Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/98 էջ 3-6
  • Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՞ս օգտուիլ անձնական թաղամաս ունենալէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ձեր Ժամանակը Ազդու Կերպով Գործածեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Անձնական թաղամաս ունի՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 11/98 էջ 3-6

Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք

1 Երկինքը կը մթագնի եւ արտառոց ձայն մը երթալով բարձրանալով խլացուցիչ կը դառնայ։ Ծուխի նմանող ամպ մը կ’իջնէ։ Ի՞նչ է արդեօք։ միլիոնաւոր մարախներու բանակ մը, որ եկած է երկիրը ամբողջովին ամայացնելու համար։ Յովէլ մարգարէին կողմէ նկարագրուած այս տեսարանը ներկայիս կատարում մը ունի. անիկա կը պատկերացնէ Աստուծոյ օծեալ ծառաներուն եւ անոնց ընկերակցող մեծ բազմութեան քարոզչութիւնը։

2 Ուսումնասիրութեան Նիւթերու Գրքոյկ՝ Բ. Մաս, էջ 5, պարբերութիւն 19, կը նշէր. «Աստուծոյ արդի մարախներու բանակը, Քրիստոնեայ Աշխարհի ‘քաղաք’ին մէջ ամբողջական վկայութիւն տուած է։ (Յովելեայ 2։9) . . . Անոնք տակաւին կը շարունակեն յաղթահարել ամէն խոչընդոտ, միլիոնաւոր տուներէ ներս մտնելով, փողոցներու մէջ մարդոց մօտենալով, հեռաձայնով անոնց հետ խօսելով եւ Եհովայի պատգամը ծանուցանելու համար ամէն կերպ գործածելով»։ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած այս գործին մասնակցիլը մեծ առանձնաշնորհում մը չէ՞։

3 Բառացի մարախներուն հակառակը՝ որոնց միակ նպատակն է իրենք զիրենք կերակրել՝ մենք որպէս Եհովայի ծառաներ մեծապէս հետաքրքրուած ենք այն անհատներուն կեանքերով, որոնց կը քարոզենք։ Մենք կը փափաքինք ուրիշներուն օգնել, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած փառաւոր ճշմարտութիւնները սորվին եւ մղուին իրենց յաւիտենական փրկութեան առաջնորդող քայլեր առնելու։ (Յովհ. 17։3. Ա. Տիմ. 4։16) Հետեւաբար, կ’ուզենք մեր կատարած ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալ։ Քարոզչութեան ի՛նչ կերպ ալ գործածուելու ըլլայ, պէտք է նկատի առնենք որ արդեօք անիկա լաւագոյն արդիւնքը տուող կերպով եւ ժամանակին մէջ կը գործածենք կամ ոչ։ Քանի որ «այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի», լաւ է որ մեր կերպերը եւ մեր մերձեցումները վերլուծենք, վստահ ըլլալու համար որ կարելի եղածին չափ արդիւնաբեր ենք։—Ա. Կորն. 7։31, ՆԱ։

4 Մինչ մարդոց տարբեր կերպերով մօտենալու ջանք կը թափենք, տունէ–տուն ծառայութիւնը տակաւին մեր ծառայութեան գլխաւոր միջոցն է։ Երբ մարդոց կ’այցելէք, անոնք յաճախ տունը չեն կամ կը քնանան, այդպէս չէ՞։ Ասիկա շա՜տ ընդվզեցուցիչ է, քանի որ բարի լուրի պատգամը անոնց հետ բաժնեկցելու կարելիութիւն չէք ունենար։ Այս դժուարութիւնը ի՞նչպէս կրնաք յաղթահարել։

