ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ ԱԶԴԵՑԻԿ ԿԵՐՊՈՎ ԱՇԽԱՏԻՆՔ
1 ‘Բարի լուրը’ այսօր կը քարոզուի համայն աշխարհի մէջ։ (Մատթ. 24։14) Ասիկա կը կատարուի գլխաւորաբար տունէ տուն ծառայութեամբ։—Գործք 20։20, 21
2 Մեր ներկայացումները պէտք է իսկական իմաստ ունենան այն մարդոց որոնց կը հանդիպինք։ Այրերը, կիները, եւ պատանիները կը տարբերին իրենց հետաքրքրութեան մարզերուն մէջ։ Հետեւաբար, լաւ է որ նախապատրաստուած ըլլանք Սուրբ Գրային այլազան նիւթերով որոնք հաւանաբար կոչ կ’ընեն մեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց։
3 Գրականութիւնները Օգտագործեցէք. Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը նկատի կ’առնէ շատ մը նիւթեր որոնք ամէնուրեք շատ մարդոց կոչ կ’ընեն։ Լուսաբանութիւնները, թէ՛ տեսողական եւ թէ բառական, ազդեցիկ օգնականներ են։ Գիրքը սրտին կոչ կ’ընէ, եւ մարդոց կ’օգնէ որ տեսնեն կարիքը որոշումներ առնելու, այո, իրենց հաւատքը, վարքը, վերաբերմունքը, եւ կենցաղը փոխելու։ Յաւիտեան Ապրիլ գրքին բովանդակութեան ամբողջովին քաջածանօթ ըլլալով, պիտի կարենանք մարդոց հետ ազդեցիկ կերպով խօսակցիլ զանազան նիւթերու մասին։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի տանուտիրոջ հետաքրքրութեան տարողութիւնը զատորոշելու։
4 Ծառայութեան մէջ ազդեցիկ ըլլալու համար, կարիքը ունինք անձնական հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցնելու։ (Փիլպ. 2։4) Ջանացէք խօսակցութիւնը կեդրոնացնել Թագաւորութեան բնաբանի մը վրայ որ կը պարփակէ անհատը եւ իր պէտքերը։ Փորձեցէք անհատին միտքը հասկնալ յարմար հարցումներ ուղղելով որպէսզի արտայայտուի։ Անոր պատասխաններուն ուշի ուշով մտիկ ըրէք։ Անոր մեկնաբանութիւնները կարելի է որ ձեզի օգնեն զատորոշելու թէ ո՛ր նիւթը զինք պիտի հետաքրքրէ։ Մենք կ’ուզենք մարդոց օգնել որ Թագաւորութեան պատգամին արժէքը տեսնեն եւ անոնց ցուցնել ինչպէ՛ս աւելի սորվիլ անոր մասին։ Զոյգ մը բացատրեցին թէ իրենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցին քանի որ այցելող եղբայրը յայտնաբերեց անձնական հարազատ հետաքրքրութիւն մը իրենց հանդէպ։
5 Յաճախակի Ծածկուած Թաղամասերուն Մէջ. Ազդեցիկ ըլլալը մասնաւորաբար կարեւոր է այն թաղամասին մէջ որ յաճախակի կը ծածկուի։ Աւելի ազդեցիկ ծառայութիւն մը կ’օգնէ մեզի որ մեր թաղամասը ընդլայնենք։ (Դիտ. 7/15/88 էջ 15–20) Քան թէ վարուինք որպէս թէ այն տունը բնաւ չենք այցելած, կրնանք նշել տանուտիրոջ անցեալի վերաբերմունքը եւ զանիկա գործածել մեր օգտին համար։ Կրնանք մեր նախորդ այցելութեան ակնարկել, յետոյ խօսակցիլ այդ ատեն ըսուած բաներուն հիման վրայ։ Թելադրուած ներկայացումները Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին առաջուան թիւերուն մէջ եւ Պատճառաբանել գրքին մէջ, կարելի է յարմարցնել թաղամասին կարիքներուն։
6 Եհովա համբերութեամբ դուռը բաց կը պահէ աւելի մարդոց համար որ Թագաւորութեան օրհնութիւններէն օգտուին։ Յիսուսի ծառայութիւնը ազդեցիկ էր քանի որ մարդոց հանդէպ սէր ունէր։ (Մար. 6։34) Մեր լաւագոյնը կ’ընե՞նք անոր օրինակին հետեւելու։ (Ա. Պետր. 2։21) Թող որ ետ չքաշուինք տունէ տուն ծառայութեան լիովին եւ ազդեցիկ կերպով մասնակցելէ։—Բ. Տիմ. 4։5