Կրնա՞ս օգտուիլ անձնական թաղամաս ունենալէն
1. Ի՞նչ է անձնական թաղամասը։
1 Ի՞նչ է անձնական թաղամասը։ Անիկա քեզի պատկանող թաղամաս մըն է որ կրնայ շրջանիդ մօտ ըլլալ. զայն կրնաս գտնել այն ժողովքներուն մէջ, որոնք բազմաթիւ թաղամասեր ունին։ Կազմակերպուած ենք գիրքը էջ 103–ի վրայ կը բացատրէ. «Յարմար վայր մը անձնական թաղամաս ունենալը քեզ կարող պիտի դարձնէ, որ դաշտի ծառայութեան յատկացուցած ժամանակդ լաւագոյնս գործածես։ Նաեւ, թերեւս ուզես ա՛յլ հրատարակիչ մը հրաւիրել որ քեզի հետ աշխատի՝ անձնական թաղամասիդ մէջ»։
2. Ինչպէ՞ս կարելի է անձնական թաղամաս մը գործածել՝ խմբովին վկայելու գործին թիկունք կանգնելու համար։
2 Խմբովին վկայելու գործին թիկունք կանգնելու համար։ Եթէ աշխատավայրիդ մօտ գտնուող անձնական թաղամաս մը առնես, կրնաս կէսօրուան դադարին կամ տուն վերադառնալէն առաջ ծառայութեան մասնակցիլ, թերեւս ա՛յլ հրատարակիչի մը հետ, որուն գործը մօտակայ շրջանի մը մէջ է։ Եթէ տանդ մօտ գտնուող թաղամաս մը առնես, քեզի եւ ընտանիքիդ համար կրնայ յարմար ըլլալ հոն երեկոները վկայել։ Անշուշտ, եթէ դաշտի ծառայութեան ժողովի մը ներկայ չգտնուիս, պատշաճ է որ աղօթքով Եհովայի ուղղութիւնը խնդրես, առաջ որ սկսիս քարոզել (Փլպ. 4։6)։ Ասկէ զատ, հարկ է որ հաւասարակշռես անձնական թաղամասիդ յատկացուցած ժամանակդ ա՛յն ժամանակին հետ, որ կը տրամադրես՝ ժողովքի խմբովին վկայելու կարգադրութեան թիկունք կանգնելու համար։ Յատկապէս շաբաթավերջերուն, երբ շատեր հաւաքավայր կու գան, ընդհանրապէս լաւագոյն բանն է՝ դաշտի ծառայութեան խումբիդ թիկունք կանգնիլ։
3. Անձնական թաղամաս ունենալուն օգուտները ի՞նչ են։
3 Օգուտներ։ Եթէ անձնական թաղամաս ունիս, ուրեմն ունիս տեղ մը ուր կրնաս քարոզել երբոր ժամանակդ ներէ։ Այս պարագային, կրնաս աւելի շատ ժամանակ յատկացնել քարոզչութեան, եւ աւելի քիչ ժամանակ՝ տեղափոխութեան։ Այս յաւելեալ դիւրաթեքութիւնը թոյլ կու տայ ոմանց, որ օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլան։ Հետաքրքրուած տանտէրներուն միեւնոյն շրջանիդ մէջ ըլլալը քեզի կ’օգնէ, որ աւելի դիւրութեամբ վերայցելութիւններ ընես եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարես։ Շատեր կը նկատեն, որ անձնական թաղամասի մը մէջ քարոզելը իրենց կ’օգնէ, որ տանտէրներուն ծանօթանան եւ անոնց վստահութիւնը շահին, մա՛նաւանդ եթէ կարելի է թաղամասը մէկ անգամէ աւելի ծածկել նախքան յանձնելը, որպէսզի ուրիշներ կարենան զայն ստանձնել։ Անձնական թաղամասի մը մէջ քարոզելը քեզի եւ ընտանիքիդ պիտի օգնէ՞, որ ձեր պաշտօնը՝ ծառայութիւնը լիովին կատարէք (Բ. Տիմ. 4։5)։