ ետեւի կողքը իր ուշադրութեան յանձնէ։] Այս նիւթերէն ո՞ր մէկը ձեզ ամենաշատը կը հետաքրքրէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա բաց իր ընտրած դասը։] Թոյլ տուէք ցոյց տամ թէ այս գրքոյկը ինչպէ՛ս կարելի է գործածել, որ ձեր ընտրած հարցումին պատասխանը գտնենք Աստուածաշունչէն»։ Ցուցադրէ թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ՝ քննարկելով մէկ կամ երկու պարբերութիւն, ինչպէս նաեւ «Կարդա՛» համարները։ Ինքնաբերաբար արդէն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսար։ Գրքոյկը տանտիրոջ քով ձգէ եւ վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։ Երբ որեւէ դաս ամբողջացնես, կրնաս տանտիրոջ ընտրած մէկ ա՛յլ դաս քննարկել կամ առաջին գլուխէն իսկ սկսիլ։