Երբ մարդիկ տունը չեն
1. Դռնէ դուռ ծառայութեան մէջ սովորական ո՞ր մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք։
1 Շատ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ տունը գտնելը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Այս «չար ժամանակներ»ուն, շատեր ստիպուած են երկար ժամեր աշխատիլ, ծայրը ծայրին բերելու համար։ (Բ. Տիմ. 3։1) Ոմանք տունը չեն գտնուիր, քանի որ գնումի գացած են կամ ժամանցով մը զբաղած են։ Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսիներուն բարի լուրը հաղորդել։
2. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ տունը չեղողներուն հոգ պիտի տարուի։
2 Լաւ արձանագրութիւններ պահէ. Առաջին քայլն է՝ տունը չեղողներուն մասին նոթագրութիւն ընել։ Ասիկա յատկապէս կարեւոր է, եթէ թաղամասդ կրկին անգամ կը ծածկես։ Փողոցին անունը, թաղամասին թիւը, անունդ եւ թուականը կը նոթագրե՞ս։ Կրնաս տեղ ձգել որ յաւելեալ տեղեկութիւններ գրուին, երբ դուն կամ ուրիշ հրատարակիչներ տունը չեղողներուն համար վերադառնաք։ Ծառայութեան վերջաւորութեան, մի՛ մոռնար արձանագրութիւնը կամ նոթերը տալու թաղամասը ունեցող անհատին, բացի եթէ ան համաձայնի որ տունը չեղողներուն դուն վերադառնաս։ Անջատ թուղթի մը վրայ արձանագրէ որեւէ հետաքրքրութիւն որ կը գտնես եւ կ’ուզես վերայցելել։
3. Տունը չեղողներուն հետ շփման մէջ գալու համար ի՞նչ կը թելադրուի։
3 Տարբեր ժամանակ այցելէ. Ցերեկը տունը չեղողներէն ոմանք, թերեւս երեկոները կամ շաբաթավերջերը տունը ըլլան։ Կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել, որպէսզի աւելի նպաստաւոր ժամանակի մը մէջ վերադառնաս։ (Ա. Կորն. 10։24) Եթէ ո՛չ, տունը չեղողներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնը հրատարակիչի մը տուր, որ կրնայ տարբեր ժամանակի մը մէջ երթալ։ Այլապէս, կրնաս տունը չեղողներուն նամակ գրել կամ հեռաձայնել։ Այս մարզին մէջ կրնան ուրախութեամբ քեզի օգնել այն հրատարակիչները, որոնք վատառողջութեան պատճառաւ դռնէ դուռ երթալու կարող չեն։
4. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ տունը չեղողներուն վերադառնալու կարեւորութիւնը։
4 Հետեւեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ տունը չեղողները գտնելու համար ջանքեր թափելուն կարեւորութիւնը։ Հրատարակիչներ երեք տարի կրկին անգամ անհատի մը դուռը զարնելէ ետք, վերջապէս իրեն հանդիպեցան։ Մէջտեղ ելաւ որ կինը այդ ամբողջ ժամանակամիջոցին կը սպասէր Վկաներու այցելութեան, որպէսզի այդ շրջանը տեղափոխուելէ առաջ իր ունեցած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վերսկսէր։
5. Թաղամաս մը ե՞րբ ամբողջացած կը նկատուի։
5 Թաղամասը ամբողջացուր. Թաղամաս մը ե՞րբ ամբողջացած կը նկատուի։ Ընդհանրապէս, երբ լրջօրէն ջանք թափուած է՝ իւրաքանչիւր տան մէջ անհատի մը հետ շփման մէջ գալու։ Թերեւս յարմար ըլլայ տունը չեղողներուն դրան առջեւ խոհեմօրէն թերթիկ մը կամ հին պարբերաթերթ մը ձգել, մանաւանդ հազուադէպ ծառայուած թաղամասերու մէջ։ Թաղամասը չորս ամսուան մէջ պէտք է ամբողջանայ։ Ապա թաղամասի ծառան պէտք է տեղեկացնել, որպէսզի կարենայ իր արձանագրութիւնները այժմէականացնել։
6. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք բարի լուրը ներկայացնել մեր թաղամասին մէջ եղող ամէն ոքի։
6 Կ’ուզենք որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ Եհովայի անունը կանչել սորվելու պատեհութիւնը ունենան եւ փրկուին։ (Հռովմ. 10։13, 14) Ասիկա կը պարփակէ զանոնք որոնք տունը չեն ըլլար, երբ տունէ տուն կը քարոզենք։ Պօղոս առաքեալի նման, թող փափաքդ ըլլայ «Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալ [«լիակատար վկայութիւն տալ», ՆԱ]»։—Գործք 20։24