Ձեր Ժողովքը Մեծ Թաղամաս մը Ունի՞
1 Հրէաստանի քաղաքներէն մինչեւ Գալիլիոյ գիւղերը, Յիսուս ամբողջական վկայութիւն մը տուաւ վաղեմի Իսրայէլի ընդարձակ տարածքին։ (Մար. 1։38, 39. Ղուկ. 23։5) Մենք ալ պէտք է կարելի եղածին չափ շատ անհատներու բարի լուրը հասցնենք։ (Մար. 13։10) Սակայն, ասիկա կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Ինչո՞ւ։
2 Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ ժողովքներ թաղամասեր ունին, որոնք մեծաւ մասամբ գիւղային են եւ հարիւրաւոր քառակուսի մղոններ տարածութիւն ունին։ Օտարախօս ժողովքներ կրնան ծառայել հոծ բնակչութիւն ունեցող մեծ քաղաքներու մէջ, փնտռելով իրենց լեզուն խօսող անհատներ։ Ի՞նչ կրնանք ընել այսպիսի ընդարձակ թաղամասերու մէջ ապրող մարդոց օգնելու համար, որ Եհովայի, Յիսուսի եւ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը սորվին։
3 Ուշադրութեամբ Ծրագրեցէք. Ծառայութեան տեսուչը եւ թաղամասի ծառան պէտք է ժողովքին ջանքերը համակարգեն, մեծագոյն օգուտը իրագործելու համար։ Թերեւս որոշ Շաբաթ օրեր կրնան որոշուիլ, երբ մեծամասնութիւնը այս գործին լման օր մը տրամադրելու կարող է։ Երբ հեռաւոր թաղամասեր կ’աշխատիք, եթէ կարելի է ծրագրեցէք դաշտի ծառայութեան մէջ երկար օր մը անցընել, ձեր հետ տանելով ձեր ճաշը։ Թերեւս կրնաք ծառայութեան համար հաւաքուիլ սովորական ժամէն առաջ, թաղամաս փոխադրուելու ժամանակը հաշուի առնելով, կամ կրնաք դաշտի ծառայութեան ժողովը ունենալ ձեր աշխատելիք շրջանին մօտ։ Ինքնաշարժի խմբակները պզտիկ պէտք է ըլլան, որպէսզի բոլորն ալ բաւարար ընելիք ունենան։ Կարգադրեցէք որ գիւղական շրջանները աշխատցուին երբ օդը եւ ճամբաներուն վիճակը նպաստաւոր են։
4 Օտարախօս թաղամասեր աշխատողները կրնան խուսափիլ թանկարժէք ժամանակ վատնելէ, անուններու ու հասցէներու այժմէական ցանկ մը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ քարտէս մը ունենալով։ Թաղամասերը կազմակերպեցէք այնպէս մը, որ ծառայութեան խմբակ մը կարենայ այցելել շրջանի մը մէջ գտնուող բոլոր հասցէները։
5 Մի՛ մոռնաք ձեր հետ գրականութիւններու բաւարար քանակ մը տանելու։ Եթէ թաղամասը հազուադէպօրէն կ’աշխատցուի, թերեւս յարմար ըլլայ տունը չեղողներուն թերթիկ մը կամ հին պարբերաթերթ մը ձգել։ Եթէ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը ձեր լեզուով մատչելի է, զայն ներկայացուցէք ամէն անհատի որ կը հանդիպիք, իսկ օրինակ մը ձգեցէք տունը չեղողներուն։
6 Լիովին Համագործակցեցէք. Մեծ թաղամաս մը աշխատիլը ժողովքին բոլոր անդամներուն համագործակցութիւնը կը պահանջէ։ Երբ երկար ճամբորդութիւն պարփակուած է, ինքնաշարժին մէջինները կրնան վառելանիւթի ծախսերը հոգալ։ Լաւ դատողութիւն գործածեցէք, երբ խօսելու պատրաստակամութիւն ունեցող տանտէրներ գտնէք։ Թաղամասին մէջ գտնուող բոլոր անհատներու հասնելու կարիքը գիտակցեցէք, եւ ինքնաշարժի խմբակին մէջ ձեզի սպասողներուն նկատմամբ նկատառու գտնուեցէք։ Եթէ կը փափաքիք հետաքրքրուած անհատի մը հետ ձեր խօսակցութիւնը երկարել, կրնա՞ք կարգադրութիւններ ընել, այնպէս մը որ խմբակին միւս անդամները կարենան շարունակել իրենց ծառայութիւնը։
7 Ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդելու համար հաստատ կարգադրութիւններ ըրէք։ Հասցէին կողքին, փորձեցէք հետաքրքրուած անհատին հեռաձայնի թիւը առնել, որպէսզի կարենաք հեռաձայնով յաւելեալ վկայութիւն մը տալ անոր։ Եթէ գիւղական ճամբաները անուն՝ իսկ տուները թիւ չունին, բծախնդրութեամբ քարտէս մը գծեցէք կամ նկարագրութիւն մը գրեցէք, որպէսզի վերայցելութեան ատեն հետաքրքրուած անհատը կարենաք գտնել։
8 Ի՜նչ առանձնաշնորհում ունինք կատարելու Յիսուսի հրահանգները. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։ (Մատթ. 10։11) Վստահաբար Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ջանքերը, մինչ ձեր անձերը սիրայօժարօրէն կը տրամադրէք այս ամենէն վարձահատոյց գործին։