5 Ճկուն եւ Բանաւոր Եղէք. Առաջին դարուն, Իսրայէլի մէջ ձկնորսները իրենց ձկնորսութիւնը գիշերը կ’ընէին։ Ինչո՞ւ գիշերը։ Թէեւ ասիկա իրենց համար յարմարագոյն ժամանակը չէր, բայց աւելի շատ ձուկ որսալու համար լաւագոյն ժամանակն էր։ Անիկա ամենէն արդիւնաբեր ժամանակն էր։ Այս սովորութեան մասին խօսելով, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1992–ի համարը կը նշէր. «Մենք ալ մեր թաղամասը պէտք է ուսումնասիրենք, որպէսզի այդպէս կոչուած ձկնորսութեան մասնակցինք, երբ մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց տուներն են եւ ընդունելի վիճակի մէջ են»։ Ընկերային սովորութիւնները ուշադրութեամբ զննելը ցոյց տուած է որ արուարձաններու եւ քաղաքամասերու մէջ, մարդիկ թերեւս տունը կը գտնուին, երբ իրենց այցելենք Շաբաթ եւ Կիրակի առաւօտ կանուխ, բայց ընդհանրապէս այդ ժամանակ մեր այցելութիւնը ընդունելի պատրաստակամութիւն չունին։ Եթէ ձեր շրջանին մէջ պարագան այս է, կրնաք առաւօտուն քիչ մը աւելի ուշ կամ յետ միջօրէին այցելել։ Ասիկա մեր ծառայութիւնը աւելի ազդեցիկ դարձնելու եւ մեր դրացիներուն հանդէպ նկատառու ըլլալու լաւ կերպ մըն է, ինչ որ ճշմարիտ քրիստոնէական սիրոյ ապացոյց մըն է։—Մատթ. 7։12

6 Փիլիպպեցիս 4։5–ի մէջ, Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ թէ մեր «քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ»։ Այս ներշնչեալ ուղղութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, կը փափաքինք հաւասարակշռուած եւ բանաւոր ըլլալ, մեր քարոզչութեան նշանակումը նախանձախնդրութեամբ եւ եռանդով կատարելու մեր կերպերուն մէջ։ Չենք ուզեր ‘ետ կենալ հրապարակաւ եւ տունէ տուն սորվեցնելէ’, այլ կ’ուզենք մեր տունէ–տուն ծառայութիւնը ընել այնպիսի ժամանակներու, որ տրամաբանական եւ աւելի արդիւնաբեր ըլլայ։ (Գործք 20։20, ՆԱ) Առաջին դարու Իսրայէլի մէջ եղող ձկնորսներուն նման, մեր փափաքն է ‘ձկնորսութեան’ երթալ այդ ժամերուն, երբ շատ աւելի արդիւնաբեր է եւ ոչ թէ այդ ժամերուն՝ որ ամենէն յարմարն է մեզի համար։

7 Ի՞նչ վերաճշդումներ պէտք է ընենք։ Սովորաբար դաշտի ծառայութեան ժողովները կը սկսին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, ժամը 9։00–ին կամ 9։30–ին, որմէ ետք խումբը թաղամասին մէջ կը սկսի տունէ–տուն երթալ։ Սակայն, կարգ մը ժողովքներու երէցներու մարմինը կարգադրութիւն ըրած է որ խումբը քաղաքամասերուն մէջ տունէ–տուն ծառայութեան սկսելէ առաջ, ծառայութեան ուրիշ կերպերու մասնակցի, ինչպէս՝ փողոցի վկայութիւն, առեւտրական թաղամասեր, կամ վերայցելութիւններ ընել։ Ուրիշ ժողովքներ, դաշտի ծառայութեան ժողովները առաւօտուն աւելի ուշ դրած են. ժամը 10։00–ին, 11։00–ին կամ նոյնիսկ 12։00–ին։ Անկէ ետք, խումբը ուղղակի կը մասնակցի տունէ–տուն գործին եւ իր ծառայութիւնը կը շարունակէ մինչեւ յետ միջօրէի սկիզբը։ Կարգ մը թաղամասերու մէջ, շատ աւելի յարմար է դաշտի ծառայութեան ժողովը կէսօրէ ետք ընել, քան առաւօտուն։ Այսպիսի վերաճշդումներ կը նպաստեն որ տունէ–տուն ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր ըլլայ։

8 Ներատես եւ Փափկանկատ Եղէք. Երբ տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին մարդոց հետ շփման մէջ գանք, մեր պատգամին հանդէպ շատ տարբեր հակազդեցութիւններու դիմաց կը գտնուինք։ Կարգ մը տանտէրներ կ’ընդունին, ուրիշներ անտարբեր են, իսկ կարգ մը անհատներ ալ կրնան առարկել կամ վիճաբանիլ։ Այս վերջիններուն պարագային, Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքին էջ 7–ի վրայ նշուած է որ մենք «ճշմարտութեան հանդէպ յարգանք չունեցող մարդոց հետ ‘առարկութիւններ յաղթահարելու’ չենք ջանար»։ Եթէ տանտէրը հակառակ է մեզի, նախընտրելի է անկէ մեկնիլ։ Բնաւ պէտք չէ հակառակինք անհատներու, պնդելով որ անոնք մեզի հետ խօսին կամ մեր տեսակէտը ընդունին։ Մենք մեր պատգամը չենք պարտադրեր մարդոց։ Այսպէս վարուիլը անբանաւոր պիտի ըլլայ եւ կրնայ խնդիր յարուցանել ուրիշ Վկաներու եւ ընդհանուր գործին։

