Անձնական թաղամաս ունի՞ս
1. Անձնական թաղամասը ի՞նչ է։
1 Անձնական թաղամասը քեզի՛ նշանակուած թաղամաս մըն է։ Թերեւս անոր տեղը քեզի յարմար է, այնպէս որ կրնաս դիւրաւ հոն հասնիլ ու քարոզել կա՛մ առանձին եւ կամ այլ հրատարակիչի մը հետ։ Թէեւ խմբովին վկայելու ժողովքային կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնիլը օգտաշատ է, բայց անձնական թաղամաս ունենալը՝ զայն այլ առիթներով աշխատելու համար, կրնայ ամբողջական վկայութիւն տալու նպաստել, մանաւանդ այն ժողովքներուն մէջ, որոնք շատ թաղամասեր ունին։—Գործք 10։42
2. Անձնական թաղամաս ունենալուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
2 Օգուտներ. Ոմանք յաւելեալ օգուտներ քաղած են՝ քարոզելով իրենց գործատեղիին մօտ եղող անձնական թաղամասի մը մէջ, ճաշի դադարին ընթացքին կամ գործէն արձակուելէն անմիջապէս ետք։ Ոմանք հաճոյալի գտած են ընտանեօք քարոզելը իրենց տան մօտակայքը, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութենէն շուրջ մէկ ժամ առաջ։ Որպէս արդիւնք, վերայցելութիւններն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները մօտակայ շրջանի մէջ ըլլալով, ջանքի, ժամանակի ու դրամի խնայում եղաւ։ Քանի որ քիչ ժամանակի մէջ շատ բան կրնայ իրագործուիլ, անձնական թաղամաս ունենալը կրնայ ոմանց օգնել որ ատեն–ատեն օժանդակ ռահվիրայ ըլլան կամ նոյնիսկ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։ Ասկէ զատ, անձնական թաղամասի մէջ աշխատելով եւ տանտէրներուն մօտէն ծանօթանալով, կրնանք անոնց վստահութիւնը շահիլ եւ մեր ներկայացումը անոնց մտահոգութիւններուն յարմարցնել, մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու դարձնելով։
3. Անձնական թաղամաս առնող ռահվիրայ քոյր մը ի՞նչ կը պատմէ։
3 Ռահվիրայ քոյր մը, զոր շրջանային տեսուչը քաջալերեց որ անձնական թաղամաս ունենայ, կ’ըսէ. «Այս խրատը ընդունեցի եւ շատ չանցած՝ թաղամասիս տանտէրներուն քաջածանօթ դարձայ։ Այցելութիւններուս ժամանակը անոնց պարագաներուն յարմարցուցի։ Որպէս արդիւնք, վերայցելութիւններս փոխանակ ամիսը 35 ըլլալու, աւելի քան 80 եղան եւ կը վարեմ Աստուածաշունչի տնային եօթը ուսումնասիրութիւններ»։
4. Ի՞նչպէս կրնաս անձնական թաղամաս մը առնել ու ծածկել։
4 Ի՛նչպէս իրագործել. Եթէ անձնական թաղամաս կ’ուզես խնդրել, թաղամասի ծառային հետ խօսէ։ Կրնաս ուրիշ հրատարակիչ մը հրաւիրել որ քեզի հետ ծառայէ, եւ տունը չեղողներուն մասին արձանագրութիւն մը պահէ։ Ջանա՛ չորս ամսուան մէջ թաղամասդ ամբողջացնել։ Եթէ ասիկա ընելը դժուար ըլլայ, կրնաս Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչէն կամ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրել։ Չորս ամսուան վերջաւորութեան, կրնաս ամբողջացած թաղամասը յանձնել կամ խնդրել որ զայն դարձեալ աշխատիս։ Սակայն նոյն թաղամասը միշտ մի՛ առներ, որպէսզի ուրիշներ ալ կարենան զայն խնդրել։ Եթէ սահմանափակ թաղամաս ունեցող ժողովքի մը մէջ ես եւ անձնական թաղամաս ունենալը անկարելի է, թերեւս կրնաս գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչէն խնդրել թաղամասի մը մէկ մասը։
5. Քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը կատարելու համար ի՞նչ պահանջուած է։
5 «Բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը դժուար նշանակում մըն է։ (Մատթ. 24։14) Անիկա ջանքերու լաւ համադասութիւն կը պահանջէ։ Խմբովին վկայելու կողքին՝ անձնական թաղամասի մէջ քարոզելը կրնայ մեզի օգնել որ բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնենք։