Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 փետրուար
«Շատեր կը հաւատան, թէ Եդեմի պարտէզը առասպել մըն է։ Արդեօք պիտի զարմանա՞ս եթէ գիտնաս, որ Յիսուս ի՛նք Ադամին ու Եւային մասին խօսեցաւ որպէս իսկական անհատներ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Մատթէոս 19։4-6։] Այս պարբերաթերթը Եդեմի պարտէզին մասին կարգ մը սովորական հարցումներու պատասխանը կու տայ»։
Դիտարան 1 մարտ
«Ներկայիս ամուսնալուծումը շատ սովորական երեւոյթ մըն է։ Կարծիքովդ՝ ասոր հիմնական պատճառը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ սա խրատը, զոր բազմաթիւ զոյգեր օգտակար գտած են։ [Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։24։] Այս պարբերաթերթը այրերու եւ կիներու ներկայացուցած վեց սովորական բողոքներ նկատի կ’առնէ եւ ցոյց կու տայ, թէ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկելը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել»։