9 Թաղամասին մէջ աշխատելու սկսելէ առաջ, իմաստութիւն է թաղամասի քարտը աչքէ անցընել, նկատի առնելու համար այն հասցէները, ուր բնակիչները մեզի ըսած են որ իրենց չայցելենք։ Եթէ այդպիսի հասցէներ կան, այդ թաղին մէջ աշխատող իւրաքանչիւր հրատարակիչի պէտք է ըսուի թէ ո՛ր տուները չայցելեն։ Ոեւէ մէկը ինքն իր գլուխէն պէտք չէ որոշէ այդ տուները այցելել, առանց ծառայութեան տեսուչէն արտօնութիւն առնելու։—Տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը Յունիս 1994, Հարցումի Տուփը։

10 Տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին ներատես ըլլալով աւելի ազդու կրնանք ըլլալ։ Երբ տան մը կը մօտենաք, նկատառու եղէք։ Բոլոր վարագոյրները կամ փեղկերը գո՞ց են։ Ներսէն որեւէ շարժում չկա՞յ։ Ասիկա կրնայ նշել որ բնակիչները կը քնանան։ Հաւանաբար, տանտիրոջ հետ աւելի արդիւնաբեր խօսակցութիւն մը կրնանք ունենալ, եթէ աւելի ուշ այցելենք։ Թերեւս նախընտրելի է հեռանալ անկէ, տան թիւը արձանագրելով ձեր քով։ Թաղամասէն հեռանալէ առաջ անգամ մը եւս կրնաք աչք մը նետել այդ տան վրայ, կամ ձեր քով գրել որ աւելի ետք վերադառնաք։

11 Երբեմն կրնայ պատահիլ որ առանց ուզելու մէկը իր քունէն արթնցնենք կամ զինք խանգարենք։ Ան թերեւս նոյնիսկ բարկանայ։ Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ Առակաց 17։27–ը կը խրատէ. «Երկայնամիտ մարդը հանճարեղ [«ներատես», ՆԱ] է»։ Թէեւ մեր կատարած ծառայութեան համար ներողութիւն չենք խնդրեր, սակայն կրնանք ըսել որ շատ կը ցաւինք որ անյարմար ժամանակ մը եկանք։ Քաղաքավարութեամբ կրնանք հարցնել որ ե՛րբ աւելի յարմար է, որպէսզի վերայցելենք։ Անհատին բարօրութեան հանդէպ անկեղծ ու քաղցր ձայնով եղած արտայայտութիւն մը յաճախ կը հանդարտեցնէ այսպիսի անհատ մը։ (Առ. 15։1) Եթէ տանտէր մը մեզի տեղեկացնէ որ ինք միշտ գիշերը կ’աշխատի, պէտք է թաղամասի քարտին մէջ նշմար մը դրուի, որպէսզի ապագայ այցելութիւնները ըստ այնմ կատարուին յարմար ժամերու։

12 Մեր թաղամասը ամբողջութեամբ աշխատելու համար ալ ներատեսութեան կարիքը ունինք։ Քանի որ երբ առաջին այցելութեան ընթացքին շատեր տունը չեն, անոնց հետ շփման մէջ գալու համար յաւելեալ ջանք պէտք է թափենք, որպէսզի փրկութեան պատգամը անոնց հետ բաժնենք։ (Հռովմ. 10։13) Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան որ կարգ մը հրատարակիչներ նոյն օրը քանի մը անգամ նոյն տունը կ’այցելեն, փորձելով մարդիկը գտնել։ Ասիկա դրացիներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Աննպաստ տպաւորութիւն մը կրնայ ստեղծել. անոնք կը խորհին որ Եհովայի Վկաները ‘անդադար կ’այցելեն’ իրենց փողոցը։ Ասկէ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։

