ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵՆՔ
1 Ժամանակ մը անցած է—թերեւս մէկ կամ երկու օր, թերեւս շաբաթ մը—վերջին անգամ ձեր խօսելէն ետք անհատի մը հետ, որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ։ Աստուածաշունչի գրականութիւններ ընդունեց կամ ոչ, կարեւոր է որեւէ հետաքրքրութիւն մշակել կարելի եղածին չափ շուտ։
2 Վերաքաղ ըրէք ձեր նօթագրութիւնները, զորս ուշադրութեամբ ըրիք առաջին հանդիպումէն ետք։ Երբ ձեր վկայութեան պայուսակը կը պատրաստէք, վստահ եղէք ձեր տեղաւորած գրականութենէն օրինակ մը առնելու, որպէսզի կարենաք անոր ակնարկել վերայցելութեան ընթացքին։
Եթէ «Ահա» գրքոյկը տեղաւորած էք վերայցելութեան մը ընթացքին, կրնաք ըսել.
◼ «Ուրախ եմ ձեզ կրկին տեսնելով։ Վերջին անգամ երբ խօսակցեցանք, ձեզի ցոյց տուի այս գրքոյկին կողքը, եւ Աստուածաշունչէն համար մը կարդացինք փաստելու համար թէ Աստուած, իր Թագաւորութեան միջոցաւ, բոլորին բնակարան եւ գործ պիտի հայթայթէ։ Բայց Աստուած խոստացած է նաեւ որ հիւանդութեան, ծերութեան, եւ նոյնիսկ մահուան վերջ պիտի դնէ։ Ասիկա ձեզի անհաւատալի՞ կը թուի։ [Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ։] Նկատի առէք այս կէտը ձեզի ձգած գրքոյկին 4–րդ պարբերութեան մէջ»։ Պարբերութիւնը կարդացէք, եւ էջին վարը արձանագրուած համարներէն մէկ կամ երկու համարներ նկատի առէք։ Այսպիսով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։
3 Որպէսզի յաջորդ այցելութեան մը համար ճամբան հարթէք, կրնաք խօսակցութիւնը փակել ըսելով.
◼ «Անշուշտ, ամէն ինչ որ նկատի առինք՝ Աստուածաշունչին մէջ է, բայց շատեր հարց կու տան թէ կրնա՞ն իրապէս հաւատալ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ։ Երբ յաջորդ անգամ գամ, կը փափաքիմ մի քանի վայրկեան առնել այս նիւթին շուրջ ձեր հետ խօսակցելու»։ Երբ կը վերադառնաք հետաքրքրութիւնը մշակելու, խօսակցեցէք «Դրախտը Բացատրող Գիրքը» ենթագլուխին մասին, գրքոյկին 5–րդ պարբերութենէն սկսեալ։
4 Այն Թաղամասերուն Մէջ Ուր Քիչ Գրականութիւններ կը Տեղաւորուին. Նոյն ընդհանուր ներկայացումը կարելի է գործածել այն անհատները այցելելու ատեն, որոնք որոշ հետաքրքրութիւն մը յայտնաբերեցին բայց գրականութիւններ չընդունեցին։ Նախորդ խօսակցութեան ընթացքին ձեր ներկայացուցած գրքոյկին կրնաք ակնարկել։ Նախքան տանուտէրը ընդունի գրքոյկ մը, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ կրկնակի այցելութիւններ ընել՝ գործածելով Աստուածաշունչը եւ գրքոյկին ձեր անձնական օրինակը։ Եթէ տեղաւորած էք Դիտարան Յուլիս 1–ը կամ Յուլիս 15–ը (Անգլ.), ակնարկեցէք կապ ունեցող նիւթերուն «Ահա» գրքոյկին մէջ, երբ կը վերադառնաք հետաքրքրութիւնը մշակելու։
5 Կարելի է պատրաստել լաւ վերայցելութիւններ, որոնք Կառավարութիւն գրքոյկով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը կ’առաջնորդեն, օգտագործելով Պատճառաբանել գրքին էջ 154–6–ի տեղեկութիւնները (էջ 159–60, Արբ.)։ Կամ կարելի է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ սա հարցումը ուղղելով. «Արդեօք գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչը երկու յոյսեր կը ներկայացնէ։ Անոնցմէ մէկն է յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ։ Այս գրքոյկը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս ատիկա կարելի պիտի ըլլայ»։ Ետքը գրքոյկին 15–րդ էջը բացէք, եւ մէջբերուած երեք համարները կարդացէք։
6 Եթէ տեղաւորած էք երկու պարբերաթերթեր, գիրք մը, կամ գրքոյկ մը կամ պարզապէս վայելած էք Աստուածաշունչի խօսակցութիւն մը անհատի մը հետ, պատասխանատուութիւնը ունիք հետաքրքրութիւնը մշակելու։ Կը քաջալերենք ձեզ որ ժամանակ յատկացնէք Յուլիս ամսուան ընթացքին բաժին բերելու այս կենսապահ գործին մէջ։—Ա. Տիմ. 4։16