Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! May 22
«Աշխարհի առաջնորդները բազմաթիւ գաղափարներ փորձած են մեր խնդիրները լուծելու համար։ Նոր մեթոտներէն մէկը ճանչցուած է որպէս՝ համաշխարհայնացում։ Այս պարբերաթերթին մէջ, կրնաք կարդալ թէ ի՛նչպէս այս նոր ջանքը թերեւս արդէն իսկ սկսած է ազդել ձեր կեանքին։ Կրնաք նաեւ կարդալ Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուած համաշխարհային լուծումի մը մասին»։ Ապա կարդացէք Մատթէոս 6։9, 10–ն։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Վերջերս պատահած իրադարձութիւններ պատճառ կ’ըլլան որ շատեր հարց տան թէ ինչո՛ւ անմեղ անհատներ վաղահաս մահ կ’ունենան։ Երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը մեռնին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, ապա էջ 7–ի վրայ գտնուող ցուցակը ցոյց տուէք։] Կը փափաքի՞ք տեսնել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս առասպելներէն մէկուն մասին»։ Եթէ կարելի է, նշուած համար մը կարդացէք։
Awake! June 8
«Շատեր կը խորհին թէ կրօնքն ու գիտութիւնը իրարու հակառակ են։ Ոմանք նոյնիսկ կը խորհին թէ անկարելի է որ գիտական մտայնութիւն ունեցող անհատ մը Աստուծոյ հաւատայ։ Ասոր մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ը այս նիւթը կը քննարկէ շատ օգտակար կերպով մը»։