13 Ներատեսութիւն գործածեցէք։ Երբ բացականերուն կ’այցելէք, որեւէ բան կը նշէ՞ որ այս անգամ մէկը կայ տունը։ Եթէ նամակատուփին մէջ նամակներ կամ թղթիկներ լեցուն են, շատ հաւանական է որ անհատը տակաւին տուն չէ եկած եւ անգամ մը եւս այցելելը ապարդիւն պիտի ըլլայ։ Եթէ տարբեր ժամերու, նոյնիսկ երեկոները, եւ քանի մը այցելութիւն ետք կարելի չըլլայ գտնել անհատը, փորձենք հեռաձայնով շփման մէջ գալ անոր հետ։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, կրնանք թղթիկ մը ուշադիր կերպով սահեցնել դրան տակ, մանաւանդ երբ թաղամասը տրամաբանական յաճախականութեամբ կ’աշխատցուի։ Շատ հաւանական է որ երբ թաղամասը յաջորդ անգամ աշխատցուի, թերեւս անհատը տունը գտնուի։

14 Վատ եղանակին, դրան առջեւ խօսակցութիւնները պէտք չէ երկարել։ Երբ ներս հրաւիրուիք, ուշադիր եղէք որ գետինը չաղտոտէք։ Լաւ դատողութիւն գործածեցէք, երբ շունը կը հաջէ։ Երբ շէնքերու մէջ կ’աշխատիք, ցած ձայնով խօսեցէք, որպէսզի միւս տանտէրները չխանգարէք եւ բոլորին չծանուցանէք ձեր ներկայութիւնը։

15 Կոկիկ եւ Յարգարժան Եղէք. Երբ լաւ կազմակերպուած ըլլանք, թաղամասին մէջ մեծ խումբերով հաւաքուելէ եւ շատ աչքառու ըլլալէ կը խուսափինք։ Կարգ մը տանտէրներ կը վախնան երբ իրենց տան դիմաց քանի մը ինքնաշարժներով հրատարակիչներու մեծ խումբ մը իջնէ։ Չենք ուզեր այն տպաւորութիւնը տալ թէ քաղաքամասի շրջաններուն վրայ «յարձակում կը գործենք»։ Թաղամասին մէջ աշխատելու կարգադրութիւնները նախընտրելի է դաշտի ծառայութեան ժողովին մէջ ընել։ Հրատարակիչներու պզտիկ խումբ մը, թերեւս ընտանիք մը, տանտէրները աւելի քիչ կը վախցնէ եւ թաղամասը աշխատելու համար աւելի քիչ կազմակերպել կ’ուզէ։

16 Կարգապահ ըլլալու համար, ծնողներ մեծ ուշադրութեամբ պէտք է հսկեն իրենց զաւակներուն վրայ, երբ թաղամասի մը մէջ կ’աշխատին։ Երախաները քաղաքավար պէտք է ըլլան, երբ չափահասի մը հետ դռներուն առջեւ կը գտնուին։ Պէտք չէ թոյլ տալ որ պզտիկները խաղան կամ թափառին, բնակիչներուն կամ անցորդներուն ուշադրութիւնը գրաւելով։

17 Դադարներ ընելու համար ալ հաւասարակշռութեան կարիքը կայ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը Յունիս 1995, էջ 3–ի վրայ կը նշէր. «Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ ենք, կրնանք այս թանկարժէք ժամանակը կորսնցնել, հանգստանալու՝ թերեւս սուրճ մը խմելու համար կանգ առնելով։ Ճիշդ է որ երբ եղանակը խիստ է, դադար մը մեզ պիտի թարմացնէ եւ պիտի օգնէ որ կարենանք շարունակել։ Այսուհանդերձ, շատեր կը նախընտրեն զբաղած մնալ մարդոց վկայելով եւ եղբայրներուն հետ ժամանակ չանցընել սուրճ խմելու համար, ծառայութեան տրամադրուած ժամանակի ընթացքին»։ Թէեւ քիչ մը թարմանալու համար կանգ առնելը անձնական որոշում մըն է, սակայն նշմարուած է որ եղբայրներու ու քոյրերու մեծ խումբեր սրճարան մը կամ ճաշարան մը կը հաւաքուին։ Մինչեւ որ սպասարկութիւնը կատարուի կորսուած ժամանակէն զատ, ամբոխի մը ներկայութիւնը կրնայ խանգարել միւս յաճախորդները։ Երբեմն, առաւօտեան ծառայութեան մէջ եղած փորձառութիւնները բարձրաձայն կը պատմուին եւ ասիկա մեր ծառայութեան հանդէպ յարգանքը կը նսեմացնէ եւ նուազ ազդու կը դարձնէ։ Ներատեսութիւն գործածելով, հրատարակիչներ կրնան չխճողել հաստատութիւն մը եւ ծառայութեան ժամանակէն անտեղիօրէն չառնել։

18 Շատեր լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են մարդոց մօտենալով հոն ուր կը գտնուին. փողոցը, կառատուներու մէջ եւ հանրային ուրիշ վայրեր։ Այսպիսի վայրերու մէջ ալ կ’ուզենք լաւ վկայութիւն մը տալ, ոչ միայն մեր խօսքերով, այլ նաեւ բանաւոր ըլլալով։ Իւրաքանչիւր ժողովքի հրատարակիչ իր ժողովքի թաղամասի սահմանները պէտք է յարգէ, որպէսզի առեւտրական շրջաններու, գետնուղիի մուտքերու մէջ, կամ օրական 24 ժամ բաց եղող վաճառականական շրջաններու մէջ աշխատողներուն խճողումի պատճառ չըլլայ։ Մեր ծառայութիւնը կարգ ու կանոնով, յարգարժան կերպով ընելու համար մեզի նշանակուած թաղամասին մէջ պէտք է աշխատինք, ի բացառեալ երբ ուրիշ ժողովքի մը Ծառայութեան Յանձնախումբին կողմէ մասնաւոր կարգադրութիւն մը ըլլայ իրենց օգնելու։—Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 10։13-15–ը։

19 Կարգ մը ժողովքներ, որոնց թաղամասին մէջ հանրային վկայութեան բազմաթիւ շրջաններ կան, այդ շրջանները թաղամասերու վերածած են։ Ուստի, հրատարակիչի մը, կամ խումբի մը, թաղամասի քարտ մը կը տրուի։ Ասիկա կ’օգնէ որ աւելի ազդու կերպով թաղամասը աշխատցուի, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ շատ մը հրատարակիչներ նոյն շրջանը աշխատելուն արգելք կ’ըլլայ։ Այսպիսով Ա. Կորնթացիս 14։40–ի սկզբունքը կիրարկած կ’ըլլանք. «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ»։

20 Մեր երեւոյթն ալ միշտ յարգարժան պէտք է ըլլայ եւ Եհովայի անունը կրող քարոզիչներու յարմար։ Նոյնն է պարագան մեր գործածած գործիքներուն։ Մաշած պայուսակները եւ ծայրերը ծալուած կամ աղտոտ Աստուածաշունչերը Թագաւորութեան պատգամէն մարդոց ուշադրութիւնը կը հեռացնեն։ Ըսուած է որ հագուստը եւ յարդարանքը «ընկերային հաղորդակցութեան կարճ միջոցներ են, որոնք ձեր շուրջը գտնուողներուն տեղեկութիւն կու տան ձեր ո՛վ կամ ի՛նչ ըլլալուն մասին»։ Հետեւաբար մեր երեւոյթը ո՛չ թափթփած եւ ոչ ալ անխնամ պէտք է ըլլայ, ո՛չ աչքի զարնող եւ ոչ ալ ծայրայեղ պէտք է ըլլայ, այլ՝ միշտ ‘բարի լուրին վայել կերպով’ պէտք է ըլլայ։—Փիլ. 1։27, ՆԱ. բաղդատել՝ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10։

21 Ա. Կորնթացիս 9։26–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ կը նշէ. «Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով»։ Պօղոսը ընդօրինակելով, մենք ալ կը փափաքինք ազդու ու արդիւնաբեր ծառայութիւն մը ունենալ։ Որպէս Եհովայի «մարախներու բանակ»ին մաս կազմողներ, մինչ նախանձախնդրաբար կը մասնակցինք վկայութեան գործին, թող որ Քրիստոնեայի վայել բանաւորութիւն ու ներատեսութիւն գործածենք, մինչ փրկութեան պատգամը մեր թաղամասի բոլոր մասերը կը հասցնենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել